Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Սերպիոյ Խորհրդարանը Մերժեց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Ընդդիմութեան Առաջարկը

March 9, 2018
in Newsletter, Զանազանք
0
Սերպիոյ Խորհրդարանը Մերժեց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Ընդդիմութեան Առաջարկը

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, թէ Հինգշաբթի, 8 Մարտին, Սերպիոյ խորհրդարանը մերժեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին ընդդիմութեան ներկայացուցած բանաձեւը քննարելու առաջարկը:

Վերջին տասնամեակին նման առաջարկներ քանի մը անգամ ներկայացուած են սերպ խորհրդարանին, սակայն ցարդ մերժուած են. այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» կայանի պալքանեան ծառայութիւնը:

Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ մէկուկէս միլիոն հայերու Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը այս անգամ ներկայացուած էր Սերպիոյ նախկին վարչապետ Զորան Զիւքովիչի կողմէ, որ ներկայիս կը գլխաւորէ «Նոր Կուսակցութիւն» քաղաքական ուժը:

Մօտաւորապէս 7 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Սերպիան, որ անցեալ դարասկիզբին նոյնպէս կը գտնուէր Օսմանեան կայսրութեան սահմաններէն ներս, սակաւաթիւ հայ համայնք ունեցող երկիրներէն է. տարբեր գնահատականներով՝ հոն կը բնակի մօտաւորապէս 300 հայ: Հակառակ այս հանգամանքին, Սերպիոյ նախագահը մէկն էր աշխարհի այն առաջնորդներէն, որոնք 24  Ապրիլ 2015-ին, Երեւանի մէջ մասնակցեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն:

«Չէինք կրնար յանդգնիլ այստեղ չըլլալ. մեզի համար չգալու տարբերակը չկար», Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յայտարարած էր այդ օրերու Սերպիոյ նախագահ Տոմիսլաւ Նիքոլիչ: «Ինչպէ՞ս կրնանք մենք այսօր այստեղ չըլլալ եւ ինչպէ՞ս կրնանք դաւաճանել միլիոնաւոր զոհերու յիշատակը. ինչպէ՞ս չճանչնանք ճշմարտութիւնը, ինչպէ՞ս չսորվինք ճշմարտութեան այն դասերը, զորս մարդկութիւնը դասաւանդած եւ աւանդած է շատոնց», ըսած էր ան:

Սակայն, Սերպիոյ խորհրդարանը կը շարունակէ խուսափիլ 1915ի իրադարձութիւնները պաշտօնապէս իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչնալու քայլէն:

Previous Post

Turkish gov’t to employ 10,000 new police officers

Next Post

المسلحون يواصلون منع المدنيين من مغادرة الغوطة ويقصفون قافلة تضم 300 عائلة

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.