ՖՐԱՆՍԱ
Սեւրի Սամուէլ Մուրատեան վարժարանը փրկելու նպատակով արդէն քանի մը տարիէ ի վեր լուծումներ կը փնտռուէին, յատկապէս Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ Սեւր-2015 ծրագրի ձախողութենէն ետք, որ Մխիթարեան միաբանութեան Փարիզի մասնաճիւղի փրկութեան համար մշակուած ցարդ լրջագոյն ծրագիրը կը հանդիսանար։ Անով կը նախատեսուէր Միաբանութեան Սեւրի կալուածին մէկ մասին վրայ պանդոկային եւ համաժողովի սրահներու համալիրի կառուցում՝ հասութաբեր վարձակալութեամբ եւ մնացեալ մասին յատկացումը Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան կեդրոնի մը եւ կրթական ու մշակութային ծրագրերու իրագործման, աշխարհիկ մասնագէտներու տնօրինութեամբ։ Սեւր-2015 նախագծի իրագործման համար իրենց երաշխաւորութիւնը յայտնած էին Հօ-տը-Սէնի նահանգային իշխանութիւնները, յանձին՝ Փաթրիք Տէվէճեանի եւ շրջակայ քաղաքապետութիւնները, ինչպէս նաեւ Վատիկանը։ Նախագիծը ձախողութեան մատնուեցաւ Միաբանութեան կարգ մը անդամներու ներքին ընդդիմութեան պատճառով։
Ի տես Միաբանութեան անել կացութեան, Փրանկիսկոս պապ պաշտօնի կոչեց Հայր Լեւոն արք. Զէքիեանը, որպէսզի ան լուծում մը գտնէ Սամուէլ Մուրատեան վարժարանի եւ ընդհանրապէս Մխիթարեան միաբանութեան արդէն տասնեակ տարիներէ ի վեր տեւող տագնապալի վիճակին։
Տագնապը միայն նիւթական չէ, այլ նաեւ հոգեւոր։ Անոր ամենէն ցայտուն արտայայտութիւնը Միաբանութեան կրթական ծառայութիւններու դադրեցումն է՝ Վենետիկի Մուրատ Ռափայէլեան եւ Փարիզի Սամուէլ Մուրատեան ամէնօրեայ վարժարաններու փակումով, ինչպէս նաեւ կրօնական կոչումներու նուազումը։
Ըստ երեւոյթին՝ Հայր Լեւոն արք. Զէքիեան Սեւրի Սամուէլ Մուրատեանի փրկութեան համար երկար բանակցութիւններ վարելէ ետք, գրեթէ յանգած էր Սեւր-2015 նախագծի օրինակէն ներշնչուած տարբերակի մը, սակայն այլ դերակատարներու միջոցով։
Նախագիծը բազմաթիւ թիւրիմացութիւններու դուռ կը բանայ, որովհետեւ համայն Հայութիւնը հետաքրքրող ծրագիր մը գործադրութեան կը դրուի, առանց զայն նուազագոյնս տեղեակ պահելու անոր բովանդակութենէն եւ անոր դերակատարներու ինքնութեան բացայայտումէն, ի տարբերութիւն Սեւր-2015-ին, որ կը գործէր առաւելագոյն թափանցիկութեամբ։
Այսօր ինչ որ մամուլը կ՚որակէ «կալուածային գայթակղութիւն», դա՛րձեալ արտայայտութիւնն է Միաբանութեան ներքին տագնապի մը, որ մշակուած նախագիծի լուծումին շուրջ կողմերու անհամաձայնութեան հետեւանք է։
Ներկայիս վիճակը աւելի ծանրակշիռ է ու բարդ, քան անցեալին՝ Սեւր- 2015 նախագիծի ժամանակ, որովհետեւ Զէքիեան սրբազան կ՚աշխատի ծայր աստիճան գաղտնապահութեան շրջագիծի մէջ, որ բնաւ չի նպաստեր ծրագրի յաջողութեան։ Ան ըլլալով Մխիթարեան միաբանութեան փրկութեան կոչուած պապական նուիրակ, ըլլալով նաեւ Պոլսոյ կաթողիկէ համայնքի կրօնապետը, յստակ ալ չէ թէ ինչպիսի՞ յարաբերութիւններ ունի թրքական իշխանութիւններուն հետ եւ վերջիններուս ինչպիսի՞ ճնշումներուն ենթակայ է բոլոր այն նախագիծերուն մէջ, որոնք կը վերաբերին Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան կեդրոնի բացումին։ ■
Նոր Յառաջ