ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Ներկայ ժամանակներուն, յատկապէս երիտասարդական շրջանակներուն մէջ ընդունուած երեւոյթ է, որ նախքան ամուսնութեան ծրագիր մշակելը, անպայման սեփական կամ առանձին տուն պէտք է ունենալ: Նահապետական ընտանիքի նախկին հաւաքական կեանքը, նոյն բակին մէջ բնակելու վարժութիւնը բնական չի՛ թուիր այլեւս նոր սերունդի զաւակներուն համար: Մասնաւորաբար սեռերու հաւասարութեան ներկայ յառաջադէմ դարու պայմանները բնա՛ւ չեն թոյլատրեր իգական սեռի կամքին դէմ բռնացում:
Արդէն ընդունուած է, որ ամուսնութեան նախապատրաստուող զոյգեր միասնաբար կ՛ընտրեն իրենց ապագայ բնակարանը, երբեմն երկար ժամեր հակելով իրենց գլուխը շինարարական ընկերութիւններու նախագծած քարտէսներուն վրայ կամ յաճախ շրջագայելով բնակելի նոր շէնքերով հարստացող թաղամասերու մէջ, գտնելու համար իրենց նախասիրած ճիշդ տունը:
Տակաւին կիսաւարտ շինարարութիւններով հետաքրքրուած զոյգերը շատ աւելի առաւելութիւններ կ՛ունենան, որովհետեւ տան ներքին բաժանումներուն եւ սենեակներու չափերուն համար իրենց տեսակէտը կրնան յայտնել շինարարին, իրենց փափաքին համաձայն կատարելով ներքին պատերուն տեղադրումը:
Վերոյիշեալ օրինակները տուած ժամանակ, ընդհանրապէս երիտասարդ զոյգերու կամ նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն վրայ դրինք շեշտը: Սակայն տեսնուած է նաեւ, որ տարեց զոյգերու պարագային ալ տարիներո՜ւ երազանք մնացած կ՛ըլլայ սեփական տուն ունենալը, որուն համար տասնամեակներ շարունակ աշխատած կ՛ըլլան, եւ ի վերջոյ զայն գնելու ձեռնարկած: Ուրեմն, սեփական տուն ունենալու փափաքը միայն երիտասարդական խանդավառ տարիներու հեռանկար մը չէ, այլեւ մինչեւ մահ երկարաձգուած ժամանակամիջոցի ընթացքին որեւէ ատեն յայտնուող դրական փափաք մը, որուն ընթացք կու տան իրենց յոյսը չկորսնցուցած մարդիկ:
Արեւելքի ծանօթ իսլամ կրօնաւորը անոնցմէ մէկն էր, որ յառաջացած տարիքին ի վերջոյ յաջողած էր սեփական տուն մը կառուցելու գումար հաւաքել եւ նախաձեռնել շինարարութեան:
Կ՛ըսուի, թէ հազիւ տան հիմերը նետած էր ան, գիւղաքաղաքի ժողովուրդը մեծ հետաքրքրութեամբ սկսաւ մօտենալ շինարարութեան եւ սկսաւ հարցուփորձ կատարել ո՛չ միայն հիւսները, այլեւ կրօնաւորը, որ ուրախութեամբ կանգնած էր գործին գլուխը, ի վերջոյ, տարիներ ետք սեփական բնակարան մը ունենալու քաղցր երազով:
Հանրածանօթ մարդ ըլլալուն՝ բոլոր անցորդները իրենք զիրենք մտերիմ կը համարէին կրօնաւորին, այս կամ այն առթիւ անոր հետ զրուցած կամ անկէ խրատ ստացած ըլլալով: Այս կացութիւնը, եթէ մէկ կողմէ նպաստաւոր է ժողովուրդի ծառայութեան լծուած անձին համար, միւս կողմէ սակայն աննպաստ է վերջնոյս սեփական կեանքին միջամուխ ըլլալու տխուր երեւոյթ իբրեւ, երբ պատահական անձ մը համարձակութիւն կ՛ունենայ տեսակէտ յայտնելու կամ նոյնիսկ որոշումներ տալու ուրիշին սեփական կեանքին վերաբերեալ:
Ժողովուրդին ծառայութեան լծուած անձերու համար ըսուած «անոր կեանքը իր սեփականութիւնը չէ՛ այլեւս, այլ՝ ժողովուրդին» խօսքը, ա՛յլ շրջագիծի մէջ պէտք է նկատի ունենալ: Ատիկա կը նշանակէ, որ ժողովուրդին ծառայելու կոչուած կամ ուխտ կատարած մարդը իր առողջութեան հոգ պէտք է տանի: Ուրեմն, սեփական կեանքին համար ոչ-վտանգաւոր որոշումներու տալու մէջ ազատ է տուեալ ենթական: Այլապէս ի՞նչ տարբերութիւն պիտի ունենար ան բանտարկեալէ մը կամ, լաւ եւս, ստրուկէ մը, որ բնաւ իրաւասութիւն չունի սեփական կամքը արտայայտելու, այլ միայն կրնայ ընդունիլ իր տիրոջ պարտադրած կամքը:
Մինչ ամէն մարդ այնպէս կը խորհէր, թէ արեւելքի ծանօթ կրօնաւորը կորսնցուցած էր իր կամքը իր սեփական կեանքին նկատմամբ եւ պարտաւոր էր հետեւիլ ժողովուրդի ընդհանրական տեսակէտին, ան իր իմաստութեամբ կը փաստէ, որ ինք անկախ է իր անձական կեանքին վերաբերող հարցերու պարագային:
Այսպէս, իր տան կառուցման ընթացքին, երբ անձնապէս կը հսկէր շինարարական աշխատանքներուն, համայնքի զաւակներէն իւրաքանչիւրը նոյն վայրէն անցընելու պահուն առաջարկ մը կը ներկայացնէր անոր: Տրուած առաջարկներէն ոմանք կը վերաբերէին տան դրան այս կամ այն կողմ ըլլալուն, առաստաղին բարձրութեան, պատուհաններուն քանակին, եւ այլ մասերուն: Առաջարկներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունէր իր առանձնայատկութիւնները, որոնք իրարմէ կը տարբերէին: Օրինակ, դրան վայրին մասին կային առաջարկողներ՝ որ անիկա ըլլար տան արեւելեան պատին վրայ, ուրիշներ՝ ճիշդ հակառակ առաջարկը ներկայացուցած էին: Խեղճ մարդը քանի մը առաջարկները ընդունելով՝ փոփոխութիւններ բերեր էր, նախապէս իր ծրագրած ձեւերուն մէջ: Սակայն կարճ ժամանակ ետք կը տեսէ, որ վերջ չունին ժողովուրդին առաջարկները: Այսօր իր կատարած փոփոխութիւնը, վաղը ուրիշի մը կողմէ քննադատութեան կ՛արժանանար, եւ ինք ստիպուած կ՛ըլլար վերջին առաջարկը գործադրել տալու շինարարներուն: Անվերջանալի փոփոխութիւնները, սակայն, ի վերջոյ այլ ծրագիրի մը յանգեցուցին զինք:
Վերոյիշեալ փաթթոցաւոր իմաստուն կրօնաւորը իր լայնարձակ հողատարածքին վրայ, արդէն տան բարձրացած պատերուն դիմացի կողմը կ՛ընտրէ նոր հողամաս մը, որուն վրայ կը սկսի նոր տուն մը կառուցել տալ: Սակայն, անցորդները չեն դադրիր նոյն ճամբայէն անցնելէ: Անոնք կը շարունակեն իրենց նախկին «առաջարկները», որոնք արդէն կը սկսին դիտողութեան վերածուիլ: Սակայն, կրօնաւորը, արդէն յոգնած անոնց խօսքերէն՝ անմիջապէս մատնացոյց կ՛ընէր կիսաւարտ շինութիւնը՝ ըսելով, որ ատիկա է այն կառոյցը, որուն վրայ կրնան փոփոխութիւններ առաջարկել: «Ատիկա է ձեր տունը, որուն համար ի՛նչ փոփոխութիւն որ առաջարկէք, գործադրել կու տամ, իսկ ասիկա ի՛մ սեփական տունս պիտի ըլլայ, հետեւաբար՝ ի՛մ ճաշակովս պիտի կառուցեմ զայն», կ՛ըսէ կրօնաւորը բոլոր անցորդներուն, որոնք կը համարձակէին այս երկրորդին համար ալ իրենց տեսակէտը պարտադրել:
Ազատութեան եւ անձնական կեանքի սահմաններուն մասին խօսուած որեւէ խօսք գաղափար մնալու դատապարտուած է, մինչեւ որ անիկա գործնապէս չապրուի կամ «մորթի վրայ» չզգացուի: Ժողովուրդի ծառայութեան լծուած անձերը եւս ունին իրենց անձնական կեանքը, որ անձեռնմխելի է, որովհետեւ անիկա ենթակային կը պատկանի եւ ո՛չ թէ հանրութեան:
Դժբախտաբար, ներկայիս մեր մէջ կը պակսին արեւելքի կրօնաւորին սրամիտ քաջութիւնը ունեցող անձեր, որոնք կարենան «կարմիր գիծերը» գծել, եւ մանաւանդ շեշտել անոնց առկայութիւնը թէ՛ բոլորին, թէ ալ ժողովուրդի ծառայութեան լծուած անձերու պարագային:
Սեփական տունդ եթէ քու ճաշակիդ համաձայն կ՛ուզես կառուցել, անկէ շատ աւելի առաջ կու գայ հոգեւոր տունդ՝ կեանքդ, զոր քու դաւանած բարձր իտէալներով ապրելու գիտակից եւ ամբողջական ազատութիւնը ունիս: