Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ ընդգծեց երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին կատարելու կարեւորութիւնը:
Ան հաստատեց, որ երեսփոխանական բոլոր պլոքները եւ քաղաքական ուժերն ու կուսակցութիւնները կը փափաքին ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարել` աւելցնելով, որ չկայ քաղաքական ուժ մը, որ կը փափաքի երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգել եւ ներկայ խորհրդարանին նստաշրջանը երկարաձգել:
Ան յայտնեց, որ Հըզպալլա կը զօրակցի արտերկրի լիբանանցիներուն քուէարկութեան իրաւունքը յարգելու պահանջին` աւելցնելով, որ Հըզպալլա 1992-էն ի վեր կոչ կ՛ուղղէ եւ կը զօրակցի 18 տարիքը ամբողջացուցած երիտասարդներուն քուէարկութեան իրաւունք տալու:
Անդրադառնալով ելեկտրականութեան տագնապին` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ երկիրը ամբողջական մութի ենթարկել կը նշանակէ երկիրը դէպի փորձանք առաջնորդել:
«Ելեկտրականութեան տագնապը կարիքը ունի արմատական լուծման: Կոչ կ՛ուղղեմ կառավարութեան օրակարգի իբրեւ առաջին կէտ եւ իբրեւ առաջնահերթութիւն նկատի ունենալու այդ տագնապին լուծումը», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ Արեւելքէն եւ Արեւմուտքէն բազմաթիւ առաջարկներ ներկայացուած են` լուծելու համար ելեկտրականութեան հարցը, «սակայն եթէ այդ հարցին լուծման առումով ամերիկեան վեթօ գոյութիւն ունի, ապա պէտք է այդ մասին յայտարարուի, որպէսզի ըստ այնմ լուծումներ որդեգրուին: Այս իրականութեան կողքին, պէտք չէ անպատասխան ձգել Իրանի արտաքին գործոց նախարարին կատարած առաջարկը, որ կը վերաբերէր նոր ելեկտրակայաններու կառուցման` լուծելու համար ելեկտրականութեան տագնապը», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա մտահոգութիւն յայտնեց, որ պահանջուածը ըլլայ ելեկտրականութեան մարզի ամբողջական փլուզումը` արդարացնելու համար այդ մարզը սեփականաշնորհելու պատճառաբանութիւնը:
Դէպի Լիբանան իրանեան մազութ մատակարարելու մասին սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ այդ հոլովոյթը տակաւին Ա. փուլին մէջ կը գտնուի` աւելցնելով, որ Ա. փուլը պիտի աւարտի այս ամսուան աւարտին: «Մազութի հարցով մենք այլ ընկերութիւններու հետ մրցակցութեան մէջ չենք գտնուիր, այլ` անմիջական կարիքներ կը հոգանք», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ դէպի Լիբանան իրանեան մազութ մատակարարելու Բ. փուլը պիտի սկսի նոյեմբերին` ընտանիքներուն ջեռուցումը ապահովելու նպատակով:
Ան շեշտեց, որ իրենք կը քաջալերեն լիբանանեան պետութիւնը` Իրանէն մազութ գնելու առումով, եւ աւելցուց, որ եթէ նման որոշում տրուի, իրենք երաշխիքներ եւ գումակային դիւրութիւններ կը տրամադրեն ու յետս կը կոչեն մազութ ապահովելու աշխատանքին իրենց ներգրաւուածութիւնը:
Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին մասին սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ Հըզպալլա կը փափաքի, որ այդ հետաքննութիւնը շարունակուի` նոյնիսկ եթէ նահատակներուն ընտանիքները հրաժարին այդ պահանջէն, «որովհետեւ մենք նաեւ այն ընտանիքներէն ենք, որոնք նահատակներ, վիրաւորներ եւ տուժածներ ունեցան», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ իրենք կը պահանջեն ճշմարտութիւնը եւ հաշուետուութիւնը` աւելցնելով, որ հետաքննութեան պատասխանատու ներկայ դատաւորը իր նախկինին սխալներէն չսորվեցաւ, այլ` ուղղուեցաւ քաղաքականացնելու եւ կողմնակալ մօտեցում ցուցաբերելու այս թղթածրարին նկատմամբ:
«Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութեան դատաւորը քաղաքականութեամբ կը զբաղի եւ կը միտի քաղաքական թիրախաւորում կատարել` առանց ցանկալու այդ պայթումին ճշմարտութիւնը բացայայտել», շեշտեց սէյիտ Նասրալլա:
Ան զգուշացուց, որ երկիրը դէպի հսկայական աղէտ պիտի ուղղուի, եթէ դատաւորը իր այս ընթացքով շարունակէ:
«Դատաւորներուն պատասխանատուութիւնը նախագահներու, նախարարներու եւ երեսփոխաններու պատասխանատուութենէն շատ աւելի մեծ է, որովհետեւ իրենք են, որ արտօնութիւն տուած կ՛ըլլան: Դատական իշխանութիւնը կը փափաքի ինքզինք պաշտպանել, այդ պատճառով ալ յարգելի վարչապետ Հասսան Տիապը բանտարկել կը ջանայ: Ա՞յս է օրէնքի եւ դատական իշխանութիւններու պետութիւնը », հարց տուաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա պահանջեց, որ նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը շարունակուի թափանցիկութեամբ եւ անաչառութեամբ: