Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Սէուտական-Ֆրանսական Միացեալ Յայտարարութիւն` Լիբանանը Տագնապէն Դուրս Հանելու Միտումով

December 6, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Macron, MBS Call Miqati as French-Saudi Initiative Announced

Ռիատէն հրապարակուած Ֆրանսական-սէուտական միացեալ յայտարարութեամբ մը երկու երկիրներուն ղեկավարները անդրադարձան լիբանանեան կացութեան եւ շեշտեցին, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պարտի ընդհանուր բարեկարգումներ կատարել, յատկապէս յանձնառու մնալ Թաէֆի համաձայնագիրին, որով Լիբանանի մէջ կը պահպանուի ազգային միասնականութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը: Նշուեցաւ, որ այս բարեկարգումները պէտք է ներառեն ելեւմտական, ուժանիւթի, փտածութեան դէմ պայքարի, սահմաններու հսկողութեան ոլորտները: Ֆրանսա եւ Սէուտական Արաբիա համաձայնեցան, որ պիտի աշխատին Լիբանանի հետ` այս բարեկարգումներուն իրականացումը երաշխաւորելու համար: Կողմերը հաստատեցին, որ Լիբանանի մէջ զէնքը պէտք է սահմանափակուի պետական օրինական հաստատութիւններուն մէջ, իսկ Լիբանան պէտք չէ ըլլայ տարածք մը, ուր կարելի ըլլայ տանիլ ահաբեկչական գործունէութիւն, որ պիտի ցնցէ ու հարուածէ շրջանի ապահովութիւնն ու կայունութիւնը, նաեւ պիտի ըլլայ աղբիւր` թմրեցուցիչի առեւտուրի: Շեշտուեցաւ Լիբանանի ապահովութեան եւ կայունութեան պահպանման մէջ լիբանանեան բանակի դերակատարութեան զարկ տալու հրամայականը:

Միացեալ յայտարարութեամբ լուսարձակի տակ առնուեցաւ նաեւ ֆրանսական-սէուտական համապատասխան գործիքակազմի մը ստեղծումը, որուն ճամբով կարելի պիտի ըլլայ ամենայն թափանցիկութեամբ մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրել լիբանանցի ժողովուրդին եւ բարեկամ ու դաշնակից պետութիւններուն հետ գործակցելու համապատասխան դրոյթներ գտնել` հետամուտ ըլլալով թեթեւցնել լիբանանցիներուն մղձաւանջը:

Շեշտուեցաւ Լիբանանի կայունութեան, անոր միասնականութեան եւ ինքնիշխանութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը` ՄԱԿ-ի թիւ 1559, 1701 եւ 1680 որոշումներուն հիմամբ:

Այս միացեալ յայտարարութիւնը արգասիքն էր պաշտօնական այցելութեամբ Ժետտա գտնուող Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման պըն Ապտել Ազիզ իշխանի միջեւ կայացած հանդիպումին, որուն ընթացքին նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ երկու երկիրներուն միջեւ փոխադարձ յարաբերութիւններու ամրապնդման, համագործակցութեան նորանոր ուղիներու հաստատման, տարբեր բնագաւառներու մէջ միացեալ աշխատանքներու ծաւալման:

Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ֆրանսայի նախագահը նշեց, որ Լիբանանի հարցը զրոյցի առանցք հանդիսացած է, նաեւ հեռաձայնային կապ հաստատուած է Լիբանանի վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ, որ տեղեակ պահուած է քննարկումի արդիւնքին մասին, նաեւ շեշտուած է, որ Սէուտական Արաբիա եւ Ֆրանսա կ՛ուզեն զօրակցիլ լիբանանցի ժողովուրդին: Ըստ Մաքրոնի, Մոհամետ պըն Սալման պըն Ապտել Ազիզ իշխան յայտնած է, որ նկատի առնուած են սէուտական պահանջները` Լիբանանէն թմրեցուցիչի մաքսանենգումին եւ տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահիի հրաժարականին առնչուած:

Էմանուէլ Մաքրոն հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգին հետ զրոյցը ուղղակի էր, անկեղծ` յոյս յայտնելով, որ տարբեր նիւթերու մասին ծաւալած զրոյցին արդիւնքները կարելի ըլլայ յաջողութեամբ պսակել: Ըստ անոր, համաձայնութիւն գոյացած է Լիբանանի վերաբերող յանձնառութիւններ ճշդելու, որպէսզի կարելի ըլլայ զօրակցիլ բարեկարգումներուն, երկիրը դուրս բերել իր տագնապէն եւ պահպանել անոր ինքնիշխանութիւնը:

Աւելի ուշ այս մասին յայտարարութիւն կատարեց Լիբանանի վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, որ յայտնեց, թէ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման պըն Ապտել Ազիզ իշխանին հետ` շեշտելով, որ ֆրանսական-սէուտական այս նախաձեռնութիւնը շատ կարեւոր է Սէուտական Արաբիոյ հետ պատմական յարաբերութիւնները իրենց բնական ընթացքին վերադարձնելու առումով: Միքաթի յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Մաքրոնին եւ Պըն Սալմանին` Լիբանանի հետ բարեկամութեան պահպանման հետամուտ ըլլալնուն համար, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ լիբանանեան կառավարութիւնը պիտի յարգէ իր յանձն առած յանձնառութիւններն եւ գործէ բարեկարգումներու իրականացման ի խնդիր:

Previous Post

Միացեալ Նահանգներ. Իրան Մերժած Է Որեւէ Փոխզիջում Կատարել

Next Post

Նախագահ Աուն Հրաւիրեց Խոր Երկխօսութեան` Երկիրը Վերականգնելու Քայլերը Քննարկելու

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.