Սթամպուլի հայերու կողմէ հիմնուած «Նոր Զարթօնք» նախաձեռնութեան անդամները Էդիրնէ Քափըի հայկական գերեզմանատան մօտ յարգանքի տուրք մատուցած են 1915 թուականին Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ սպաննուած ընկերվարական գործիչ Մաթէոս Սարգսեանի (Փարամազ) եւ 19 այլ յեղափոխական գործիչներու յիշատակին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական marksist.org-ը:
Հաւաքուածները յիշած են, թէ ինչպէս Յունիս 14-15ին Սթամպուլի Պայազետ հրապարակին վրայ հայ գործիչները կախաղան բարձրացուեցան: «Պետութիւնը այդ օրուընէ մինչ այսօր ընդհանրապէս չէ փոխուած: Ինչպէս դատեցին Փարամազն եւ անոր ընկերները, այնպէս ալ 301-րդ յօդուածով դատեցին Հրանդ Տինքը եւ դատապարտեցին մահուան: Պետական դատարանը որոշում կայացուց, որ Սեւակ Պալըքչըն «դժբախտ պատահարի պատճառով» զոհուած է, իսկ Սամաթիոյ մէջ յարձակման ենթարկուած հայ կանանց եւ գազանաբար սպաննուած Մարիցա Քիւչուքի գործը դեռ չէ բացայայտուած, կը շարունակուի հայերը սպաննողներուն պարգեւատրելու գործընթացը»,- նշած է «Նոր զարթօնք»-ի անունէն յայտարարութիւն ըրած Սայաթ Թեքիրը` նշելով, որ մեր օրերուն կը շարունակուին յարձակումները հայկական մշակութային ժառանգութեան վրայ:
Յիշատակելով մահէն առաջ ընկերներուն ուղղուած Փարամազի հետեւեալ խօսքերը. «Ընկերներ, դէպի մահ պիտի երթանք անվախ, գլուխնիս բարձր պահած»,- Թեքիրը նշած է, որ հայ ընկերվարականներու յիշատակը պիտի շարունակեն վառ պահել իրենց պայքարով: