Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ՍԻԹԻ,  ԼԻՎԸՐՓՈՒԼ ՉԵԼՍԻ, ՊԱՅԵՐՆ,  ՌԷԱԼ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆ ՅԱՂԹԱՐՇԱՒԸ

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ  ՖՈՒԹՊՈԼ

December 12, 2021
in Mobile Home, Մարզական
0
English Premier League top 3 all win to intensify title race

Շաբաթավերջին Անգլիոյ   Փըրըմիէր Լիկ-ի   ընդհանուր դասաւորման գլխաւոր   երեք դիրքերը  գրաւող խումբերը տօնեցին  յաղթանակ:  Ուշագրաւ էր, որ    յաղթանակները երեքին ալ պարագային,  վիճելի  փենալթի հարուածներու  շնորհիւ արձանագրուեցան:

Մանչեսթըր Սիթի շնորհիւ Ռահիմ Սթերլինկի   նշանակած  100-րդ  կոլին, նուազագոյն՝  1-0 արդիւնքով  յաղթանակ մը արձանագրեց Վուլվզի  դէմ: Փեփ Կուարտիոլայի  կազմը  ներկայիս  մէկ կէտի աաւելութիւն մը  կը վայելէ    ընդհանուր դասաւորման  երկրորդ դիրքը գրաւող  Լիվըրփուլին  նկատմամբ:

«Կարմիրներ»ը Էնֆիլտ Ռոտ մարզադաշտին մէջ   ընդունեցին  Ասթոն Վիլան, որուն  գլխաւոր մարզիչը  Սթիվըն  Ճերարտը  բուռն  ծափահարութիւններով դիմաւորուեցաւ, նկատի ունենալով, որ  Ճերարտ՝  1998-էն  2015 կրած  էր Լիվըրփուլի  շապիկը: Լիվըրփուլ, շնորհիւ Մուհամմէտ Սալահի 67-րդ  վայրկեանին նշանակած կոլին (փենալթի)   կարեւոր  յաղթանակ մը տարաւ  Վիլայի  դէմ: Մրցումին վերջին վայրկեաններուն  իրաւարարը կրնար  փենալթի մը  շնորհել  Վիլային, սակայն  զլացաւ:

Սթեմֆորտ Պրիճ մարզադաշտին մէջ,  Լիծ  Եունայթըտ բաւական անբախտ  դուրս եկաւ, երբ  3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Չելսիէն: Ճորճինիօ (երկու փենալթի) եւ  Մաունթ  նշանակեցին  «Կապոյտներ»ուն  կոլերը: Լիվըրփուլ կը գրաւէ   ընդհանուր դասաւորման  երկրորդ  դիրքը, Չելսի՝ երրորդ:

Արսենալ՝  3-0 արդիւնքով   պարտութեան մատնեց Սաութեմթընը, մինչ  Մանչեսթըր   Եունայըտ,   Ռոնալտոյի նշանակած  փենալթիով՝  1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նորուիչ Սիթիին,  վերջնոյն՝ Քերօ Ռոտ  մարզադաշտին մէջ:

Գերմանիոյ  մէջ  Պայերն  Միւնիխ  շնորհիւ  Քինկսլի Քոմանի եւ  Ճամալ  Մուսիալայի կոլերուն՝  2-1 արդիւնքով   պարտութեան մատնեց Մայնցը: Պաւարիական խումբը ներկայիս  եօթ կէտերու առաւելութիւն  մը կը վայելէ երկրորդ դիրքի վրայ  գտնուող Պորուսիա Տորթմունտին  նկատմամբ:  Վերջինս՝ 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը գոհացաւ Պոխումի դէմ:

Լայփցիկ, իր նոր  մարզիչին  Տոմենիքօ  Թետեսքոյի «հրամանատարութեան» տակ՝  4- 1 արդիւնքով   յաղթանակ մը արձանագրեց Պորուսիա Մէոնշենկլատպախի  դէմ:

Իտալիոյ մէջ  Եուվենթուս կը շարունակէ   ձախորդ  ելոյթներու շարքը:   «Ծեր պառաւ»ը շաբաթ օր՝  1-1  արդիւնքով  հաւասարութիւն մը արձանագրեց Վենեզիայի համեստ կազմին դէմ: Վերջինս  իր նախորդ  չորս  մրցումներուն պարտութեամբ հեռանացած էր դաշտէն: Ալվարօ Մորաթա  նշանակեց  Մասիմիլիանօ  Ալեկրիի խումբին  որբ  կոլը:

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան  ընդհանուր դասաւորումը գլխաւորող Ա.Սէ Միլանի կազմը՝  1-1 արդիւնքով  հաւասարութիւն մը   ձեռք բերաւ Ուտինեզիէն:  Պեթթօ յառաջ մղեց տանտէրերը, սակայն  շուէտացի  յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ  «աքրոպաթիք  ֆինիշինկ»ով  հաւասարութեան  կէտ մը խլեց Ուտինեզիէն:  Կոլը՝  Իպրահիմովիչի  300-րդն էր  եւրոպական    ֆութպոլի ախոյեանութեան  հինգ գլխաւոր  երկիրներուն մէջ  կրած խումբերուն  շապիկով:

Սպանիոյ մէջ,  Սեւիլիա՝   1-0 արդիւնքով   պարտութեան մատնեց   Աթլեթիք Պիլպաօն՝  Թոմաս Տելանի  նշանակեց  Սեւիլիայի կոլը:  Պարսելոնա՝ 2-2 արդիւնքով  ոչ  համոզիչ  հաւասարութիւն մը արձանագրեց  Օսասունայի  դէմ: Ռէալ Մատրիտ  կը շարունակէ գլխաւորել Սպանիոյ ախոյեանութեան  ընդհանուր դասաւորումը:

Previous Post

ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ ՊԻՏԻ  ԿԱՏԱՐՈՒԻ  CHAMPIONS LEAGUE -Ի  1/8-ՐԴ  ՓՈՒԼԻ  ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՎԻՃԱԿԱՁԳՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post

ՄԱՔՍ  ՎԵՐՍԹԱՓԷՆ  ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆԵՑ ԼՈՒԻՍ  ՀԱՄԻԼԹԸՆԸ ԵՒ  ՇԱՀԵՑԱՒ ՖՈՐՄԻՒԼԱ 1 ԻՆՔՆԱՇԱՐԺՆԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԻՏՂՈՍԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.