ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Թայլընտի Պաթթայա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ծանրաբարձութեան աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանը ներկայացնող 109 քիլոկրամ դասակարգի աշխարհի գործող ախոյեան Սիմոն Մարտիրոսեան աշխարհի նոր մրցանիշը սահմանեց:
Հայ մարզիկը առաջին մօտեցումով պատուիրած էր 190 քիլոկրամ, ինչ որ բարձրագոյն պատուէրն էր: Չինացի Եանկ Ժեն պատուիրած էր 187 քկ.:
Պոկում վարժութեան մէջ Սիմոն Մարտիրոսեան առաջին մօտեցումով գլխավերեւը պահեց 190 քկ. կշռող ծանրաձողը, իսկ երկրորդ մօտեցումով Մարտիրոսեան բարձրացուց 195 քկ., երրորդ մօտեցումով ան բարձրացուց 199 քկ. ծանրաձողը եւ սահմանեց աշխարհի նոր մրցանիշը: