Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի մինչեւ 23 տարեկաններու ծանրամարտի ախոյեանութեան, Հայաստանի ծանրամարտի խումբի անդամ Սիմոն Մարտիրոսեան դարձած էր ախոյեան: Կազմակերպիչները տղամարդոց մրցումներուն հայ մարզիկը ճանչցան՝ իբրեւ «Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեանութեան լաւագոյն մարզիկ», կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը:
Լեհաստանի Զամոսք քաղաքին մէջ ընթացած Եւրոպայի ծանրամարտի մինչեւ 20 եւ 23 տարեկաններու ախոյեանութեան, հայ մարզիկները նուաճեցին 34 մետալ (13 ոսկի, 10 արծաթ եւ 11 պրոնզ):
Նշենք, որ Լեհաստանի ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականը գրաւեց երկրորդ տեղը: