Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Սինճարի Եզիտիները Կը Պատրաստուին Դէմ Դնելու Թրքական Հաւանական Ներխուժումին

March 28, 2018
in Newsletter, Զանազանք
0
Erdogan Unveils New Target City in Olive Branch Op

ՍԻՆՃԱՐ, Իրաք, «Միտըլ Իսթ Այ».- Հիւսիսային Իրաքի Սինճար քաղաքի ինքնապաշտպանութեան ուժերու հրամանատար Ապտուլապպաս Համզա Քասիմ Երեքշաբթի, Մարտ 27ին վստահեցուց, թէ շրջանին մեծամասնութեամբ եզիտի ուժերը դէմ պիտի դնեն Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դէմ պայքարելու պատրուակով Սինճարի վրայ թրքական որեւէ յարձակումի, միաժամանակ շեշտելով, որ շրջանը «Իսլամական պետութեան» լուծէն ազատագրած քրտական ուժերը ներկայիս Սինճարի մէջ չե՛ն։

Ան աւելցուց, թէ շրջանի ժողովուրդը շատ լաւ գիտէ ու կը յիշէ, թէ Թուրքիա՛ն էր, որ նեցուկ կանգնեցաւ «Իսլամական պետութեան», եւ քիւրտե՛րն էին, որոնք զօրակցեցան եզիտիներուն, եւ առ այդ՝ իրենք դրական կերպով տրամադրուած են Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան նկատմամբ։

Նշենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Երկուշաբթի օր յայտարարեց, թէ Թուրքիա «ահաբեկչութեան դէմ» գործողութեան մը սկսած է Իրաքի Սինճար շրջանին մէջ, ուր ներխուժել սպառնացած էր նախապէս: «Մենք ըսինք, որ պիտի երթանք Սինճար: Այժմ այդտեղ գործողութիւնները սկսած են», ըսաւ Էրտողան Տրապիզոնի մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ, առանց գործողութեան մասին մանրամասնութիւններ հաղորդելու սակայն:

Միւս կողմէ, Իրաքի բանակի միացեալ հրամանատարութիւնը հերքած է, որ օտար ուժեր կտրած են Իրաքի սահմանը, եւ յայտարարած է, թէ շրջանը Իրաքի ապահովական ուժերու հսկողութեան տակ է եւ պատճառ չկայ, որ օտար զօրքեր մուտք գործեն հոն:

Յիշենք, որ Էրտողան անցեալ շաբաթ յայտարարած էր, թէ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը նոր ռազմակայան կը հիմնէ Սինճարի մէջ, եւ եթէ անհրաժեշտ ըլլայ, ապա թրքական զօրքերը զինուորական գործողութիւն պիտի շղթայազերծեն հոն:

Previous Post

Ցեղասպանութեան Զոհերու Ոգեկոչման Բանաձեւը Ներկայացուեցաւ Քալիֆորնիոյ Օրէնսդիր Մարմինին

Next Post

Reporter Podcast -Visiting the Last of the Mayans

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.