Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, երեքշաբթի, 25 հոկտեմբեր 2022-ին Դաստիարակչական յանձնախումբը կազմակերպեց դասախօսութիւն մը` նիւթ ունենալով «Սիսի կաթողիկոսութեան պատմականը, եւ թէ ինչպէ՛ս փոխադրուած է Լիբանան, Անթիլիաս»: Օրուան դասախօսն էր դպրեվանքի տեսուչ Հոգեշնորհ Տէր Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան:
Յանձնախումբի անդամներէն Մարալ Ղարիպեան կատարեց բացումը եւ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա ծանօթացուց դասախօս հայր սուրբը: Դասախօսութեան համար ընտրուած նիւթին անդրադառնալով` ան ըսաւ, որ Կիլիկիոյ հայոց կաթողիկոսութիւնը ազգապահպանման հսկայ դեր ունեցաւ Մեծ եղեռնի 1914-1918 տարիներուն, իսկ օրուան երջանկայիշատակ Սահակ Խապայեան կաթողիկոս իր անխոնջ աշխատանքը կեդրոնացուց Կիլիկիոյ մէջ ազգի վերաշինութեան աշխատանքներուն վրայ: Ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադառնալով 1920-1923 թուականներուն` ան ըսաւ, որ այս փուլին տեղի ունեցաւ Արեւմտահայութեան երկրորդ Մեծ եղեռնը:
Ապա օրուան դասախօս Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան մանրամասն կերպով փոխանցեց օրուան նիւթը` շեշտը դնելով պատմական այն վերիվայրումներուն վրայ, որոնց պատճառով հայութիւնը ընդհանրապէս եւ կաթողիկոսութիւնը յատկապէս տարբեր կացութիւններու դէմ յանդիման դրուեցան: Ան դիտել տուաւ, թէ ԺԱ. դարուն`1064 թուականէն ետք, հոծ հայութիւն մը հաստատուեցաւ Կիլիկիա եւ ստեղծեց պետականութիւն, որ շուտով վերածուեցաւ թագաւորութեան: Մայրաքաղաք դարձաւ Սիս բերդաքաղաքը, ուր հաստատուեցաւ նաեւ կաթողիկոսութեան աթոռը 1293-ին:
Հայր սուրբը յայտնեց, որ 150 տարի` 1293-1411 թուականին, Սիսը հանդիսացաւ հայոց ընդհանրական կաթողիկոսական աթոռը, ուր պահպանուեցան հայ եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութիւնները, արժէքները եւ ժառանգութիւնը:
Շարունակելով` օրուան դասախօս հայր սուրբը դիտել տուաւ, որ 1902-ին կաթողիկոս ընտրուեցաւ Սահակ արքեպիսկոպոս Խապայեանը: Ատանայի կոտորածէն ետք հայերը վերադարձան իրենց հայրենիքը, սակայն Մեծ Եղեռնէն ետք դարձեալ լքեցին զայն, կաթողիկոսութեան աթոռն ալ գրաւուեցաւ, պայմանաժամ տրուեցաւ, որ 10 օրուան մէջ հեռանան: Հայր Պարոյր մանրամասնեց, որ հայրապետն ու կղերական դասը հաւաքեցին այն, ինչ որ կրնային մեր գանձերէն` Գրիգոր Լուսաւորիչի աջը, միւռոնի կաթսան, արծաթապատ աւետարաններ, զարդեղէներ, եկեղեցական զանազան սպասներ, կաթողիկոսներու դրոշմեր եւ զինանշաններ: Անշուշտ ճամբան մէկ մասը կորսնցուցին եւ ինչ որ կրցան փրկել, այսօր կը գտնուին Անթիլիասի Կիլիկիոյ թանգարանին մէջ: Ասոր զուգահեռ, մեր հոգեւորականները կը կազմակերպեն գաղթական եղած ու իրենց տուներէն տեղահանուած ժողովուրդը` զայն տեղաւորելով Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ: Այդ շրջանին կատարուեցաւ նաեւ որբահաւաքի աշխատանք:
Պարոյր վրդ. յայտնեց, որ Սահակ արքեպիսկոպոս Խապայեան նախ Հալէպի, ապա Անթիլիասի մէջ կը կազմակերպէ կաթողիկոսութիւնը: Անթիլիասի մէջ «Նիր իսթ ռիլիֆ»-էն նախ կը վարձուի, ապա կը գնուի հողաշերտ մը, ուր կը կառուցուին նոր վանքը, դպրեվանքը եւ յարակից բաժինները:
Դասախօսութեան յաջորդեց շատ շինիչ հարց- պատասխան:
Գեղարուեստական յայտագիրով Արմէն Ճենտերէճեան ջութակի վրայ նուագեց «Կռունկ»-ը` հմայելով ներկաները: