Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

«Սիրուն Տառեր»ու Հեղինակը Յուզուած Է Հայաստանէն «Արշիլ Կորքի» Շքանշանը Ստանալէն

January 5, 2017
in Գաղութահայ Կեանք
0
«Սիրուն Տառեր»ու Հեղինակը Յուզուած Է Հայաստանէն «Արշիլ Կորքի» Շքանշանը Ստանալէն

ԵՐԵՒԱՆ, «Արեւելք».- Ամերիկահայ նշանաւոր նկարչուհի եւ «Սիրուն Տառեր» ստեղծագործութեան հեղինակ Սիրուն Երէցեանի հիմնադրած «Ռոսլին» ցուցադրասրահին մէջ, արուետագէտին  յանձնուած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Արշիլ Կորքի» շքանշանը:

«Լու Կերիկ» ախտին (ALS) հետեւանքով սայլակով տեղափոխուելու պարտադրուած եւ խօսելու ունակութիւնը կորսնցուցած նկարչուհին յուզուած է Հայաստանէն ստանալով նման գնահատանք, որ արուեստագէտին շնորհուած է հայկական մանրանկարչական արուեստին մէջ ներդրած իր նշանակալի աւանդին համար:

Շքանշանը անուանի նկարչուհիին յանձնուած է Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի  հիւպատոսութեան ներկայացուցիչ Արմելա Շաքարեանի ձեռամբ:

Այս առիթով, Սիրուն Երէցեանի որդին Հայաստանի հիւպատոսութեան նուիրած է իր մօր ստեղծագործութիւններէն մէկը:

Մանրանկարչուհի Սիրուն Երէցեան ծնած է 1951ին, Պէյրութ: Ան ստացած է նկարչութեան  մասնագիտական կրթութիւն եւ հեղինակ է երեք հատորներու: Ան հեղինակն է Սփիւռքի մէջ հանրայայտ՝ «Սիրուն Տառեր» գործին, որ հայոց այբուբենի գեղարուեստական նկարազարդումներով ներկայացում մըն է։ Ան արժանացած է նաեւ «Սիրամարգէ տիկինը», կոչումին, իր արուեստին մէջ յաճախ սիրամարգներ նկարելուն համար:

Սիրուն Երէցեանի հայոց այբուբենի մանրանկարչական ձեւաւորումները բազմիցս ցուցադրուած են նշանաւոր ցուցասրահներու մէջ, արժանանալով գնահատանքի:

Հոկտեմբեր 2015ին, «Լու Կերիկ»  հիւանդութեան դէմ պայքարին մէջ անոր նեցուկ կանգնելու համար կազմուած խումբը մասնակցած էր Լոս Անճելըսի մէջ կազմակերպուած քայլարշաւ-դրամահաւաքին, որուն մասնակցած է նաեւ Սիրուն Երէցեան:

Հակառակ անոր որ Երէցեանի մօտ 2012ին սկսած էին տեսնուելու «Լու Կերիկ» հիւանդութեան ախտանշանները, ան մինչեւ այսօր կը շարունակէ ստեղծագործել:

Previous Post

ՄԱՀԱԽՕՍԱԿԱՆ- Մեր Սիրելի, Անմոռանալի Զօհրապ Շամմասեանը Ոչ Եւս Է

Next Post

Հայաստանի Մշակութային Կեանքը Բաւական Աշխոյժ Էր Նախորդ Տարի

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.