Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

«Սի.Էն.Էն.» Կայանը Թրամփը Կ՛որակէ «2017-ի Ճգնաժամերու Հեղինակ»

December 28, 2017
in Newsletter, Զանազանք
0
«Սի.Էն.Էն.» Կայանը Թրամփը Կ՛որակէ «2017-ի Ճգնաժամերու Հեղինակ»

ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Ճգնաժամէ ճգնաժամ։ Ամերիկեան «Սի.Էն.Էն.» լրատուական գործակալութիւնը այսպէս որակած է նախագահ Տանըլտ Թրամփի 2017-ի գործելաոճը՝ աւել-ցնելով, որ Թրամփին կարելի է շնորհել «2017-ի ճգնաժամերու հեղինակ» անունը, նկատի ունենալով մէկէ աւելի ճակատներու վրայ շարունակուող միջազգային հակամարտութիւններուն Ամերիկայի մասնակցութիւնը կամ անոր կողմէ հրահրումը, որոնցմէ վերջինն էր Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու խնդրայարոյց որոշումը։

Ըստ «Սի.Էն.Էն.»ի՝ առաջին ճակատը «Իսլամական պետութեան» եւ առհասարակ ահաբեկչութեան դէմ Ամերիկայի մղած պայքարն է, որուն ընթացքին թէեւ Սուրիոյ եւ Իրաքի ահաբեկչական խումբերը պարտութիւն կրեցին, սակայն Ամերիկայի մասնակցութիւնը ջնջին էր, եւ վերջին հաշուով՝ յաղթանակը վերագրուեցաւ Ռուսիոյ եւ Իրանի դաշնակից Սուրիոյ ու Իրաքի բանակներուն։

Երկրորդ կարեւորագոյն ճակատը Հիւսիսային Քորէայի դէմ թշնամութեան ալիքն էր, որուն ընթացքին Թրամփ ջանք չխնայեց այդ համայնավար երկրի նախագահին զայրոյթը սաստկացնելու եւ զայն մղելու, որ ան Ամերիկայի ուղղութեամբ հրթիռներ արձակելու սպառնալիքներ հնչեցնէ, միաժամանակ բազմացնելով հիւլէական ռումբերու փորձերը։

«Սի.Էն.Էն.»ը նաեւ կ՛անդրադառնայ Թրամփի կողմէ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասին տրուած այն խոստումին, թէ պաղեստինեան հարցին արդար լուծում պիտի տայ եւ Երուսաղէմի վերաբերեալ որոշումները պիտի յետաձգէ, մինչեւ որ քաղաքական լուծում մը տրուի հակամարտութեան։ Թրամփ, սակայն, միայն ութ ամիս ետք դրժեց իր խոստումը եւ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալով՝ պատճառ դարձաւ, որ Պաղեստինի ու Իսրայէլի միջեւ լարուածութիւնը աւելիո՛վ սրի։

Previous Post

ՀԲԸՄի «Հայ Կին» Կազմակերպութիւնը Պատուեց Արշակուհի Դաւթեանը

Next Post

«Ֆորպզ» Հրապարակեց 2017-ին Ամենաշատ Շահած Միլիառատէրերուն Ցանկը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.