Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Սլաք. Նոր Տարին

January 12, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Տեսակէտ. Ուշադի՛ր

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Նոր տարուան առիթով աշխարհի հեռատեսիլի կայանները զանազան նիւթերով ողողած էին իրենց յայտագիրները:

Արդարեւ, երգով, պարով, նուագով, աղօթքով, հրավառութեամբ եւ պատգամներով ամբողջ աշխարհը դիմաւորեց Նոր տարին:

Աշխարհի տարածքին կա՞յ երկիր մը, որ Նոր տարուան գիշերը ժողովուրդը զբաղեցնէ բախտագուշակներու ելոյթներով:

Աշխարհի տարածքին կա՞յ ժողովուրդ մը, որ անհամբեր կը սպասէ գուշակին նախատեսումներուն:

Աշխարհի տարածքին կա՞յ հաւաքականութիւն մը, որ ինքզինք այդքա՛ն անզօր կը զգայ, որ գուշակին ելոյթներէն կախեալ կը պահէ իր կեանքը:

Այո՛, լիբանանցիները:

Կարելի է պատկերացնել, որ Նոր տարուան կարեւոր նկատուած յայտագիրներէն պատգամներէն առաջ նման յայտագիր մը այսքան հետեւորդ ունենայ:

Մինչեւ ե՞րբ այս մակերեսայնութիւնը: Մինչեւ ե՞րբ այս անիմաստ եւ ոչ օգտակար յայտագիրները:

Ո՛վ որո՛ւ ի՞նչ կը ծախէ: Ի՛նչը եւ ինչո՛ւ այսքան հետաքրքրութիւն կը ստեղծէ: Յուսալքո՞ւմը, տնտեսական տագնա՞պը, քաղաքական քա՞ոսը, հեռանկար չունենա՞լը կամ` բոլորը միասին:

Լիբանանի հեռատեսիլի կայանները ընդհանրապէս իրենց առաքելութեան հաւաստիքը շատոնց կորսնցուցած են: Ենթակայական լուրերու խմբագրումն ու ներկայացումը, ծախուած կամ աւելի ճիշդ վարձկան յայտագիրներն ու լրագրողները, թրքական ֆիլմերու խճողուածութիւնը, եւ տեղական անմակարդակ եւ ոչ դաստիարակիչ յայտագիրները կը միտին ձեւաւորել ընկերութիւն մը, որ միայն ժողովուրդին մակարդակը ցած պահելու եւ մանրուքներով զբաղելու մթնոլորտ կը ստեղծեն:

Լիբանանի ճգնաժամի այս օրերուն ի՞նչ սպասենք բոլորէն, երբ բախտագուշակով կը դիմաւորենք Նոր տարին:

Ըստ երեւոյթին այլ յոյս չունինք` ո՛չ քաղաքական, ո՛չ տնտեսական, ո՛չ ընկերային եւ ո՛չ ալ համաշխարհային օժանդակութիւններէ:

Այսօր, փաստօրէն, Լիբանան աշխարհի միակ երկիրն է, ուր Նոր տարուան պատգամը փոխանցողները եղան բախտագուշակները:

Ո՛չ երկրի ղեկավարները, ո՛չ կրօնական հեղինակութիւնները, ո՛չ քաղաքական ներկայացուցիչները, ո՛չ ալ ժողովուրդը:

Բախտագուշակին վստահող եւ հաւատացող ժողովուրդէն շատ բան չենք կրնար սպասել:

Սակայն, ինչպէս կ՛ըսեն, հաւատանք, որ հրաշք կրնայ պատահիլ:

 

Previous Post

Why The Last Leg Of The Oil Demand Recovery Is The Hardest

Next Post

Are Clean Energy Stocks In Bubble Territory?

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.