ԹՈՐԳՈՄ
Որոշած էի մահագրութենէ խուսափիլ եւ արժանաւորներու մասին գրել նախքան անոնց ի վերին Երուսաղէմ անդարձ մեկնիլը:
Սակայն շաբաթը ուրբաթէն առաջ եկաւ:
Համազգայինի գործունէութեան, Զաքար Քէշիշեանի եւ Վ. Ստեփանեանի մասին գրած յօդուածս կը պատրաստուէի «Ազդակ»-ի խմբագիրներէն Նորա Բարսեղեանին ուղարկել, երբ հասաւ Վիգէնին մահուան գոյժը:
Որքա՜ն պիտի ուզէի, որ ան կարդար գրածս:
Եւ որովհետեւ կարելի չէ գրածս ի վերին Երուսաղէմ ուղարկել, իսկ ես մահագրութենէ կ՛ուզեմ ձեւով մը խուսափիլ, յօդուածը որոշ փոփոխութիւններու ենթարկեցի եւ հրատարակութեան յանձնեցի:
Մայեսթրօ Զաքար Քէշիշեանի խմբավարութեամբ, Համազգայինի «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբը Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ»-ին մէջ իր տարեկան համերգը կու տար 1990-ականներու վերջաւորութեան: Երգերէն մէկուն մեկնաբանութեան մէջ պրն. Զաքար կատակ-բեմադրութիւն մը ըրած էր. երգչախումբէն քանի մը մանուկներ խմբավարը բեմէն դուրս կը քշեն եւ մեր տղեկը` Հրայրը, կը շարունակէ ղեկավարել երգչախումբը, մինչեւ որ բուն մայեսթրոն կը վերադառնայ եւ` ինքնակոչ խմբավարիկին ականջէն բռնելով, զայն տեղը կը ճամբէ:
Այս «միջադէպէն» շուրջ քսանամեակ մը ետք, Հրայր ղեկավարեց իր յաճախած եւ Վ. Ստեփանեանի հիմնադրած Համազգայինի «Արեգ» մանկապատանեկան թատերական դպրոցն ու երիտասարդական թատերախումբը:
Եթէ երգչախումբի պարագային եղածը բեմադրութիւն մըն էր Զաքար Քէշիշեանի կողմէ, երկրորդին պարագային արդիւնքն էր Վ. Ստեփանեանի ցանած սերմերուն, հաստատած ամուր հիմերուն:
Երկու երախտաւորներն ալ, Համազգայինի հովանաւորութեամբ, մեր երեխաներուն գեղարուեստական կրթութեան, դուք ըսէք` որպէս հայ մարդ դաստիարակութեան, այնքան կենսական աշխատանքի առաքեալները եղան:
Վ. Ստեփանեան երբ իր առաքելութիւնը սկսաւ Համազգայինի Ճեմարանին մէջ, ուր իրարու ծանօթացանք, հարցուց.
– Գիտե՞ս, մեծ դերասան մը ունինք` Մկրտիչ Ջանան, որ Պոլիսէն Հայաստան եկած է եւ ստալինեան ջարդերուն զոհուած է, կապ ունի՞ ձեզի հետ:
– Այո՛, մեծ հօրս եղբայրն է,- ըսի:
– Հա՜, ուրեմն Հրայրին դերասանական ծին ունենալը զարմանալի չէ:
Եւ մարդկային, հայկական, դերասանական գունագեղ ծիներով օժտուած Վ. Ստեփանեան եղաւ մեր տղուն (նաեւ ուրիշներու) ամէնէն սիրելի ուսուցիչը:
Մնացեալը արդէն պատմութիւն է:
Յ. Գ. Անկեղծ ըլլալու համար պէտք է խոստովանիմ հետեւեալը. Վ. Ստեփանեան, երբ նշեց մեր տղեկին դերասանական ծինին մասին, անմիջապէս ըսի.
– Այո՛, բայց մի՛ քաջալերեր, որ այդ ասպարէզը ընտրէ:
Ժամանակը ցոյց տուաւ, որ սխալ մարդու ըսեր եմ…
Հիմա՞:
Հիմա ես քու սխալդ սիրեմ, Վիգէ՛ն ջան, ցաւդ տանեմ: