ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի պաշտօնական կայքը սկսաւ գործել: Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան, գրասենեակի գործունէութեան, հայրենադարձութեան գործընթացին վերաբերեալ ամբողջական տեղեկատուութիւն կարելի է ստանալ` այցելելով http://diaspora.gov.am/hy կայքը:
Կայքը եռալեզու է, ունի առցանց նամակագրութեան հնարաւորութիւն. անիկա ունի «Մեր մասին», «Սփիւռք», «Աջակցութիւն», «Ծրագրեր», «Միջոցառումներ», «Լուրեր», «Տեղեկատուութիւն» բաժինները: Անիկա նաեւ կարելիութիւն կու տայ այցելուներուն արձանագրելու իրենց տուեալները եւ մնայուն կապի մէջ ըլլալու գրասենեակին հետ:
Կայքին մէջ հասանելի են գրասենեակի ընկերային ցանցերը, օգտակար յղումներ եւ կապի տուեալներ: