Պետական Հաստատութիւններու Պաշտօնէութեան Լիկայի Եռօրեայ Գործադուլը Կը Շարունակուի
Սննդեղէն ներածողներու սենտիքան երէկ Կեդրոնական դրամատունէն պահանջեց տրամադրել խոստացուած նպաստը, որ կարգ մը ամիսներէ ի վեր չէ տրամադրուած եւ հասած է շուրջ 75 միլիոն տոլարի:
Սենտիքայի նախագահ Հանի Պոհսալի յայտնեց, որ ժողովուրդին տրամադրուած տարրական սննդեղէնի նպաստը «մահաքուն»-ի մէջ է, որովհետեւ Կեդրոնական դրամատունը իր պարտաւորութիւնները չի կատարեր:
Պոհսալի զգուշացուց, որ այս գումարի չվճարուելուն պարագային սննդեղէն ներածողները պիտի տուժեն եւ հսկայական հարցերու դէմ յանդիման պիտի գտնուին, իսկ հազարաւոր լիբանանցիներ իրենց աշխատանքները պիտի կորսնցնեն:
Պոհսալի կոչ ուղղեց պատկան մարմիններուն ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնը: «Պետութիւնը պէտք է իր խոստումը կատարէ», հաստատեց ան:
Մինչ խորհրդարանը կը շարունակէ քննարկել հատուցման քարտի դրութիւնը ստեղծելու եւ ամէնէն աղքատ ընտանիքներուն ապրուստի ձեւ մը տրամադրելու կարելիութիւնը, պետական հաստատութիւններու պաշտօնէութեան լիկայի տնօրէն խորհուրդը կը շարունակէ երեքշաբթի, 22 յունիս 2021-էն սկսած իր եռօրեայ գործադուլը, որ կ՛աւարտի այսօր:
Խորհուրդը երկրին իշխանութիւններէն պահանջեց պետական գանձարկղէն իւրացուած գումարները օրինական եւ սահմանադրական բոլոր ձեւերով վերադարձնել Լիբանան, լուծել աշխատավարձերու հարցը, ինչպէս նաեւ վերատեսութեան ենթարկել տրամադրուած փոխադրածախսն ու բարելաւել ընկերային եւ բժշկական ծառայութիւնները:
Իր կարգին, Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկի (Տաման) տնօրէն Մոհամետ Քարաքի յայտնեց, որ սնտուկը 46 միլիառ լ. ոսկիի առ հաշիւ գումար մը տրամադրած է հիւանդանոցներուն եւ բժիշկներուն` աւելցնելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն բժիշկներուն այցեգինը բարելաւելու:
Միւս կողմէ, ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Իմատ Հուպալլա խիստ կերպով բողոքեց այն իրականութեան դէմ, որ ոմանք կը փորձեն կառավարութեան կողմէ ճշդուած 137 ամերիկեան տոլար արժէքով հատուցման քարտը, որ պիտի տրամադրուէր 750 հազար ընտանիքի, նուազեցնել 100 ամերիկեան տոլարի եւ սահմանափակել զայն միայն 350 հազար ընտանիքներու տրամադրելով:
Հուպալլա ըսաւ. «Եթէ Աստուծմէ չէք վախնար, ժողովուրդէն վախցէ՛ք»:
Նշենք, որ վառելանիւթի առումով երէկ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը հասաւ 46.600 լ. ոսկիի, 95 օքթան պենզինը` 45.200 լ. ոսկիի, մազութը` 33.300 լ. ոսկիի իսկ կազը` 28.400 լ. ոսկիի:
Այս շրջագիծին մէջ պէտք է նշել, որ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ երէկ աշխատանքը կանգ առաւ, երբ ելեկտրականութիւնը ընդհատուեցաւ` ելեկտրածին շարժակին տրամադրուելիք մազութի չգոյութեան պատճառով: