Սոթքի ոսկիի հանքը կիսով չափ պիտի ըլլայ Հայաստանի տարածքին, կիսով չափ` Ազրպէյճանի մէջ: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսաւ Հայաստանի զինուած ուժերու Ընդհանուր հրամանատարի առաջին տեղակալ, հազարապետ-զօրավար Տիրան Խաչատրեան:
Տիրան Խաչատրեան ներկայացուց հանքավայրի ու պետական սահմանի գիծը պատկերող քարտէսը, ըստ որուն, հանքին մէկ մասը` դէպի արեւմուտք, Հայաստանի տարածքին մէջ է, դէպի արեւելք` Քարվաճառի, որ անցած է Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ:
Քարվաճառի Հատուածին Մէջ Կ՛ընթանան
Սահմանագիծի Վերջնական Ճշգրտման Աշխատանքներ
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հերքէ Քարվաճառ տանող դարպասը կոտրելու մասին լուրերը. կ՛ընթանան սահմանի վերջնական ճշգրտման աշխատանքներ: «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին ըսաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Գէորգ Ալթունեան` անդրադառնալով տարածուող տեղեկատուութեան, թէ ազրպէյճանցիները կոտրած են տեղադրուած դարպասը: