ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սոչիի եռակողմ յայտարարութեամբ կողմերը կը վերահաստատեն իրենց պարտաւորութիւնը 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութեան բոլոր դրոյթներու հետեւողական եւ անվերապահ իրականացման վերաբերեալ: Այս մասին նշեց Հայաստանի արտաքին գոծոց նախարարութեան խօսնակ Վահան Յունանեան՝ իբրեւ պատասխան 26 Նոյեմբերին Սոչիի եռակողմանի յայտարարութեան վերաբերեալ լրատուամիջոցներու հարցումներուն:
«Սա վերաբերում է նաեւ Ադրբեջանի կողմից մինչ այժմ չկատարուած, Նոյեմբերի 9ի յայտարարութեան 8րդ կէտով ամրագրուած` ռազմագերիների, պատանդների եւ այլ պահուող անձանց վերադարձին եւ այլ կէտերով չկատարուած պարտաւորութիւններին: Նոյեմբերի 26ի Սոչիի յայտարարութեամբ եւս մէկ անգամ վերահաստատւում է Յունուարի 11ի յայտարարութեամբ արձանագրուած տարածաշրջանում հաղորդակցութեան բոլոր ուղիների ու տնտեսական կապերի ապաշրջափակման դրոյթը եւ հերթական անգամ հերքւում են «միջանցք»ի կամ միջանցքային տրամաբանութեան մասին տարածուող քարոզչական թեզերը», ըսաւ Յունանեան:
Ան ընդգծեց նաեւ, որ, ըստ յայտարարութեան, պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է հայ-ատրպէյճանական սահմանի կայունութեան եւ անվտանգութեան մակարդակը բարձրացնելու վերաբերող քայլերու ձեռնարկել: Իսկ այդ ուղղութեամբ առաջնային եւ առաւել կարեւոր քայլը պէտք է ըլլայ լարուածութեան նուազեցման միտող քայլերու իրականացումը:
«Համոզուած ենք նաեւ, որ եռակողմ յայտարարութիւնների դրոյթների լիարժէք կեանքի կոչումը կը նպաստի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորմանը` ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահութեան մանդատի ներքոյ», նշեց Վահան Յունանեան: