Տասնամեակներ առաջ պատահած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերը յիշեցնող ահաւոր դէպքերով` լիբանանցիք նախանցեալ օր ապրեցան վախի ու սարսափի մթնոլորտի մէջ: Արդարեւ, սկզբունքով խաղաղ ցոյցով սկսած դէպքերը հետզհետէ լարուած մթնոլորտ ստեղծեցին, երբ ցուցարարներ հակոտնեայ բացագանչութիւններով շրջեցան Թայյունէ-Այն Ռըմմանէ շրջանի փողոցներէն, ուրկէ բռնկած էր Լիբանանի երկարատեւ պատերազմը, 13 ապրիլ 1975-ին: Արձակազէնի «կոյր» փամփուշտներ, փոխադարձ կրակոցներ, պոռչտուք, իրարանցում, բաւարար էին ահ ու սարսափի մատնելու շրջանի բնակիչները, որոնք պահ մը իրենք զիրենք պատերազմական «խրամատներու» մէջ արգելափակուած պատանդներ կարծեցին: Սարսափահար, անոնք փութացին հեռանալ եւ ապաստանիլ մօտակայ ապահով վայրեր, ուրիշներ փութացին իրենց զաւակները «ստանձնելու» մօտակայ դպրոցներէն, որոնք նոյնպէս արձակազէններու եւ փոխադարձ կրակոցներու թիրախ դարձած էին: Եօթը զոհեր (վերջինը մահացաւ երէկ` ազդուելով ստացած փամփուշտէն) եւ տասնեակներով վիրաւորներ պատճառած անակնկալ այս բախումները առանցքային նիւթ դարձան երէկ` պաշտօնական, ժողովրդային, տեղական թէ արտաքին մակարդակներու վրայ:
Ըստ լրատուական տեղեկութիւններուն, Թայյունէի դէպքերը բռնկեցան, երբ Ամալ շարժումի եւ Հըզպալլայի անդամներ ու համակիրներ խաղաղ ցոյց մը կազմակերպած էին` իբրեւ բողոք Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը ստանձնած դատաւոր Թարեք Պիթարի որդեգրած գործելաձեւին դէմ, որ ըստ անոնց «կողմնակալ է եւ բոլոր կասկածելիները նոյն նժարով չի դատեր»: Անոնք կը պահանջէին դատաւոր Պիթարի հեռացումը այս հարցի հետաքննութենէն:
Փոխադարձաբար նաւահանգիստի զոհերու ընտանեկան պարագաներ ու անոնց զօրակցող լիբանանցիներ եւ կարգ մը քաղաքական խմբաւորումներ կը պնդեն, որ դատաւոր Պիթարի գործելաձեւը ճիշդ է եւ ան պէտք է շարունակէ ու ամբողջացնէ այս հարցին վճռումը, մինչեւ արդար եզրայանգում:
Սակայն դէպքը իր հետեւանքներով լիբանանեան պատերազմը յիշեցնող մթնոլորտ ստեղծեց, յատկապէս երբ ցուցարարները շրջեցան Թայունէ-Այն Ռըմմանէ շրջանի փողոցներէն:
Այս ծիրին մէջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց պատկան պատասխանատուներ եւ անոնց հետ քննեց Թայյունէի դէպքերուն հետեւանքներն ու անոնց ամոքման միջոցները: Հանրապետութեան նախագահը պաշտպանութեան նախարար Մորիս Սլիմի հետ պարզեց արիւնալի դէպքերու հետեւանքներուն վերացման ու անոնց կրկնութիւնը կանխարգիլող քայլերու միջոցները: Հանրապետութեան նախագահը նաեւ շեշտեց յանցագործներու հետապնդման եւ անոնց պատասխանատուներուն նկատմամբ պատժական տնօրինումներու որդեգրման կարեւորութիւնը:
Նախագահ Աուն նաեւ արդարադատութեան նախարար դատախազ Հանրի Խուրիի հետ քննեց Թայյունէի դէպքերուն գծով յանցագործներու դատական հետաքննութեանց փութացման կարելիութիւնները:
Հանրապետութեան նախագահը նաեւ Քաղաքացիական պաշտպանութեան (ուժերու) ընդհանուր տնօրէն Ռեմոն Խաթթարի հետ քննեց այս մարզի տարրերու պատրաստակամութիւնը` օժանդակութեան փութալու ի պահանջել հարկին: Խաթթար հաւաստիացուց, որ Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը կազմ ու պատրաստ զօրաշարժի մատնուած են` միջամտելու անակնկալ որեւէ դէպքի պարագային:
Արձագանգներ, Մեկնաբանութիւններ
Դէպքերուն բռնկած վայրկեանէն իսկ արձագանգները չուշացան եւ զօրաշարժի մատնեցին ընկերային ցանցերը, ուր հակասական տեղեկութիւններ իրենց չափազանցուած ու երբեմն յերիւրածոյ բնոյթով զայրոյթի եւ յուսալքումի մթնոլորտ ստեղծեցին լիբանանեան տեղական թէ արտաքին հանրային կարծիքին մօտ:
Հակադիր կողմեր հերթական հաղորդագրութիւններով դատապարտեցին Թայյունէի դէպքերը` հերքելով իրենց պատասխանատուութիւնը անոնց հրահրման մէջ եւ «դատապարտելով հակառակորդ» կողմը:
Ամալ շարժումը եւ Հըզպալլան միացեալ հաղորդագրութեամբ մը բացայայտօրէն դատապարտեցին Թայյունէի դէպքերը` անոնց պատասխանատուութիւնը վերագրելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան, որ «կանխամտածուած ձեւով ծրագրած էր Թայյունէի արիւնալի դէպքերուն հրահրումները»:
Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին դատապարտելով Թայյունէի դէպքերը անոնց պատասխանատուութիւնը վերագրեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան` ընդգծելով, որ «երէկուան սպանդին արեան մեր իրաւունքին պիտի հասնինք»:
Նախկին վարչապետներ Սաատ Հարիրի, Թամմամ Սալամ եւ Ֆուատ Սինիորա դատապարտեցին Թայյունէի դէպքերը: Իրենց հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ անոնք կոչ ուղղեցին առկախ հարցերը, յատկապէս ինչ կը վերաբերի դատաւոր Պիթարի` նաւահանգիստի հարցի հետաքննութենէն «հրաժարելու» կարելիութեան, քննելու խորհրդարանին մէջ:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին դատապարտեց դէպքերը: Ան այս գծով ստացաւ ցաւակցական հաղորդակցութիւններ: Պէյրութի նաւահանգիստի հարցի հետաքննութեան գծով Պըրրի արդարադատութեան նախարարին առաջարկած է դատաւոր Թարեք Պիթարը նաւահանգիստի հետաքննութեան հարցէն «տեղափոխել» ու զայն նշանակել արդարադատութեան նախարարութեան հարցերու խորհուրդի նախագահի պաշտօնին:
Արդարադատութեան նախարար Հանրի Խուրի ողջունած է Պըրրիի այս առաջարկը, սակայն նախագահ Աուն վերապահ գտնուած է նման քայլի մը գծով: Միւս կողմէ, սակայն, ըստ հաւաստի աղբիւրներու, նախագահ Միշել Աուն նախանցեալ օր անջատ կապեր հաստատած է Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ եւ անոնց հետ անջատաբար խորհրդակցած դատաւոր Պիթարի պաշտօնէն հեռացման հաւանականութեան շուրջ:
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի մօտէն հետեւեցաւ Թայյունէի դէպքերու հետեւանքներու հարթումի ճիգերուն: Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյր վարչապետ Միքաթիի թելադրանքով հետեւեցաւ Թայյունէի դէպքերուն պատճառով վնասուած բնակարաններու, ինքնաշարժներու եւ այլ վնասներու տարողութեան` խոստանալով հատուցել բոլորին: Ան ընդգծեց, որ ոչ ոք այս դէպքերուն պատճառով իր բնակարանէն դուրս պիտի մնայ:
«Երիտասարդութիւն եւ փոփոխութիւն» կուսակցութեան ղեկավար Սալեմ Ֆաթհի Եաքան դատապարտեց Թայյունէի դէպքերը` նշելով, որ «անոնք կը գերազանցեն Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքները»:
Հըզպալլայի աղբիւրներուն համաձայն, «ոչ մէկ երաշխիք կայ, որ Թայյունէի դէպքերը չկրկնուին»: Ըստ նոյն աղբիւրներուն, մթնոլորտը կը յիշեցնէ փետրուար 2005-ի շրջանը եւ «մտավախութիւններ կան այս բոլորին մէջ թիրախաւորելու Հըզպալլան եւ այս կացութիւնը շահարկելու ի սպաս 2022-ի ընտրութեանց»:
Ընկերային ցանցերու վրայ Հըզպալլայի համակիրներու արտայայտած կարծիքներուն համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնները «նոյն մետալին տարբեր երեսներն են»:
Փոխադարձաբար Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուութեան բաժանմունքի վարիչ Շարլ Ժապպուր հերքեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան վերագրուող մեղսակցութիւնը` ընդգծելով, որ «շրջանի բնակիչներուն հակադարձութիւնը` ինքնապաշտպանութեան համար էր»:
Ըստ դէտերու, Թայյունէի դէպքերը պատահական չէին եւ անոնք կանխածրագրուած էին: Կարգ մը աղբիւրներ կացութիւնը նկատեցին խիստ վտանգաւոր, որ շարունակուելու պարագային կրնայ աղէտալի հետեւանքներու յանգիլ` յիշեցնելով անցեալի դառն օրերը:
Նախագահ Աունի գրասենեակը հերքեց, թէ դատաւոր Թարեք Պիթար կապ պահած է նախագահ Աունի հետ հրաժարելու գծով: Ըստ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան, դատաւոր Պիթար վճռական է շարունակելու իր ստանձնած աշխատանքը եւ մտադիր չէ հրաժարիլ:
«Լիբանանի դատաւորներու ակումբ»-ը դատապարտեց Թայյունէի դէպքերը` զգուշացնելով այս դէպքերը «շահարկել» դատաւոր Թարեք Պիթարը իր ստանձնած պարտականութենէն «հեռացնելու»:
Լիբանանի պատերազմական դառն պայմանները յիշեցնող քայլերով` դիմակաւոր զինեալներ երէկ շրջուն անցարգելներ հաստատեցին Հատաս-Պաալպեք-Այուն Սիման շրջանին մէջ: Անցարգելները անհետացան, երբ իմացուեցաւ, թէ բանակային ուժեր կը ժամանեն շրջան:
Աւելի ուշ Մշէյքի իմամը հերքեց այդ տեղեկութիւնները` նշելով, որ Թայյունէի դէպքերուն զոհ գացած իրենց զաւկին հարցին լուծման գծով Մշէյք աշիրեթը կ՛որոշէ, թէ ի՛նչ պէտք է ընել: Իսկ նախկին երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ Մշէյքի իմամին վերագրելով իր տեղեկութիւնները յայտնեց, թէ Ամալ եւ Հըզպալլա թելադրած են Շլիֆա շրջանի բնակիչներէն ոչ ոքի վնասել: Մշէյք հաստատած է, որ իրենք եղբայրական յարաբերութիւն ունին Շլիֆայի եւ շրջանի քրիստոնեայ բնակիչներուն հետ:
Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ, դատապարտելով Թայյունէի դէպքերը, բարձր գնահատեց Ամալ շարժումի եւ Հըզպալլայի «ողջմտութիւնը` հարցերը առաւել եւս չբարդացնելու կամ երկպառակութեան մէջ չներքաշուելու գծով»:
Նաեւ` Արտաքին Կեցուածքներ
Արտաքին կողմեր եւս հեռու չեն Լիբանանի անցուդարձերէն եւ մօտէն կը հետեւին իրադարձութեանց զարգացումներուն:
Այս ծիրին մէջ ՄԱԿ-ի մօտ Իրլանտայի ներկայացուցիչ Ժերալտին Պեռն Նասոն իր արտասանած խօսքին մէջ իր երկրի մտահոգութիւնը յայտնեց Լիբանանի կացութեան գծով` զօրակցութիւն յայտնելով լիբանանցի ժողովուրդին եւ ցաւ յայտնելով ինկած զոհերուն համար: Իրլանտայի ներկայացուցիչը յայտնեց, որ կը ծրագրուի յառաջիկայ շաբթուան վերջաւորութեան Լիբանանի հարցը քննել ՄԱԿ-ի ժողովին:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Պըն Ֆարհան մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանանի դէպքերուն գծով` մաղթելով, որ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը շուտով վերահաստատուին Լիբանանի մէջ: Ան վերահաստատեց իր երկրին զօրակցութիւնը Լիբանանին:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Քլէր խոր մտահոգութիւն յայտնեց կացութեան վատթարացման գծով եւ զսպուածութեան ու հանդարտութեան կոչ ուղղեց առնչակից կողմերուն: Ան թելադրեց խոստացուած բարեկարգումները գործադրել:
Ամերիկեան արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը եւս մաղթեց, որ Լիբանանի մէջ արդարադատութիւնը գործէ անկախօրէն:
Եւրոպական Միութիւնը սպառնաց պատժամիջոցներու դիմել այն անձնաւորութիւններուն դէմ, որոնք կ՛արգելակեն հարցերու լուծումը եւ յատկապէս արդարադատութեան հեզասահ ընթացքը Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հարցին գծով:
Մոսկուա իր կարգին մաղթեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի գլխաւորած կառավարութիւնը կարենայ յաղթահարել իր դէմ ցցուող մարտահրաւէրները:
Իրանի «Փրես Թի.Վի.»-ին կատարած յայտարարութեամբ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը մաղթեց, որ լիբանանեան բանակը, ժողովուրդը եւ դիմադրութիւնը կարենան դիմակալել Լիբանանի դէմ ցցուող փորձանքը:
Նմանապէս Քուէյթ իր մտահոգութիւնը յայտնեց Լիբանանի կացութեան վատթարացման գծով` իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնելով Լիբանանի ժողովուրդին: