ՊԱՅՔԱՐ 103- Յարութիւն Իսկահատեան- Պէյրութ
Սուզան Խարտալեան գեղարուեստական ոճով կը նկարագրէ Հայասպանութենէն վերապրածի մը երրորդ սերունդի պատկանող զաւկին ներքնաշխարհը իր անձնական յուզումներուն ընդմէջէն: Ան ինքզինք կը նմանցնէ ծառի մը որուն արմատները չորցած են: Սակայն ծառը կանգուն է ու կ’ապրի, ճիշդ հայկական մշակոյթին եւ հայոց լեզուին նման: Ան հարց կու տայ թէ ինչո՞ւ մենք անցեալը կը յիշենք: Ի՞նչ բանն է որ մեզ կը մղէ յիշելու դէպքեր ու մոռացութեան տալ կարգ մը այլ դէպքեր: Ինչո՞ւ մենք կը յիշենք Հայոց Ցեղասպանութիւնը… Ինչո՞ւ կ’ուզենք յիշել ցաւը… Ինչո՞ւ կ’ուզենք անոր յիշատակը փոխանցել գալիք սերունդներուն: Արդեօք մեզի համար անկէ սորվելիք բան մը կա՞յ: Կարգ մը հայեր կը նախընտրէին լրի՛ւ կամաւոր մոռացումը Հայասպանութեան: Ցաւը այնքան խոր էր անոնց մէջ որ այլեւս չէին ուզեր յիշել անցեալի դէպքերը: Ուրիշներ կը յիշեն կարգ մը դէպքեր միայն եւ մոռացութեան կու տան այլք:
Իր մեծ մօր պարագային՝ Սուզան Խարտալեանի Հայասպանութեան յուշերն ու պատումը կը սկսի լռութեամբ: Լռութիւն մը որ լեցուն է իմաստութեամբ, կարօտով ու մորմոքով: Լռութիւնը արտացոլումն է տառապողի ցաւին, որուն պատճառը իր շուրջը գտնուող խոր տգիտութիւնն ու նենգ ուրացումն են:
Սուզան Խարտալեան այս խորհրդածութիւնները ըրած է ինքնիրեն երկու տասնեակ տարիներ եւ պատրաստած է շարժապատկեր մը «Մեծ Մօրս Դաջուածքները» խորագրով, որուն մէջէն կ’արտացոլան իր միտքերը Հայասպանութեան մասին: Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը երբ կը մերժուի, վերապրած տառապողը համր կը դառնայ, սակայն ճշմարտութիւնը անփոփոխ կը մնայ յետագայի վերապահելով աւելի քան հազարաւոր խօսքեր ու բազմաթիւ յուշեր Մեծ Եղեռնի տարիներու ամէն մէկ օրէն: Մենք՝ վերապրածներու յաջորդ սերունդները վկաներն ու ձայնն ենք այս լռութեան: Մենք կոչուած ենք լսելու տառապողներու յուշերն ու պատմելու ուրիշներուն: Ճշմարտութեան աղաղակը տակաւին չէ լսուած պէտք եղած չափով: Մենք զայն լսելի պիտի դարձնենք, կ’ըսէ Սուզան Խարտալեան:
Սուզանի մեծ մայրը՝ Խանումը իր մօր եւ քրոջ հետ Ատըեամանէն բռնագաղթուած էր: Կարաւանը երբ հասած էր Եփրատի ափին թուրքերն ու քիւրտերը ստիպած էին գաղթականները նաւակներով կտրել Եփրատն ու միւս ափը անցնիլ: Հոն էր որ քիւրտ նաւաւար մը տասնըերկու տարեկան Խանումը բռնաբարած էր մօր եւ քրոջ ներկայութեան: Կարաւանը դէպի Տէր Զօր կը տարուէր: Տառապալից այս թափառումներու մէկ հանգրուանին, արաբ պետեւիներ Մեծ մայրիկին եւ անոր քրոջ դէմքերուն վրայ դաջուածքներ կատարած են զօրաւոր կապոյտ ներկով:
Խարտալեանի մեծ մօր ընտանիքը բաւական բարեկեցիկ էր: Խանումի հայրը դատաւոր էր իսկ մայրը՝ երկրորդական վարժարանի ուսուցչուհի: Խանում լաւ հայերէն կը խօսէր բայց գիտէր նաեւ լաւ քրտերէն: Ու ահա՛ թուրքին բռնի ոյժին տակ անոնք ամէն բան իրենց ետին թողած դէպի անապատները կը քշուին… Հազար տեսակ վայրագութիւններու կ’ենթարկուին: Անօթութիւնը, ծարաւն ու հիւանդութիւնները անոնց կ’ընկերանան բռնագաղթի ճանապարհին վրայ: Բռնագաղթուածներու կարաւանը լեռնային կածաններու թէ դաշտերու մէջ յաճախ թուրքերու, քիւրտերու եւ չէրքէզներու յարձակումներուն թիրախ կը դառնայ: Մեծ մայրիկն ու հարազատները հազարաւոր հայոց դիակներու քովէն անցնելով կը շարունակեն իրենց ճամբան ու կը վերապրին, որպէսզի գալիք սերունդներուն պատմեն հայուն դէմ թուրքին ի գործ դրած վայագութիւննեըը:
Սուզան Խարտալեան իր մեծ մօր Խանումի մասին հետեւեալը կ’ըսէ. «Ուշագրաւ էր Խանումի քրտերէն գիտնալը, որովհետեւ իր տարիքը ունեցող այլ վերապրողներ չէին գիտեր: Խանո՞ւմ ալ ուրիշներու պէս սաստիկ տառապած էր բռնաբարութեան պատճառաւ: Առօրեաս սկսաւ հարցումներու տեղատարափով մը մտքիս մէջ: Հարցումներ, որոնք միտքս կը չարչրկէին ու սկսայ մանկութենէս դէպքեր վերյիշել: Այս պատճառաւ ալ կ’ըսեմ թէ երբ ժապաւէնը կը պատրաստէի, հաւաքեցի պատումներու բեկորներ, որովհետեւ լրիւ պատկեր մը գոյութիւն չունէր, այլ բեկորներ միայն, զորս քով քովի բերելով պատում մը յառաջացաւ: Մտքիս մէջ յաճախ նոյն հարցադրումը կը կրկնէի ինքզինքիս: Արդեօք մեծ մայրս ալ վատ բաներո՞ւ ենթարկուած էր: Երբ փոքր էի մեծերը շշուկով կը խօսէին իրարու հետ աղջկան մը մասին` նաւակին վրայ, ուր մարդ մը կար նաեւ, որ վատ բան մը ըրած էր անոր: Պարզապէս մեծերը երբ կը զրուցեն, փոքրերը միայն կը լսեն ու բան չեն հասկնար: Պատկերը աւելի յստակացաւ մտքիս մէջ: Ծովու չափ գետ մը կար եւ նաւակ մը, որուն վրայ մարդ մը գէշ ու անպատշաճ վարուած էր աղջկան մը հետ, որ մեծ մայրս՝ Խանումն էր»:
«Այս տուեալներու հիման վրայ սկսայ ուսումնասիրութիւն մը կատարել», կ՛ըսէ Խարտալեան: «Տնեցիներուս հետ խորհրդակցեցայ ու հարցուփորձեցի զանոնք: Պատումին հիմնական աղբիւրը մեծ մօրս Խանումի քոյրը՝ Լուսիան էր, որ նոյնպէս իր դէմքին վրայ դաջուածքներ ունէր: Վերջապէս իրազէկ դարձայ իրականութեան եւ այդ հիման վրայ աշխատեցայ ժապաւէնին պատրաստութեան մէջ ու աւարտեցի»:
Սուզան Խարտալեան կը պարզէ բռնաբարուած փոքր աղջկան մը հոգեվիճակի ծալքերը մեծ մօր Խանումի կեանքի ընթացքին դրսեւորած անհատակութեան եւ վարուելակերպի ընդմէջէն: Ան կ’ըսէ.
«Մեծ մայրս միշտ եղած է պաղ ու անսիրալիր, կասկածամիտ, ջերմութիւն ու սէր չէ ցուցաբերած ո՛չ միայն այր մարդոց այլ նաեւ երեխաներու նկատմամբ: Ան չէ սիրած իր երեխաները գգուանքով, ինչ որ հօրս վրայ նոյն ազդեցութիւնը ձգած է: Հայրս իր կարգին իր երեխաները չէր գրկէր ու համբուրէր, որովհետեւ այդ մէկը իր մօրմէն չէր սորված:Սուզան կը յիշէ թէ հայրը իր մօր Խանումի հետ լուսանկար մը ունի, որուն մէջ Խանում այնպէս կ’երեւայ թէ տոպրակ մը ապրանք շալկած է եւ ոչ թէ իր զաւակը: Այս բոլորին ետին կան իրականութիւններ, որոնց դէմ յանդիման կանգնելու կարիք ունինք մենք այսօր»:
Սուզան Խարտալեան աւելի ընդհանրական կը խօսի թշուառացած հայ որբերու եւ որբուհիներու մասին ու կ’ըսէ. «1919-ին, երբ անգլիացիները յաղթական Կ. Պոլիս մտան, 90 հազար երեխաներու եւ աղջիկներու անուանացանկ ներկայացուցին թուրքերուն ու անոնց վերադարձը պահանջեցին: Շատ քիչ թիւով աղջիկներ վերադարձան հայութեան, միւս ջախջախիչ մեծամասնութիւնը մնաց հոն: Այսօր սկսած ենք լսել նմաններուն ձայները, անոնց պատմութիւնները: Ներկայիս այս հարցը, ցաւ ի սիրտ, թուրքերուն կողմէ կը բացուի, սակայն Սփիւռքը նոր կը մօտենայ այս էջին: Մենք դժուարութիւն ունինք այս իրականութիւնը ընդունելու եւ մեր մեծ մայրերուն հետ տեղի ունեցածին մասին դէմ յանդիման կանգնելու: Այս հարցը կ’արծարծեմ, որովհետեւ այսօր մենք նաեւ կը վարանինք Թուրքիոյ մէջ կամ այլուր ապրող իսլամացած հայութիւնը հայ նկատելու: Մենք իրաւունք չունինք այդ դատումը կատարելու: Ժամանակն է, որ մեր մտայնութիւնը վերատեսութեան ենթարկենք. կ’երազենք այն օրը, երբ մեր կղերականներէն մէկը քաջութիւնը ունենայ ըսելու, որ այդ իսլամացած հայերը նաեւ հայեր են, եւ ես անոնց ալ հոգեւոր հովիւն եմ: …Երբ անապատ գացած էինք, հանդիպեցանք շատերու, որոնք հաստատեցին, որ իրենց մեծ մայրերը հայեր են: Ի՞նչ պէտք էր ըլլար իմ կեցուածքս, արդեօք պէ՞տք էր ըսէի, թէ որովհետեւ ինք պետեւի է, երկար հագուստներ հագած է եւ արաբերէն կը խօսի, ուրեմն հայ չէ… Այս մէկը իսկապէս ահաւոր է, որ մենք մեզի իրաւունք կու տանք նման բնորոշումներ ընելու. սակայն մենք հետեւողական կերպով այդպէս ըրած ենք. հազիւ մէկը տարբեր եղած է մեզմէ, ըսած ենք` դուք հայ չէք: Ասիկա վախի հարց է, զոր պէտք է շրջանցենք, պէտք է տէր կանգնինք նմաններուն, ըսենք, որ անոնք եւս մաս կը կազմեն հայութեան, եւ մեր թիւը այդպիսով պիտի բազմանայ: Կը հաւատամ, որ 100-200 տարի ետք հայ պիտի մնան Սասունի մէջ ապրողները: …Ժապաւէնին միտք բանին այն է, որ հայ ընտանիքի խնդիրներուն ընդմէջէն մեր այսօրուան ընկերային հարցերուն թղթածրարը կը բանայ, բնականաբար, եթէ կ’ուզենք տեսնել զանոնք, այլապէս կրնանք նորէն շարունակել այնպէս, ինչպէս որ է: Ես կ’ուզեմ, որ անոնք, որոնք այս ժապաւէնը դիտեն, մեր հայութեան առնչուած մեծ խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման կանգնին, որովհետեւ մենք այլեւս պէտք է պատասխան տանք այս բոլոր հարցերուն»:
Սոյն զեկուցումը Սուզան Խարտալեան ներկայացուցած է 2015-ին Սթոքհոլմի Սէոտըրթէորն Համալսարանի մէկ գիտաժողովին, որուն ընթացքին արծարծուած են Հայասպանութեան վերաբերեալ զանազան նիւթեր «Ցեղասպանութեան Ժամանակէն 1915-2015, Զեկուցում Հայոց Ցեղասպանութեան Եւ Ասորական Կոտորածներու Մասին- 2015, Սթուտիոֆորպունտէթ Պիլտա Հրատ., Սթոքհոլմ, Շուէտ» (In Times of Genocide 1915-2015: Report from a conference on the Armenian Genocide and Syriac Seyfo- publisher: Studieförbundet Bilda, 2015, Stolkholm, Sweden) խորագրին տակ:
Իսկական վերլուծական յուշագրութիւն մը եւ յաջող շարժապատկեր մըն է «Մեծ Մօրս Դաջուածքները», որուն մէջ Հայասպանութեան իրականութիւնն ու ծալքերը այնքան յստակ կ’երեւան, որ զայն կարելի է դասել անոր իբրեւ պերճախօս ապացոյց մը հազարաւոր փաստարկներու կողքին: