Մարտ 2-ին Պաթումի «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցւոյ մէջ, Պաթումի աւագանիի, պաթումահայութեան, վրաց հասարակութեան ներկայացուցիչներու առջեւ Աճարիոյ հոգեւոր առաջնորդ Արարատ քահանայ Գումբալեանի կողմէ կատարուեցաւ ոգեկոչման կարգ, որմէ ետք եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող խաչքարին առջեւ տեղի ունեցաւ ծաղկեփունջերու զետեղման արարողութիւն` ի յիշատակ Սումկայիթեան ջարդերու տասնեակ անմեղ զոհերուն: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն:
Իր ելոյթին մէջ Պաթումի ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Արամ Գրիգորեան պատմեց 26 տարի առաջ տեղի ունեցած ողբերգութեան մանրամասները` շեշտելով, որ այդ սարսափելի ոճրագործութեան մեղաւորները ցայսօր ոչ միայն չեն պատժուած, այլեւ հռչակուած են Ատրպէյճանի հերոսներ, ինչ որ կրկնուած է նաեւ մեր օրերուն, երբ Պուտապեշտի մէջ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանին քնացած վիճակին մէջ դաժանաբար սպաննած ատրպէյճանցի սպայ Ռամիլ Սաֆարովը նոյնպէս հերոսացուեցաւ: