Պատմական որեւէ զարգացումի գնահատականը կատարելէ առաջ, անհրաժեշտ է ուսումնասիրել, անոր առիթ ընծայող տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային պատճառները:
Մօտաւորապէս քսան եւ հինգ տարիներ առաջ այս օրերուն, լսատեսողական լուսարձակներէն հեռու, Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի համեմատաբար մօտակայ Սումկայիթ քաղաքի հայ բնակչութեան դէմ ազերի ջարդարարներու կողմէ կատարուեցաւ սպանդ: Այնպիսի անմարդկային եղանակներով իրականցած այս ծրագիրը խլեց հարիւրաւոր մարդոց կեանքը: Պաքու այլեւս չէր կրնար գաղտնի պահել զանգուածային կոտորածները, ահաւոր բռնութիւնները: Մտնելով հայերու տուները, զանոնք թալանելէ ու կողոպտելէ ետք, չխնայուեցան կանայք,ծերեր, նոյնիսկ անչափահասներ: Կոտորածներէն մազապուրծ փրկուած մարդիկ հազիւ ապաստան գտան Հայաստան: Ի դէպ, յանուն պատմութեան արձանգրենք, որ այս օրերէն յառաջացաւ «Ատրպէյճանէն փախստականներ» հասկացութիւնը, որուն թիւը Հայաստանի մէջ այսօր կը հաշուէ առնուազն երեք հարիւր յիսուն հազար:
Սումակայիթի կոտորածը հայ ժողովուրդին համար ծանր հարուած էր: Հակահայկական ջղագրգիռ եւ ատելավառ զգացումներու արտայայտութիւն: Սումկայիթը եկաւ ապացուցելու, թէ հարցերը շատ աւելի խորունկ են ծովուն մակերեսին վրայ ծփծփացող ալիքէն , իսկ Երեւանի գլխաւոր հրապարակներուն վրայ արձակուող «Սեսիա», «Կորպաչով», «Փարթիա», « Լենին» կարգախօսները բաւական համեստ են լուծելու նետուած մարտահրաւէրը: Նախօրօք կազմակերպուած Սումկայիթեան կոտորածները 1915-ի շարունակութիւնն էին: Եթէ դատապարտուեր 1915-ին, Հայ ժողովուրդին դէմ կազմակերպուած եւ գործադրուած ցեղասպանութիւնը , պիտի կանխուէր Սումկայիթը եւ առ հասարակ՝ աշխարհի որեւէ անկեան մէջ պատահող ցեղասպանութիւն:
Սումկայիթը եկաւ ապացուցելու, որ այլընտրանք չունէր հայը եւ պիտի ապաւինէր իր բազուկին: Զգաստութեան եւ սթափութեան նախանշան էր ան: Ազերիներու համոզումով, Սումկայիթը նախազգուշութեան ահազանգ մըն էր հայերուն, սպառնալիք թէ՝ անցեալի օրինակով պիտի խեղդէին Լեռնային Ղարաբաղի պահանջատիրութեան կոչերը: Յառաջիկայ ամիսները եկան ապացուցելու, թէ չարաչար սխալած էին անոնք: Հայու արեամբ եւ Սումկայիթեան ողբերգութեամբ սկսաւ ճակատամարտը, բայց հայու յաղթանակով վերջ գտաւ պատերազմը:
Հայ ժողովուրդը՝ Սփիւռք եւ հայրենիք, այս օրերուն կ’ոգեկոչէ Սումկայիթի նահատակներուն յիշատակը: Միջազգային ընտանիքը առ այսօր լռութիւն կը պահէ Սումկայիթի ոճրագործութեան եւ քաղաքական գնահատական չի տար անոր: Ատրպէյճան նոյնպէս պարտաւոր է խոստովանելու իր յանցագործութիւնը: Ճշմարտութենէն խուսափելով, միջազգային ընտանիքը ծանր պատասխանատուութիւն կը վերցնէ իր ուսերուն վրայ, որովհետեւ անպատիժ ոճիրը նոր յանցագործութիւններ պիտի ծնի անկասկած: Այս հաստատեց Պուտափեշտի մէջ հայ սպային դաժան սպանութիւնը: Ուղիղ ինը տարի առաջ այս օրերուն էր ( 19 Փետրուար), երբ Պուտափեշտի մէջ Սաֆարով անունով ստակ մը դաժանաբար սպաննեց հայկական բանակի սպայ Գուրգէն Մարգարեանը: Միջազգային ընտանիքը դարձեալ խուսափեցաւ ոճիրը քաղաքական բեմի վրայ դիտելու հրամայականէն: Այս ողբերգութիւնը տեղի կ’ունենար այն օրերուն, երբ Եւրոխորդարանի մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Աքշին Մեհտիեւ հայերը կը զգուշացնէր.« Քանի տակաւին Ղարաբաղի հարցը չէ լուծուած, հայերը պիտի չունենան հանգիստ քուն»:
Հայատեաց քաղաքականութեան հետեւանք են օր ցերեկով Հին Ջուղայի խաչքարերը ոչնչացնելու, հայկական մշակութային յուշարձանները քանդելու բարբարոսութիւնները:
Ժամանակակից աշխարհին մէջ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա կը շարունակեն խեղաթիւրել պատմական ճշմարտութիւնը: Վերջին 48 ժամերուն թուրք-ազերիական մամուլը ստորագրահաւաք մը ձեռնարկած է Հայաստանի դէմ: Ըստ գործող ուխտին, հարիր հազար ստորագրութիւն հաւաքելու պարագային, նախագահ Պարաք Օպամա քաղաքական գնահատական տալու ստիպողութեան տակ պիտի գտնուի Խոճալուի կոտորածներուն վերաբերեալ:
Խոճալուի բնակչութեան կոտորածը հակարժէք փաստ ստեղծելու փորձ էր Սումկայիթի, Պաքուի, Գանձակի եւ հայաբնակ տարբեր ոստաններու հայ բնակչութեան դէմ կատարուած վայրագութիւններուն: Խոճալուի կոտորածը Ատրպէյճանի ընդդիմութեան կողմէ իշխանութիւնները նուաստացնելու նպատակով կազմակերպուած դաւադրութիւն մըն էր պարզապէս: Պէտք է ըսել, որ ընդդիմադիր «Ժողովրդային Ճակատ»ը հասաւ իր նպատակին: Նախագահ Այազ Մութալիպով երկու ամիս ետք պաշտօնանկ դարձաւ: Աւելի ուշ, ան անդրադառնալով Խոճալուի դէպքերուն, հաստատեց, թէ ատրպէյճանցիներու սպանդը «Ժողովրդային Ճակատ»ին կնիքը կը կրէր: Նաւթային տոլարներու միջոցաւ Ատրպէյճան սուտեր կը սփռէ աշխարհով մէկ: Կ’ընդլայնէ պաշտպանութեան պիւտճէն եւ կը սպասէ «երազային» պահին: Բայց հայ ժողովուրդը մենակ ու անտէր չէ այլեւս: Մենք այսօր եւ վաղը՝ պատրաստ ենք պատիւով վերցնելու ազերիական ձեռնոցը, շնորհիւ մեր հայրենիքի սահմանները պահպանող քաջարի բանակին:
Հայ ժողովուրդը այս օրերուն կը սգայ Սումկայիթի ողբերգութեան յիշատակը: Համահայկական սուգի այս օրը թող զգաստութեան հրաւէր դառնայ քաղաքական բեմի վրայ գործող բոլոր ուժերուն: Մեր հիմնական առաքելութիւնը ամենուրէք պիտի ըլլայ պատրաստել հողին փարած հայրենասէր երիտասարդութիւն: Մեր տարակարծութիւնները, ներքին հակասութիւնները, թերութիւններն ու քննադատութիւնները մատնանշելոււ ընթացքին միշտ յիշենք, թէ որոնք են մեր դրացիները…:
Յարգանք Սումկայիթի նահատակներուն յիշատակին:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ