Պատանութեանս տարիներուն կ’ապրէինք Վանաձոր քաղաքին մէջ: Վանաձորը` Հայաստանի արդիւնաբերական խոշոր կեդրոններէն մէկը, եղբայրացած էր Ապխազիոյ Սուխում, Աճարիոյ Պաթում եւ Ատրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքներուն հետ; Յաճախ կ’ըլլային փոխայցելութիւններ, յաճախ եղբայրացած էին քաղաքներ համատեղ նախաձեռնութիւններով հանդէս գալով: Կը յիշեմ սումկայիթցիներու հերթական այցելութիւններէն մէկը, որուն կը մասնակցէին մեզի հասակակից դպրոցականներ: Գլխաւոր Վանաձորի քիմիական մանրաթելերու գործարանի մշակոյթի կեդրոնին մէջ էր, ուր սումկայիթցի դպրոցականները հանդէս եկան արտասանութիւններով եւ երգերով, իսկ յետոյ բոլորս միասին երգեցինք ատրպէյճանական «ուսանողական տարիներ» երգը… Սերտ բարեկամութիւն մեր հասակակիցներուն հետ չձեւաւորուեցաւ, ինչ-որ սառն ու արհեստական բան կար «բարեկամական» ողջագուրումներուն մէջ: Եթէ ապխազ եւ աճար մեր հասակակիցներուն հետ բարեկամական յարաբերութիւններ ձեւաւորուած էին, ապա սումկայիթցիներու հետ չի յաջողեցաւ…. Մեղաւորը մենք չէինք: Գուցէ մշակոյթներու, կրօնի, միջավայրի տարբերութունները շատ մեծ էին: Սումկայիթը բնիկներու քաղաք չէր, այն ձեւաւորուած էր խորհրդային իշխանութեան տարիներուն, Երկրորդ աշխարհամարտէն ետք` դառնալով արդիւնաբերական կեդրոն: Քաղաքի աւանդական նկարագիրի բացակայութիւնը հոգեբանական լուրջ խնդիրներ ծնած էր այս քաղաքին մէջ, սակայն բազմազգ քաղաքի բնակիչները կարծես ձեւ կ’ընէին, թէ կ’ապրէին համերաշխ, միասնական մտահոգութիւններով եւ ուրախութիւններով` այսպէս ձգտելով ստեղծել քաղաքային մշակոյթ, այսպէս խորհրդային առասպել` ընդհանուր քաղաքի մասին, ջանալով ձեւականօրէն արմատաւորել… Ատրպէյճանական մամուլը կը գրէր «եղբայրական ժողովուրդներու» մեծ ընտանիք դարձած քաղաքին մասին, խորհրդային լրատուամիջոցները յաճախ կ’անդրադառնային այս քաղաքին` այսպէս ձգտելով ի ցոյց դնել «լենինեան ինտերնացիոնալիզմի» դրոյթներու կենսագործումը…
Սակայն 1988-ի փետրուար 26-ին ամէն ինչ հօդս ցնդեց, փլուզուեցաւ տարիներ շարունակ կերտուած առասպելը, աւրուեցան գաղափարախօսական հնարքներն ու կեղծ կարգախօսները… Հաշւուած վայրկեաններու ընթացքին եղբայրական քաղաքը վերածուեցաւ գազանաբարոյ մարդոց, արիւնարբու ամբոխի վայրագ թատերաբեմի, ուր արեան հոտէն խենթացան մարդիկ, դուրս եկան փողոցներ ու կեղծ բարեկամութեան դիմակները պատռելով` ներկայացան իրենց իրական դէմքով` արիւնռուշտ, անհաշտ, բնազդային գրգիռներով գործող, նախամարդու կենդանական նկարագիրով… Սումկայիթը վերածուեցաւ արեան ծովի, ցաւի, լացի, ողբերգութեան քաղաքի մը, ուր այրեցան ու բռնաբարեցին, սպաննեցին ու անարգեցին մարդոց միայն այն բանի համար, որ անոնք հայ էին, որ չէին տեղաւորուիր այն «արժէքային համակարգի»-ն մէջ, որու կրողն էր վայրենիի էութեամբ խուժանը` արեան ծարաւ, ոխակալութեամբ լեցուն, մոլեռանդութեամբ տոգորուած…
Երեք օր շարունակ արեան ու սպանդի խրախճանք էր այս քաղաքին մէջ, երեք օր շարունակ մոլեգնած վայրագութիւն էր, որ ոչ ոք չէր ուզեր կանխել, ոչ ոք չէր ուզեր առաջնորդուիլ բանականութեան կանչով… Վերջապէս առիթը ներկայացած էր ցոյց տալու իրենց իսկական էութիւնը, ապացուցելու, որ բնազդային ատելութիւնը չէ հեռացած իրենցմէ…
Սումկայիթեան կոտորածները, որոնք խորհրդային պետութեան պատմութեան մէջ առաջինն էին եւ սահմռկեցուցիչ, կը ղեկավարէին Պաքուէն ժամանած կոմունիստական կուսակցութեան պատասխանատուները, մասնաւորաբար Դաշտամիրով ազգանունով բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը, որ նախօրօք մշակուած ծրագիր բերած էր իր հետ… Այս կոտորածին իրենց մասնակցութիւնը ունեցած էին պետական կառոյցներու շատ ներկայացուցիչներ, որոնք առանձնացուցած էին հայերու ցուցակները, գազազած ամբոխին ուղղորդել դէպի հայերու բնակարանները… Այս կոտորածը կը հովանաւորուէր նաեւ մոսկովեան որոշ պաշտօնեաներու կողմէ, որոնք կը կամենային ցեղասպանութեան միջոցով լռեցնել ոտքի կանգնած ղարաբաղցիները, անոնցմէ խլել ինքնորոշման պայքարը:
Պատմութեան մեր դասագիրքերուն մէջ յետագային գրուեցաւ.
«1988 թ. փետրուարի 26-ին Բաքուից 20 կիլոմետր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Սումգայիթ քաղաքում ադրբեջանական իշխանութիւնների կողմից հայ բնակչութեան բնաջնջում սկսուեց, որն ուղեկցւում էր հայերի ունեցուածքի թալանով եւ ոչնչացմամբ: ԽՍՀՄ ղեկավարութեան լռութեան պայմաններում երեք օրուայ կոտորածների ընթացքում վիրաւորուեցին տասնեակ եւ սպանուեցին 53 մարդ, ընդ որում` սպանուածների մի մասը տանջամահ էր արուել, իսկ դիակներն այրել էին»:
Փետրուար 29-ին Սումկայիթ մտաւ խորհրդային բանակը, որ, սակայն, գրեթէ ոչինչ չըրաւ հայ բնակչութիւնը պաշտպանելու համար: Ատրպէյճանցի հրէշն արդէն ըրած էր իր սեւ գործը…Սումկայիթի հայութեան կոտորածն առաջին էթնիկ բռնութիւնն էր ԽՍՀՄ-ի նոր պատմութեան մէջ եւ մեծ դեր ունեցաւ ինչպէս ընդհանուր ԽՍՀՄ փլուզման, այդպէս ալ Ղարաբաղեան պատերազմի բռնկման մէջ: Սումկայիթի ցեղասպանութեան փաստի քօղարկման եւ միջազգային հանրութեան ապատեղեկացման արդիւնքով Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէ շարունակուեցաւ հակահայկական ուժեղ քարոզչութիւնը, որ յանգեցուց յունուար 1990թ. Պաքուի կոտորածներուն, որոնց զոհ գացին հարիւրաւոր խաղաղ հայ բնակիչներ: 1988-1990թթ. ատրպէյճանական իշխանութիւններու կողմէ իրականացուող հայերու զանգուածային ջարդերու արդիւնքով վտարանդի դարձաւ Ատրպէյճանի ամբողջ հայկական համայնքը` առնուազն կէս միլիոն մարդ: Կոտորածները ոչ այլ ինչ էին, քան պատասխան Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան խաղաղ ցոյցերուն, որոնց պահանջն էր իրականացնել ինքնորոշման իրենց սահմանադրական իրաւունքը:
1988թ. յուլիս 7-ին Եւրոպական խորհրդարանի կողմէ ընդունուած է Սումկայիթի կոտորածը դատապարտող բանաձեւ, ուր մասնաւորապէս ըսուած է. «Նկատի ունենալով Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի` Հայաստանի մաս հանդիսանալու պատմական իրողութիւնը (մարզի բնակչութեան 80%-ը կը կազմեն հայերը), ինչպէս նաեւ 1923 թ.-ին այս մարզը կամայական որոշմամբ Ատրպէյճանին միացնելու հանգամանքը, ինչպէս նաեւ 1988թ. փետրուարին ատրպէյճանական Սումկայիթ քաղաքին մէջ հայերու կոտորածը,եւ նկատի ունենալով, որ Ատրպէյճանի մէջ վատթարացող քաղաքական իրավիճակի պատճառով տեղի ունեցան հայերու զանգուածային սպանութիւններ Սումկայիթի մէջ եւ բռնութիւններ Պաքուի մէջ, որու հետեւանքով հայերու համար վտանգաւոր է ապրիլ Ատրպէյճանի մէջ, կը դատապարտէ Ատրպէյճանի մէջ հայ ցուցարարներու հանդէպ բռնութիւններն ու ճնշումները»:
Այս համառօտ նկարագրութիւնը արդէն իսկ պերճախօս է: Այստեղ մեր ուշադրութիւնը կը սեւեռէ Եւրոպական խորհրդարանի կողմէ ընդունուած բանաձեւին, որն, ըստ էութեան, նաեւ պետութեան մը նկարագիրն է, անով արմատաւորուած մօտեցումներու եւ մտայնութեան գնահատութիւնը: Ու այս բանաձեւի գոյութիւնը կը դառնայ չափազանց կարեւոր յատկապէս հիմա, երբ կը շարունակուին ղարաբաղեան խնդիրի շուրջ ձեւաւորուած բանակցութիւնները, երբ շատերը կը շարունակեն պաշտպանել Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան թէզը` պարտադրելով արցախցիներուն ապրիլ «նոյն յարկի տակ», պետութեան մը մէջ, ուր ցեղասպանութիւնները դարձած են սեփական պատմութեան անկապտելի մասերը: Ատրպէյճանը միջազգային ատեաններու մէջ հանդէս կու գայ տարաբնոյթ հաւաստիացումներով, խոստումներ տալով, թէ արցախցիներու համար պիտի ստեղծէ բոլոր պայմանները, ոմանք կ’արդարացնեն եւ կը պաշտպանեն Ատրպէյճանին, բայց ոչ մէկը չուզէր հայեացք մը յառել ոչ հեռու անցեալի պատմութեան ու հաստատել այն ճշմարտութիւնը, որ երբեք գազանը չի կրնար փոխել իր մորթը, երբեք չի կարելի վստահիլ անոր, որ արդէն ոչ մէկ անգամ իր իսկական դէմքը ցոյց տուած է…
Լեւոն Մութաֆեան