ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սուսաննա Ստեփանեան (40 քլկ.) դարձաւ Եւրոպայի պատանիներու ճիւտոյի ախոյեան:
Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ տեղի ունեցած ճիւտոյի Եւրոպայի պատանեկան ախոյեանութեան մրցումներուն ընթացքին, գիւմրեցի մարզիկը 3 յաղթանակէ ետք հասաւ եզրափակիչ փուլ, երբ մրցեցաւ հունգարացի Լուքա Մամիրայի դէմ եւ յաղթանակով աւարտեց անոր դէմ մրցումը եւս:
Ճիւտոյի Եւրոպայի պատանեկան ախոյեանութեան կը մասնակցին 30 երկիրներէ առաւել քան 300 մարզիկներ: