ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Անհաշիւ է թիւը այն մարդոց, որոնք ցարդ յաջողած են ճշմարտութեան փայլքը նսեմացնել, առանց սակայն ճշմարտութիւնը կարենալ հերքելու: Այս հսկայ տարբե-րութիւնը, որ կայ վերոյիշեալ երկու արարքներուն միջեւ, ճշմարտութեան զօրութենէն կը պատճառուի: Աստուած ճշմարտութիւն է. ճշմարտութիւնը միշտ Աստուծոյ քով է, այսինքն Ան գիտութիւնը ունի բացարձակ ճշմարտութեան, որովհետեւ ամենագէտ է: Ուրեմն, մեր հասկացութեամբ ճանչցուած ճշմարտութիւնը Աստուծոյ նման է՝ միակն է, բացարձակ է, անհերքելի է:
Ճշմարտութիւնը ծածկելը կամ անոր փայլքը նսեմացնելը, մութի մէջ գործող մարդոց ծրագիրներուն մաս կը կազմէ, որովհետեւ ճշմարտութիւնը սիրողը լոյսին կու գայ, ինչպէս կ՛ըսէ Յիսուս իր վարդապետութեան մէջ: Այնտեղ բացատրուած խաւարը, զգալի մթութիւնը չէ՛ միայն: Անիկա խաւարին նիւթական ըմբռնումն է: Աննիւթեղէն ըմբռնումով խաւարը այն միջավայրն է, ուր տեղի կ՛ունենան չար գործերը: Գողերը լոյսը չեն սիրեր: Անոնք մութին մէջ կը գործեն, զգուշութեամբ կը շարժին, որ մարդ իրենց կատարածին մասին փաստ չունենայ:
Սուտին ծովը այնքան խոր է եւ ընդարձակ, որ նոյնիսկ անոր մասին մտածելը պէտք է մարդու հոգին սարսափի զգացումով պարուրէ: Այս ծովը չի՛ նմանիր հայելիի նման ջինջ ծովերու, որոնց խորութիւնը եւս բարձրէն տեսանելի կ՛ըլլայ: Երբեմն նաւու տանիքին վրայ կանգնած ճամբորդներ այնքան հիացումով կը դիտեն խոր ծովուն յատակը, հետեւելով մեծ ու փոքր ձուկերու շարժումներուն: Նման ծովերու կարելի է հանդիպիլ միայն այնպիսի երկիրներու մէջ, որոնք իրենց սահմաններուն մէջ եղած ծովերուն մեծ հոգատարութիւն ցոյց կու տան: Որոշ երկիրներու մէջ աղբը, թափօնները եւ այլ ապականիչ նիւթեր կառավարական անպատասխանատու եւ բնութեան նկատմամբ անհոգ պաշտօնեաներու հրահանգով ծով կը թափուին: Ծովու ջինջ կապոյտը, ջուրերուն անարատութիւնը կը պղծուի այս արարքով, որուն հետեւանքով յատակը անտեսանելի կը դառնայ:
Բարոյական կեանքի բարձրութիւնը կարելի է չափել մարդ էակին ճշմարտա-խօսութեամբ: Ուրիշ խօսքով, ճշմարտախօսութեան առաքինութիւնը ցուցանիշ է մարդ էակի բարոյական բարձրութեան: Այստեղ կայ նրբութիւն մը, զոր պէտք է ընդգծել. քու ճշմարտախօս ըլլալուն մասին որեւէ խոստովանութիւն անիմաստ է, որովհետեւ այդ մասին խօսիլը եւ իսկապէս ճշմարտախօս ըլլալը տարբեր բաներ են:
Իր կատարած աշխատանքին համար չգնահատուած անձ մը դժգոհութեամբ կ՛արտայայտուէր, կը բողոքէր հանրութեան դէմ եւ բոլորը կ՛այպանէր իր նկատմամբ ցուցաբերուած ապերախութեան մեղքով: Սակայն հանրութիւնը չէր պատասխաներ իր բողոքին ու անտարբերութեամբ կը մօտենար հարցին, կասկածելով անոր ճշմար-տախօսութեան: Սոյն առաքինութեան բացակայութիւնն էր տուեալ մարդուն մէջ, որ դժուարացուցեր էր դրութիւնը, ընդվզում յառաջացնելով անոր անձին դէմ:
Ճշմարտախօսութեան բացակայութիւնը պատճառ կը դառնայ ստախօսութեան եւ զրպարտութիւններու, որոնք շղթայի օղակներու նման իրարու կ՛ագուցուին շատ արագ, անվերջանալի շարան մը դառնալով: Սուտը սկիզբ մը կ՛ունենայ, սակայն ոչ մէկ երաշխիք կայ անոր երկարատեւ կամ կարճատեւ կեանք ունենալուն: Երբեմն այնպէս կը պատահի, որ փոքր սուտ մը պատճառ կը հանդիսանայ «փառաւոր» կամ մեծ սուտի, որուն հետեւանքները շատ ծանր կ՛ըլլան: Պատահած է նաեւ, որ սուտի
գործածութեամբ մարդիկ «փրկուած» են ստոյգ ձերբակալութենէ կամ դատական ատեաններէ ազատած են իրենց օձիքը: «Հալած իւղի պէս» սուտ խօսողներու շատ կարելի է հանդիպիլ կեանքի մէջ, մինչ կան ուրիշներ, որոնց դէմքը յանկարծ կը շառագունի նոյնիսկ փոքր սուտ մը խօսելու պարագային: Ոմանց կարծիքով՝ ինքնավստահութիւնը կարեւոր գործօն է մարդս նման կացութիւններէ դուրս բերող: Սակայն, բարոյական մօտեցումը քննադատական կեցուածք կ՛որդեգրէ այս գծով:
Ճշմարտախօսութիւնը պէտք է ըլլայ ինքնավստահութիւն ներշնչողը եւ ոչ թէ սուտը կամ ստախօսութիւնը: Ահա տարբերութիւնը ստախօս անձի անպարկեշտութեան եւ ճշմարտախօսին բարոյական բարձրութեան: Ճիշդ է, որ երբեմն կան տկար բնաւորութեամբ կամ ամչկոտ ճշմարտախօսներ, որոնց լեզուն կը կարկամի վախի եւ սպառնալիքներու ազդեցութեան տակ, սակայն անոնք չեն դադրիր ճշմարտախօս ըլլալէ: Անոնք անպայման յարմար առիթով վկայութիւն կու տան իրենց տեսածին մասին, չդաւաճանելով իրենց սկզբունքներուն: Սակայն ստախօսները ճիշդ հակառակ ընթացքով կը յառաջանան, որովհետեւ որքան սպառնալիք տեղայ իրենց գլխուն, այնքան աւելի կը զօրացնեն իրենց սուտ փաստերը, աւելի մխրճուելով իրենց մահացու մեղքին՝ ստախօսութեան ծովուն մէջ:
Լսուած խօսք է, որ ծովը ամէնէն անուանի լողորդներուն ալ չէ՛ խնայած ու չի՛ խնայեր: Երբեմն աշխարհահռչակ լողորդներ յատուկ նաւերու հսկողութեամբ ծովեր կը հատեն, օրերով ջուրին մէջ մնալով եւ տեղ-տեղ միայն հանգստանալով: Այսպիսի անձեր որքան ալ ինքնավստահ շարժին, դարձեալ կրնայ պատահիլ անսպասելին, երբ ծովը իր ամեհի ալիքներով հարուածէ եւ կորստեան մատնէ տուեալ լողորդը:
Սուտի ծովն ալ նոյն բնութիւնը ունի: Այս ծովն ալ ո՛չ ոքի չի՛ խնայեր: Ոմանք փորձառութիւն ձեռք ձգած ըլլալով՝ իրենց ձեռքերն ու ոտքերը մեծ վարպետութեամբ աջ ու ձախ կը շարժեն, սակայն երբ վտանգ զգան, փոխանակ դարձի գալու, աւելի մեծ սխալներու մէջ կ՛իյնան, շատ աւելի վտանգելով իրենց կեանքը: Անոնք սուտով կ՛ուզեն ծածկել սուտը, առանց զգալու, որ այդ երկրորդ, երրորդ ու շարունակաբար միւս բոլոր «ծածկոյթները» աւելի բարակ կտաւներով կարուած կ՛ըլլան, եւ շատ շուտ փճացող կտորներով ձեւուած: Սուտի ծովուն մէջ իրենց այս արագաշարժութեան ընթացքին անոնք յաճախ օձին կ՛երկարեն իրենց ձեռքը, կարծելով, որ ապահով ճիւղ մըն է անիկա, որուն կառչելով դուրս պիտի գան:
Աշխարհի սկիզբէն իսկ մարդկութեան ծանօթ է օձին բնութիւնը՝ խորամանկ, նենգ, խաբեբայ ու վատ: Սակայն, ստախօսին հետ անոր յարաբերութեան մէջ նորութիւն մը նշմարելի է: Օձն իսկ կը խորշի ստախօսէն…: Անիկա մէկ անգամ կը թողու որ սուտի ծովուն մէջ խեղդուողը ձեռքը մեկնէ իր իրանին ու դուրս գայ վտանգէն: Սակայն, երբ ստախօսը երկրորդ անգամ փորձէ նոյն խաղը խաղալ իր գլխուն, օձը նոյնիսկ երես կը դարձնէ անկէ ու կը հեռանայ, ձգելով որ ստախօսը խեղդուի սուտի ծովուն մէջ…: Ուրեմն, տե՛ս թէ որքան զզուելի արարած մըն է ստախօսը, որուն սուտերը մեզ կրնան նոյնիսկ մահուան առաջնորդել: Մինչեւ այսօր որքա՜ն արդար մարդիկ ստախօսներու վատ խաղերուն զոհ գացած են, կորսնցնելով իրենց ստացուածքը, տուժելով իրենց առողջութիւնը եւ նոյնիսկ անձը:
Այս «ծովը» համատարած վիճակ ստացած է ներկայ խճողուած կեանքի առօրեային մէջ: Ստեղծագործութենէն առաջ եթէ ծովուն ջուրերը աշխարհը ամբողջ պատած էին, ներկայ ժամանակներուն մարդկութեան կեանքը պատեր է սուտի ծովը, որուն մէջ ճշմարտախօսները իրենց նաւակներով հազիւ կ՛երեւին: Անոնք զիրար կը քաջալերեն միշտ՝ ըսելով. «Սուտի ծովուն մէջ չխեղդուիս…»: