Կիրակի 4 Ապրիլ 2021-ին, Դամասկոսի Սբ. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ, Սբ. Յարութեան հանդիսաւոր պատարագ մատոյց Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը, Առաջնորդ Հայոց Դամասկոսի Թեմի: Սրբազան Հայրը Պատարագի ընթացքին ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Հայրապետի՝ Սբ. Յարութեան պատգամը: Ասորի Ուղղափառ Աֆրամ Բ Պատրիարքին որհնութեամբ, Սուրբ Պատարագին մասնակցեցան նաեւ Անթիմոս Ժագ Եագուպ եւ Եագուպ Պապաուի Եպիսկոպոսները, որոնք Սրբազան Հօր հետ սուրբ հաղորդութիւն բաշխեցին հաւատցեալներուն:
Սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնը հանդիսաւոր եւ գեղապաճոյճ կերպով ճոխացուց Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ «Նորահրաշ» երգչախումբ-դպրաց դասը, երգեհոնի նուակագցութեամբ տիկին Ռիթա Թասլագճեանի:
Սուրբ Պատարագին կը մասնակցէին Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան իար Տիգրան Գէորգեանը, Սուրիոյ Ժողովրդային Ժողովի (Խորհրդարան) Երեսփուան Տոքթ. Նորա Արիսեանը, Ազգային Իշանութեան Անդամներ եւ Դամասկահայ հոծ բազմութիւն:
Զատկական մթնոլորտը ճոխացուց Դամասկոսի Հ. Մ. Միութեան նուագախումբ փողերախումբը, որ կատարեց հայրենասիրական եւ ազգային երգեր։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագի Առաջնորդ Սրբազանը Հայրը ներկաներէն ընդունեց շնորհաւորանքներ հաւկթախաղի ուրախ մթնոլորտին մէջ:
Դիւան Դամասկոսի Ազգ. Առաջնորդարանի
4 Ապրիլ 2021