Հինգշաբթի, 13 փետրուար 2020-ին Սուրիոյ խորհրդարանը միաձայնութեամբ ճանչցաւ ու դատապարտեց Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս առիթով «Գանձասար» հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան, Սուրիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան յանձնաժողովի նախագահ դոկտ. Նորա Արիսեանի հետ:
«ԳԱՆՁԱՍԱՐ».- Հայոց ցեղասպանութեան հարցը նախապէս ալ արծարծուած էր Սուրիոյ խորհրդարանէն ներս, այս անգամ, սակայն, խորհրդարանը քայլ մըն ալ առաջ երթալով` Ցեղասպանութիւնը ճանչցող ու դատապարտող որոշում կայացուց: Ինչպիսի՞ զարգացումներու պատճառով այս յառաջընթացը արձանագրուեցաւ:
ՆՈՐԱ ԱՐԻՍԵԱՆ.- Նախքան 13 փետրուար 2020-ի Սուրիոյ խորհրդարանի նիստին Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւին օրակարգի վրայ տեղ գտնելը, 20 յունուար 2020-ին Սուրիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան յանձնաժողովը, որ հեղինակն է Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի նախագիծին, գումարեց իր արտակարգ նիստը, ուր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը լայն քննարկման առարկայ դարձաւ: Այնուհետեւ, յանձնաժողովը նիստին տեղեկագիրը ներկայացուց խորհրդարանի նախագահութեան, որպէսզի խորհրդարանական ժողովի օրակարգի կէտ դառնայ ան: Պէտք է ընդգծել, որ 2015-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, խորհրդարանը յատուկ նիստ տրամադրած էր Հայոց ցեղասպանութեան հարցի քննարկման: Միւս կողմէ, սոյն նստաշրջանին, տարբեր առիթներով, կարգ մը երեսփոխաններ դատապարտման հարցին արձագանգած էին:
«Գ.».- Դուք, ձեր մասնագիտութեան բերումով, ուսումնասիրած էք Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող Սուրիոյ վաւերագրական արխիւները, մամուլը, սուրիացի մտաւորականներու վկայութիւնները եւ այլն: Այդ բոլորը ինչպիսի՞ արժէք կը ներկայացնեն:
Ն. Ա.- Կը խորհիմ, որ գիտահետազօտական աշխատանքները մեծ դեր ունին հարցերու օրինականացման առումով, մանաւանդ` սուրիական աղբիւրները, որոնք անժխտելիօրէն կը վկայեն Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութեան մասին: Քննարկման ընթացքին անհրաժեշտ էր ներկայացնել սուրիական աղբիւրներ, որոնք արդէն իսկ բազմաթիւ վկայութիւններ կը պարունակեն: Վկայութիւններ, որոնք հիմք հանդիսացան նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող բանաձեւին, որուն մասին աւելի քան մէկ ժամ տեւած ելոյթներով արտայայտուեցան սուրիացի երեսփոխաններ:
«Գ.».- Սուրիոյ խորհրդարանի ճանաչումը կը տարբերի այլ երկիրներու խորհրդարաններու ճանաչումէն, որովհետեւ Սուրիան ու անոր ժողովուրդը վկաներն են նաեւ Ցեղասպանութեան: Աւելի քան 105 տարի անց, երկրի ներկայ պայմաններուն մէջ, ի՞նչ ուղերձներ կը պարունակէ այս ճանաչումը միջազգային ընտանիքին:
Ն. Ա.- Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած բանաձեւին մէջ յստակօրէն կ՛օգտագործուի «Հայոց ցեղասպանութիւն» բառեզրը եւ զայն դատապարտելու ու ճանչնալու հանգամանքը: Կարեւոր հնչեղութիւն ունեցաւ նաեւ բանաձեւին մէջ խորհրդարանին կոչը` ուղղուած աշխարհի խորհրդարաններուն եւ միջազգային հանրութեան` ճանչնալու եւ դատապարտելու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Բանաձեւը կը պարունակէ մարդկային, քաղաքական եւ իրաւական ուղերձներ: