Անգարան Սուրիոյ հարցին հետ կը վերաբերի քայլ մը առաջ եւ քայլ մը ետ սկզբունքով: Թրքական կառավարութիւնը ընդհանրապէս սրընթաց նահանջ կ՛արձանագրէ Սուրիոյ իրադրութեանց առնչուած իր ուժեղ յայտարարութիւններուն մէջ: Անգարան վարանոտ կեցուածք կ՛որդեգրէ` չնեղացնելու համար իր բնակչութեան մեծամասնութիւնը, յատկապէս անոնք, որոնք կը պատկանին ալեւիդ համայնքին ու կը հաշուեն աւելի քան քսան միլիոն բնակչութիւն:
Եթէ քիւրտերը, որպէս ազգային միաւոր, թրքական կառավարութեան համար մտահոգիչ տարր են ապահովական առումով, ապա ալեւիդները, իրենց համայնքային դըրուածքով աւելի վտանգաւոր կը համարուին: Յիշենք, որ 1937-ին թուրք կեդրոնական կառավարութիւնը տասնեակ հազարաւոր ալեւիդներ եւ քիւրտեր բանակին ձեռքով վայրագ ջարդի ենթարկեց եւ տեղի ունեցաւ Տէրսիմի սպանդը, այժմ Թունճէլի կոչուած շրջանին մէջ:
Մարդկային իրաւունքներու մասին եւրոպական տեղեկագիրի հրապարակումէն անմիջապէս ետք, ալեւիդներու հարցը կրկին երեւան եկաւ: Համայնքը դատական խնդիր բարձրացուց` բողոքելով Թուրքիոյ կառավարութեան համայնքային իրաւունքներու ոտնահարման դէմ: Այսօր, Էրտողանեան նոր օսմանցիներու օրով, նոյնիսկ աղօթատեղիներու կառուցումը գրեթէ անհնար դարձած է ալեւիդներուն համար:
Ալեւիդներու խնդիրը անդեղուած կը մնար մինչեւ սուրիական տագնապի յառաջացումը:
Հարկ է նշել, թէ Թուրքիոյ մէջ սուրիական «Տրովադայի ձի» մը գոյութիւն ունի, որ կը պարունակէ ալեւիդ թուրքեր, քիւրտեր, թուրքմէններ եւ արաբներ: Անոնք կը մերժեն Թուրքիոյ միջամտութիւնը Սուրիոյ խնդիրներուն, թուրք ժողովուրդի մեծամասնութեան նման: Այս է պատճառը Անգարայի վարանոտ կեցուածքին:
Թուրք ալեւիդներու ղեկավարներէն Ալի Քէնան Օղլու, Էլ Մայատին հեռուստակայանի հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ խնդիրներուն Էրտողանի կառավարութեան միջամտութիւնը անընդունելի է ոչ միայն ալեւիդներուն, այլեւ թուրք ժողովուրդի մեծամասնութեան համար:
Թուրքիոյ վերջին արիւնալի դէպքերուն ընթացքին, Էրտողան անսպասելիօրէն ամբաստանեց թուրք ալեւիդները` երկրին մէջ մէկէ աւելի անգամներ անկայունութիւն եւ խռովութիւն յառաջացնելու, նաեւ թրքական հողերէն որոշ մասերու վրայ պետութեան մը յառաջացման ձգտելու յանցանքով. այլ խօսքով` Էրտողան ամբաստանեց զանոնք Թուրքիան տարբաժանելու մեղադրանքով:
Առ այդ, օր ըստ օրէ կը բազմանան Սուրիոյ տագնապի հետեւանքով ծնունդ առած կրօնական հակամարտութիւններու դէպի Թուրքիոյ հարաւ արեւմուտք արտածման հաւանականութիւնները, ուր շատ նուրբ ազգաբնակչական հաւասարակշռուածութիւն մը կը պահուի` սիւննիներու, ալեւիդներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ:
Իրականութեան մէջ, սուրիական «Տրովադայի ձի»ն Թուրքիոյ կարեւորագոյն եւ ընդհանրապէս բոլոր շրջաններուն մէջ է, իսկ թուրք ժողովուրդի մեծամասնութիւնը, իր բոլոր երանգներով, Էրտողանը հետզհետէ աւելի նեղ կացութեան կը մատնէ: Այս է պատճառը Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Անգարայի յարձակողական, միաժամանակ տատամսոտ քաղաքականութեան: Այսպէս կը հասկնանք Թուրքիոյ վարած քաղաքականութիւնը, որ մեծաւ մասամբ հիմնուած է առատ խօսքի եւ քիչ գործի վրայ:
Լեւոն Զաքի Ետալեան