Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ յայտարարած է, որ սուրիական օդուժը պատրաստ է արժանի հակահարուած տալու Թուրքիոյ, որ իր գործողութիւններով կը խախտէ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը:
«Պի.Պի.Սի.»-ին հետ հարցազրոյցի ընթացքին Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը նշած է, թէ իրենք հիւսիսային Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ գործողութիւնները կը նկատեն բռնագրաւում, եւ Դամասկոս պատրաստ է արժանի հակահարուած տալու ատոր:
Ի պատասխան այն հարցումին, թէ Ռուսիան լուռ համաձայնութիւն տուած է Անգարային` արտօնելով թրքական զինեալ ուժերուն մուտք գործել Աֆրին, Մըքտատ պատասխանած է. «Չեմ գիտեր: Մենք գիտենք, թէ ի՛նչ կը մտածէ Ռուսիան, եւ չենք կարծեր, որ Ռուսիան որոշում պիտի տայ Սուրիոյ փոխարէն կամ պիտի խախտէ այն սկզբունքները, որոնցմով մինչեւ օրս գործած է Սուրիոյ տարածքին մէջ»: