Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան միացեալ գործադիր մարմինը կազմակերպած է «Սուրիահայութեան տագնապը եւ մենք» խորագիրով դասախօսական երեկոյ մը, որ տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի, Փետրուարի 10, 2014ի երեկոյեան ժամը 7ին, Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ «Նազարէթ եւ Սիմա Գալայճեան» սրահին մէջ, 3325 N. Glenoaks Blvd., Պըրպենք:
Կը զեկուցեն Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալպանտեան եւ Հալէպէն ժամանած բժիշկ Գրիգոր Ատանալեան:
«Այս բացառիկ առիթ մըն է սուրիահայութեան վիճակով մտահոգ մեր ժողովուրդին, անձնապէս եղելութիւնը իմանալու եւ վերանորոգելու իրենց յանձնառութիւնը ու ձեռք երկարելու՝ անոնց գոյապայգարը ապահովելու համար», կը յայտնէ Գործադիր մարմինի ատենապետ Զաւէն Խանճեան:
Հանրութեան մուտքը ազատ է:
Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան միացեալ մարմինը կազմուած է Օգոստոս 2012ին հետեւեալ անդամներէն՝ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ ԱՄՆի Արեւմտեան թեմ, Հայց. Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմ, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ թեմ, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւն, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆի Արեւ-մտեան շրջան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն եւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն: Հասցէ՝ Syrian Armenian Relief Fund, P.O. Box 1948, Glendale, CA 91209-1948: Համացանցի հասցէ՝
www.SyrianArmenianReliefFund.org: