Երկուշաբթի, 6 Յուլիսի առաւօտեան, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին մէջ պաշտօնապէս ընթացք առաւ սուրիահայ աշակերտներու ամառնային դասընթացքը, որ կ՛երկարի մէկուկէս ամսուան վրայ:
Դասընթացքը կ՛ընդգրկէ միջնակարգի աշակերտութեան անգլերէնի եւ գիտական դասերու մասնագէտ ուսուցիչներու հսկողութեամբ: Դասընթացքը կը հովանաւորէ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի Տիաքոնա եւ ընկերային արդարութեան բաժանմունքը:
Դասընթացքին կը մասնակցին լիբանանահայ զանազան վարժարաններէ եւ Հալէպէն նոր եկած 30 սուրիահայեր: