Սուրիա-Հայաստան բարեկամական յանձնախումբի նախագահ, Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ երեսփոխան Նորա Արիսեան «Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին դիտել տուաւ, որ «Քորոնա» ժահրի տարածման դէմ պայքարելու համար Սուրիոյ կառավարութիւնը նախաձեռնած է շարք մը քայլերու, որոնք, ըստ նախատեսուածին, իրականացած են արդէն: Կազմուած է քանի մը նախարարութենէ բաղկացած կառավարական խմբակ, ինչպէս նաեւ ստեղծուած են յատուկ յանձնախումբեր:
Որոշում տրուած է նահանգներու, քաղաքներու, արուարձաններու եւ գիւղերու միջեւ երթեւեկը դադրեցնելու վերաբերեալ: Սահմանուած են պարէտային ժամեր` կասեցնելու քաղաքներուն մէջ փոխադրութիւնն ու հետիոտն երթեւեկը:
Ըստ Արիսեանի, քաղաքներուն մէջ հականեխման աշխատանքներ կը կատարուին, փակուած են պետական հիմնարկները, կրթական հաստատութիւնները` դպրոցներն ու համալսարանները: Չեն գործեր նաեւ ճաշարաններն ու մարզասրահները, հանրային կառոյցներն ու վայրերը:
«Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը փակած է երկրի բոլոր անցակէտերը եւ որոշած է մեկուսացնել անօրինական կերպով երկիր մուտք գործած Սուրիոյ քաղաքացիները: Ինչ կը վերաբերի խորհրդարանին, նստաշրջանի աւարտին շաբթուան նիստերը (մարտ ամսուան վերջին շաբաթն էր) չեղեալ նկատուած են:
«Ներկայիս Սուրիոյ մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուած 16 դէպք, որոնցմէ երկուքը մահացած են: Անպայման պէտք է արձանագրեմ, որ Սուրիոյ համար դժուար է պայքարիլ այս համաճարակին դէմ` Սուրիոյ դէմ սահմանուած եւ պարտադրուած տնտեսական պատժամիջոցներուն պատճառով, որոնք բացասական ազդեցութիւն ունեցած են առողջապահական ոլորտին վրայ: Այդ պատճառով վերջերս Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նամակներ յղեց ՄԱԿ-ին` Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցներ սահմանած երկիրներուն վրայ ճնշում գործադրելու համար, քանի որ անոնք կը խախտեն միջազգային մարդասիրական իրաւունքի օրէնքները», ընդգծեց Նորա Արիսեան:
Անդրադառնալով սուրիահայ գաղութին` երեսփոխանը ըսաւ, որ Դամասկոսի հայերը կը հետեւին «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի բոլոր պահանջներուն: Հայկական եկեղեցիներն ու միութիւնները կը հետեւին պետական օրէնքներուն` փակելով իրենց կեդրոններուն դռները:
«Մեր վարժարանները անցան առցանց դասաւանդման: Բոլորս կը փորձենք մեղմացնել տագնապը` մեր գաղութին աջակցելով թէ՛ նիւթական, թէ՛ բարոյական իմաստով: Հայկական վարժարաններու անձնակազմի աշխատավարձը կը տարուի ուսուցիչներուն տուները», տեղեկացուց Նորա Արիսեան:
Ան նշեց, որ շարք մը միութիւններ, ինչպէս` Սուրիոյ օգնութեան խաչը, շարունակելով իրենց ծառայութիւնը, նիւթական նպաստներ եւ Սուրբ Զատիկի առիթով նիւթական օժանդակութիւն կը բաժնեն կարիքաւոր ընտանիքներուն: «Ա. Ահարոնեան» կեդրոնը կազմած է բժշկական խորհրդատու մարմին, ինչպէս նաեւ շտապի յանձնախումբ: «Դամասկոսի մէջ միութիւններն ու բարերար ազգայինները կ’օժանդակեն գաղութին այս դժուար պայմաններուն մէջ», եզրափակեց Նորա Արիսեան: