ԱՆԳԱՐԱ, «Թելեկրաֆ».- Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ զինուորական ղեկավարներուն միջեւ վերջին երեք օրերուն տեղի ունեցած բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ Չորեքշաբթի, 7 Օգոստոսի երեկոյեան յայտարարուեցաւ, որ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ «ապահով գօտի» մը հաստատելու գծով համաձայնութիւն գոյացած է, սակայն տակաւին անոր մանրամասնութիւնները չեն հրապարակուած։
Մէկ օր առաջ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըր դարձեալ յայտարարած էր, որ Սուրիոյ հիւսիսը թրքական որեւէ զինուորական գործողութիւն պիտի ըլլայ անընդունելի՝ աւելցնելով. «Ուաշինկթըն արգելք պիտի հանդիսանայ Սուրիոյ մէջ միակողմանի ներխուժման, սակայն կը յուսայ Անգարայի հետ համաձայնութիւն գոյացնել»։
Նոյն օրը, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած էր, որ եթէ Թուրքիա հիւսիսային Սուրիոյ մէջ «պէտք եղածը չկատարէ, հետագային շատ սուղ գին պիտի վճարէ», եւ սպառնացած էր «շուտով Եփրատի արեւելեան ափին դէմ զինուորական գործողութիւն շղթայազերծել»:
Միւս կողմէ, «ՖուրաթՓոսթ»ը հրապարակեց տեսանիւթ մը, որուն մէջ կ՛երեւին Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեամբ միջազգային դաշինքին պատկանող շուրջ 200 բեռնակառքեր, որոնք Իրաքի Քիւրտիստանի ինքնավար մարզին հետ Սիմալքա սահմանային անցքէն մուտք գործած են Սուրիա եւ հասած Գամիշլի ու քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջանները: