Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Սուրիոյ Մէջ Ռուսական Ռազմակայանին Վրայ Յարձակումը Սկսած Է Իտլիպէն. Մոսկուա

January 12, 2018
in Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0

ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը  11 Յունուարին ցուցադրեց ռուսական ուժերուն կողմէ զգետնուած անօդաչու թռչող սարքերէն մէկը, որ օգտագործուած էր անցեալ շաբաթ, Սուրիոյ մէջ ռուսական Հմէյմիմ ռազմակայանին եւ Թարթուսի ծովային խարիսխին դէմ կատարուած յարձակումին ընթացքին։

Մոսկուա շաշտեց, թէ յարձակումը սկսած է Իտլիպէն, ուր ապաստանած են Սուրիոյ իշխանութեանց դէմ զինեալ պայքար մղող զինեալ խմբաւորումներ, որոնց մէկ մասը կը վայելէ Թուրքիոյ աջակցութիւնը։ Առանց անուն տալու, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, թէ օտար ուժեր մեղսակից են ռուսական դիրքերու դէմ յարձակումին, միաժամանակ նշելով, որ յարձակումի պահուն օդային տարածքին մէջ հերթապահութիւն կը կատարէր ամերիկեան հետախուզական օդանաւ մը:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «Տարօրինակ զուգադիպութիւն է. ինչո՞ւ Սուրիոյ մէջ ռուսական ռազմական կառոյցներու վրայ ահաբեկիչներու անօդաչու թռչող սարքերու յարձակման պահուն՝ Միջերկրական ծովուն վրայ 4 ժամէն աւելի 7000 մեթր բարձրութեամբ հերթապահութիւն կատարած է Միացեալ Նահանգներու ծովուժին պատկանող օդանաւը»։

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ մեկնաբանած է Փենթակոնի յայտարարութիւնը՝ բաց շուկայի մէջ հասանելի այնպիսի ճարտարագիտութիւններու մասին, որոնք օգտագործուած են ռուսական ռազմակայանին դէմ յարձակումը կատարելու ընթացքին:

«Ի՞նչ ճարտարագիտութիւններու մասին է խօսքը. ո՞ւր կը գտնուի տուեալ «շուկան» եւ ի՞նչ գաղտնի սպասարկութիւններ կը զբաղին համաշխարհային հետախուզութեան տուեալներու առեւտուրով», հարց տուած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Նշենք, որ անօդաչու թռչող սարքերը  6 Յունուարի գիշերը Թարթուսի մէջ ռուսական զինուորական կառոյցներու եւ Լաթաքիոյ Հմէյմիմ ռազմակայանին դէմ յարձակում գործած էին: Օրին հաղորդուած էր, որ ռուսական պատերազմական օդանաւեր վնասուած են, սակայն, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքած է այդ լուրը:

Previous Post

1000s demand president’s ouster in Peru

Next Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆՆ ՈՒ ՀԱՐԵՎԱՆ ԵՐԿՐՆԵՐԸ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԲԱՆԿԻ ՆՈՐ ԿԱՆԽԱՏԵՍՈՒՄՆԵՐՈՒՄ

Please login to join discussion
  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password? Sign Up

Create New Account!

Fill the forms below to register

All fields are required. Log In

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In