Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Սուրիոյ վրայով եգիպտական կազ ստանալու վերջնական համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ. 4 ժամ յաւելեալ ելեկտրականութիւն

June 22, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Lebanon signs gas importation deal with Egypt and Syria

Երէկ կէսօրին ուժանիւթի նախարարութեան մէջ կատարուեցաւ Լիբանանի` Սուրիոյ վրայով եգիպտական կազ ստանալու վերջնական համաձայնագիրին ստորագրութիւնը:

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ համաձայնագիրի ստորագրութենէն ետք մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ այս համաձայնագիրին շնորհիւ Լիբանան հասնելիք եգիպտական կազը Սուրիոյ վրայով պիտի հասնի Տէյր Աամարի ելեկտրակայան:

Ան հաստատեց, որ այս համաձայնագիրը կարելի չէր ըլլար ստորագրել, եթէ Եգիպտոս ուղղակի համաձայնութիւն տուած չըլլար եւ անոր մանրամասնութիւններուն չհետեւէր:

«Այս համաձայնագիրին ստորագրութիւնը կը նշանակէ, որ Լիբանան, Եգիպտոս, Յորդանան եւ Սուրիա իրենց պարտականութիւնները կատարած են` լիբանանցի ժողովուրդին ելեկտրականութիւն տրամադրելու համար», ըսաւ Ֆայեատ:

Ան ընդգծեց, որ այս ծրագիրին գործադրութիւնը պիտի կարենայ Լիբանանին 4 ժամ յաւելեալ ելեկտրականութիւն ապահովել, բան մը, որուն Լիբանան մեծ կարիք ունի:

Ֆայեատ աւելցուց նաեւ, որ Լիբանան կ՛ակնկալէ, որ Միացեալ Նահանգներ իր վերջնական երաշխիքը շնորհէ Սուրիան «Սիզըր» պատժամիջոցներէն զերծ կացուցելու, որպէսզի կարելի ըլլայ այս ծրագիրին գործադրութիւնը:

Համաձայնագիրը ստորագրեցին լիբանանեան նաւթի ընդհանուր տնօրէն Օրոր Ֆղալի, Եգիպտոսի պաշտօնատար Մաժտի Ժալալ եւ Նապիհ Խրիսթի` սուրիական նաւթի ընդհանուր տնօրէն:

Նշենք, որ համաձայնագիրին գործադրութեան շրջագիծին մէջ, տարեկան դրութեամբ Սուրիոյ վրայով Լիբանան պիտի փոխադրուի 650 միլիոն խորանարդ մեթր եգիպտական կազ:

Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանի ներկայացուցիչը իր կարգին այս առիթով հաստատեց Սուրիոյ պատրաստակամութիւնը եգիպտական կազը առանց ուշացումի փոխանցելու Լիբանան` աւելցնելով, որ Սուրիա 6 ամիսէ ի վեր պատրաստ է այդ փոխանցումը կատարելու:

Previous Post

Նախագահ Աուն. «խորհրդակցութիւնները պիտի կատարուին, եւ կը փափաքինք ունենալ տնտեսական տագնապի լուծման ատակ արհեստավարժ վարչապետ մը»

Next Post

Արցախի հարցով Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակէ գործակցիլ Ռուսիոյ հետ

Please login to join discussion
  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password? Sign Up

Create New Account!

Fill the forms below to register

All fields are required. Log In

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In