Սուրի Պըրժ Շմալի պաղեստինեան գաղթակայանին մէջ երէկ երեկոյեան արձանագրուեցաւ հսկայ պայթում մը, որ ի յայտ եկաւ, թէ Համասի պատկանող զինամթերքի պահեստանոցի մէջ է:
Պայթումը պատճառեց 12 վիրաւորներ, որոնցմէ շատեր ծանրօրէն վիրաւորուեցան:
Բոլոր վիրաւորները փոխադրուեցան Ժապալ Ամել հիւանդանոց:
Լիբանանեան բանակը որդեգրեց ապահովական խիստ միջոցառումներ եւ արգիլեց դէպի գաղթակայան մուտքն ու ելքը, իսկ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը աշխատեցան հակակշիռի տակ առնել հրդեհը:
ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը իրենց կարգին պահանջեցին իրենց անձնակազմէն հեռու մնալ Պըրժ Շմալի շրջանէն: