Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Սպիտակի Երկրաշարժի Արժանաւոր Յիշատակութիւն Հայ Կաթողիկէ Ս․ Խաչ – Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանէն ներս

December 6, 2019
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Սպիտակի Երկրաշարժի Արժանաւոր Յիշատակութիւն Հայ Կաթողիկէ Ս․ Խաչ – Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանէն ներս

Ուրբաթ, 6 Դեկտեմբեր 2019-ի առաւօտուն, Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ – Հարպոյեան Բարձրագոյն վարժարանի դուռը բացուեցաւ իւրայատուկ լուսանկաներով: Տօնական հրապուրիչ զարդարանքի կողքին անհրաժեշտ էր կարեկցանքի շունչն ու ոգին փոխանցել հայ աշակերտին, որ բազում պարտաւորութիւններ ունի ազգին ու հայրենիքին հանդէպ:

7 Դեկտեմբեր, 1988 թուականը մեր մտքերուն մէջ խարսխուած աղէտալի թուական մըն էր, որուն զոհերը յարատեւ խունկի եւ աղօթքի պէտք ունին, իսկ փրկուողները՝ հոգեկան նեցուկի:

Առաւօտեան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք նախակրթարանի Առաջինէն Վեցերորդ դասարանի աշակերտները իրենց դաստիարակներու եւ հայերէնի դասատուներու ընկերակցութեամբ յաջորդաբար ներկայացան դպրոցիս մուտքի հիւրասրահը, յարգանքով ունկնդրեցին օրուան դէպքին մասին, ապա կարգով դիտեցին աղէտէն փրկուածներուն հայրենի լուսանկարիչի մը լուսանկարները: Աշակերտներուն թելադրուեցաւ ոչ միայն աղօթել զոհերուն հոգիներուն, այլ նաեւ՝ բոլոր հայ ժողովուրդին ու հայրենիքին համար, որպէսզի նման աղէտներ չկրկնուին, եւ  հայ ազգը միշտ ապրի խաղաղ ու երջանիկ: Ցուցահանդէսի ընթացքին աշակերտները ունկնդրեցին Շառլ Ազնաւուրի մեկնաբանած “Pour toi Armenie” երգը:

Երկրորդ հանգրուանով մը, վարժարանիս Միջնակարգ եւ Երկրորդական դասարաններու աշակերտները առիթ ունեցան լսելու Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Սեպուհ Վրդ. Կարապետեանի պատգամը, որ իր կարգին անդրադարձաւ 1988 Դեկտեբեր 7-ին տեղի ունեցած աղէտալի Սպիտակի երկրաշարժին մասին, որուն հետեւանքը մինչեւ օրս կը կրէ հայ ժողովուրդը, փաստօրէն թիթեղեայ տուներու մէջ աղքատիկ կեանք ապրող մարդիկ առօրեայ պայքար կը մղեն ապրելու եւ գոյատեւելու: Հայր Սեպուհ յորդորեց աշակերտները, որ իւրաքանչիւրը ըլլայ դեսպանն ու առաքեալը հայրենիքին, սիրել Հայաստանը, հաւատարիմ մնալ անոր, եւ ամէն օր մտածել, թէ ի՞նչ կրնանք տալ մեր ազգին ու հայրենիքին: Ան թելադրեց աշակերտներուն, որ պատկերներուն մէջ ներկայացուած անհատներուն  աչքերուն լաւ նայիլ, տեսնել անոնց մէջ կսկիծն ու յոյսը շաղախուած, ապա Սուրբ Ծննդեան նախօրեակին մաղթենք, որ յոյսն ու հաւատքը սերմ դնէ բոլորին սրտերուն: Աւարտին աշակերտները վարդապետին հետ աղօթեցին Տէրունական աղօթքը:

Previous Post

EU Citizens Hit Back at Boris Johnson for Saying Labour Wants to ‘Fiddle’ Final Say Vote on Brexit

Next Post

«ՀԻՄԱ՛ Է ՊԱՀԸ ՀԱՍՆԵԼՈՒ ՄԵՐ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒՆ ԾՈՎ ԿԱՐԻՔՆԵՐՈՒՆ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԱՆՈՆՔ ՆՈՒԱԶԱԳՈՅՆԸ ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՆ, ԹԷ ԱՆՏԷՐ ՉԵՆ» ՀԱՍՏԱՏԵՑ ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.