ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
1970-1973 տարիներուն, երբ ուսանող էի Երեւանի պետական համալսարանին մէջ, բանահիւսութեան դասախօս տիկին Նելլի Յակոբեանի ղեկավարութեամբ կը գործէր բանահիւութիւն հաւաքողների խմբակ մը, որ պարբերաբար արշաւներ կը կազմակերպէր դէպի Հայաստանի տարբեր վայրեր՝ բանահիւսութիւն հաւաքագրելու համար։ Ես աւելի յաճախ կը հանդիպէի տիկին Նելլիին՝ Քեսապի բանահիւսութենէն իմ հաւաքագրած նիւթերս իրեն ներկայացնելու , քննարկելու եւ առհասարակ խօսելու բանարուեստի եւ բանահաւաքչութեան մասին։
Օր մը, ինչպէս եղաւ, յայտնեցի իրեն, թէ գիտէ՞ք, Երեւանի հանրային զուգարաններու պատերուն վրայ, տալաններու պատերուն, կամուրջներու տակ այնքան գրութիւններ կան, ընդհանրապէս քաղաքական բնոյթի զազրելի, հայհոյալից գրութիւններ։ Անոնք ի՞նչ են, բանահիւսութեան ժանրերէն մէ՞կը, կ՛արտայայտե՞ն ժողովուրդի հոգեբանութիւնը։
Յարգելի դասախօսուհին կարծես խուսափեցաւ գնահատելու այդ բոլորը, բայց յայտնեց, որ ի հարկէ այնտեղ երբեմն կ՛երեւին արձանագրութիւններ, որ կ՛արժէ հաւաքագրել ու պատմեց, թէ Խորհրդային Միութեան թիւ մէկը՝ Նիքիթա Խրուշչովը, Հայաստան կու գայ Սայաթ Նովայի 250-ամեակին, ու Օփերայի դահլիճներէն մէկուն մէջ երկար-բարակ դասախօսութիւն կը կարդայ Սայաթ-Նովայի մասին․ քաղաքական ղեկավարը գրականագիտութիւն կ՛ընէ։ Շուտով՝ Սայաթ Նովայի աղբիւր-յուշարձանին վրայ կ՛երեւի հետեւեալ գրութիւնը․
Սայաթ Նովա, մտքի ծով ա,
Խրուշչովն ո՞վ ա, որ քեզ գովա։
Հաճելի դրուագով վերջացած մեր զրոյցը չփարատեց իմ այն մտմտուքը, թէ ինչու այսքա՛ն զազրախօս, հայհոյող են զուգարան մտնող մեր հայրենակիցները։ Ասիկա բարոյականութեան եւ դատիարակութեան հետ ի՞նչ կապ ունի։
Տարիներ անցան ու հիմա, արդէն քանի տարիէ ի վեր, այդ զազրախօսութիւններն ու հայհոյանքները զուգարաններու փակ դռներէն, կամուրջներու տակէն դուրս ելած են ու բարձրաձայն կ՛աղաղակեն հրապարակներու վրայ, մանուլին մէջ, հեռատեսիլէն, դիմատետրի էջերէն։ Հիմա անունով-մականունով յայտնի են անոնք։ Հոն են բոլորը, դիմատետրի օգտատէրէն սկսեալ մինչեւ յայտնիները՝ դերասաններ, երգիչներ, գրողներ, հասարակական եւ քաղաքական գործիչներ․․․։ Կը հայհոյեն ժողովուրդի անունով, հայրենիքի անունով, մտաւորականութեան անունով․․․
Իսկապէս դժուար եղած է Հայաստան ապրիլ․ օդը լեցուն է ապականութեամբ։ Հիմա ամեն խօսք Խորհրդային Հայաստանի օրերու զուգարան կը հոտի։
Ու ինչպէս միշտ՝ դրական երեւոյթներու առջեւ զարմանալու առիթ կը գտնենք․․․ Ես ալ զարմացայ, յետոյ հիացայ, յետոյ յուզուեցայ, երբ տեսայ, թէ չէ, լաւը կը շարունակէ ապրիլ, չ՛երեւիր հրապարակներու վրայ, բայց կայ շէնքերու յետին պատերուն վրայ, կամուրջներու տակ, կամուրջներու վրայ, ուրկէ, ըսինք․ արդէն «ազատագրուած են» ու հրապարակ լեցուած զազրախօսութիւնն ու հայհոյանքը։
Պատմեմ։ Աւանի երկաթեայ անցումէն բարձրացայ ու շնչասպառ կանգնեցայ մուտքին։ Երկաթեայ սիւներուն վրայ ամէն տեղ ձեռագիր գրութիւններ կային, ոմանք՝ վարժ, ոմանք՝ անվարժ ձեռագիրով։ Յիշեցի տիկին Յակոբեանի հետ իմ զրոյցս, նոյն բանը, ուրիշ ի՞նչ կրնայ ըլլալ։ Կարդացի․ զարմացայ, կարդացի երկրորդը, երրորդը, կարդացի աջ ու ահեակ կողմերու գրութիւնները, բո՛լորը․ զարմանալի, ո՛չ մէկ հայհոյանք, ո՛չ մէկ զազրելի արտայայտութիւն։ Բնաւ կարեւոր չէ, թէ ո՞վ է գրողը, մէջբերո՞ւմ է այլ հեղինակէ մը, թէ ինքնեկ շարադրանք։ Կարեւորը հոն անյայտներ կը խօսին լաւ բաներու մասին, լաւ բաներ կ՛ըսեն, լաւը կ՛ապրեցնեն։
Տեսէ՛ք, թէ սէրը ի՛նչպէս կը յայտնուի սա տողերուն մէջ․
Եկել եմ ապրեցնեմ քեզ,
Ու միւս օրերի պէս
Մոռացնել տամ ինձ,
Էսօր էլ միւս օրերի պէս․․․
Ասում են «մէկս մէկիս համար»,
Ճիշդ ա, մէկս մէկի համար․․․
Մէկն էլ միւսի․․․
Փակի՛ր աչքերդ,
Միշտ կամ ես,
Ու էս պահը։
Ուզում եմ իմ միշտը լինես ու միշտ իմը լինես․․․
Ասում են, թէ առանց սիրոյ կարելի է ապրել; Ես ժպտում եմ, կարելի է չմահանալ, ոչ թէ ապրել։
Հոն, այդ տողերուն մէջ, արտացոլուած կը գտնէք մեր ժամանակի մարդուն ապրումներն ու բողոքները, մինակութիւնը, եսապաշտութիւնը, սպասումներն ու յոյսը․ կարդացէ՛ք․
Սաղ գոռում են (սրտիկ գծանկար) չկայ,
Բայց մեռնում են (սրտիկ գծանկար) պակասից։
Ժամանակի հետ սովորում ես խմել սուրճը միայնակ, որովհետեւ կան լռութիւններ, որոնք երբեք չեն հասկացւում ու որոնք ունակ չեն ոչ ոք լսել։
Մարդիկ մենակ իրենց տխրութիւնն ու ցաւն են տեսնում, ոչ մէկը չի ուզում նայել դիմացի աչքերին․․․
Կեանքը իմ վրայ թքած կպցրած ունի, վա՛տ ճակատագիր:
Արի՛ ու մնա՛,
Ամեն մութ գիշերուանից յետոյ,
Մէկ ա, գալիս ա պայծառ առաւօտ։
Բոլոր հեռացումները լինում են ճիշդ ժամանակին, ուղղակի երբեմն վերադարձներն են ուշանում։
Իսկ պատերազմը, մեր նահատակները․․․ Ի՞նչ կ՛ըսեն ապրողները անոնց մասին․կարդացէ՛ք․
Իրաւունք չունես լացելու, երբ գիտես, որ խաղաղ կեանքդ եւ հայրենիքիդ ապագան նրա զինակիցների ձեռքում է։
Կորցրինք․․․
Հայեր ջան, մեռնեմ ախպորս ջանին։
Կը ներէք մեզ, որ ձեր չապրածը մենք ենք ապրում։
Նրանք զոհուեցին, որ մենք ապրենք։
Ու կը կենամ սա տողին առջեւ։ Կը մնամ երկար ու հազիւ-հազ յուզումս կը զսպեմ։ Կը բերեմ գյխագիրով, որովհետեւ կը զգամ, որ մեր ներքին պատերը մաքուր են, ամօթխածութիւն ու սրբութիւն կը պահեն․
ՔՖՈՒՐ ԳՐՈՂՆԵՐ,
ՅԻՇԷՔ, ՈՐ ՍՏԵՂՈՎ
ԿԱՐԱՅ ԱՆՑՆԻ ՆԱԵՒ ՁԵՐ ՄԱՅՐԸ։
Այլ ձեռագիր մը աւելցուցած է․
– Այո։