Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Ստեփանակերտի Մէջ Քննարկուեցան Համահայկական 7-րդ Ամառնային Խաղերու Կազմակերպչական Հարցերը

May 16, 2019
in Mobile Home, Newsletter, Մարզական
0
Ստեփանակերտի Մէջ Քննարկուեցան Համահայկական 7-րդ Ամառնային Խաղերու Կազմակերպչական Հարցերը

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան 14 Մայիսին ընդունեց Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ էին գլխաւոր բեմադրիչ Ռուբէն Յովհաննիսեան եւ տարբեր երկիրներու հետ աշխատանքներ իրականացնող պատասխանատուներ:

Ողջունելով ներկաները՝ պետական նախարարը նշեց, որ աշխատանքային խորհրդակցութիւնը նուիրուած է Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերու բացման եւ հիւրերու կեցութիւնը ապահովելու համար կազմակերպական հարցերը քննարկելուն:

«Մենք համապատասխան ժամանակամիջոցի մը մէջ պէտք է կարենանք աշխատանքները այնպէս իրականացնել, որ բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունենայ բոլոր չափանիշներուն համապատասխան, այդ իսկ պատճառով, բոլոր գերատեսչութիւններուն կը յորդորեմ աշխատանքները կազմակերպել համակարգուած եւ փոխգործակցութեան հիմքերու վրայ», նշեց Մարտիրոսեան:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար՝ Իշխան Զաքարեան նշեց, որ տարբեր ուղղութիւններով ձեւաւորուած աշխատանքային խումբերու համատեղ ջանքերուն շնորհիւ միայն կարելի է բոլոր հարցերուն շուրջ ունենալ կիրառելի լուծումներ: «Այդ օրերուն հանրապետութեան տարանցիկ ճանապարհները, քաղաքները, համայնքները պէտք է տօնական տեսք ունենան, աշխատանքներուն մէջ պէտք է ընդգրկենք մեծ թիւով կամաւորներ, իսկ կեցութեան վերաբերող հարցերուն լուծման ուղղութեամբ պէտք է օգտագործենք կարելի բոլոր տարբերակները», ըսաւ Զաքարեան:

Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում, եւ պետական նախարարին կողմէ տրուեցան համապատասխան յանձնարարականներ:

Խորհրդակցութեան մասնակցեցան Պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Կարէն Աբրահամեան, կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Նարինէ Աղաբալեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան, քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան, Ստեփանակերտի քաղաքապետ Սուրէն Գրիգորեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր:

Previous Post

Հայաստան Ամէնէն Հիասքանչ Վայրն է, Ուր Կրնաք Այցելել Այս Ամառ. «Մաթատոր Նեթուըրք»

Next Post

2020-ին Պիտի Սկսի Ճոպանուղիի Եւ Մեթրոյի Նոր Կայարանի Կառուցումը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.