ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի փոխվարչապետի պաշտօնակատար Մհեր Գրիգորեան եւ Հայաստանի մէջ ՄԱԿի մնայուն համակարգող Շոմպի Շարփ ստորագրեցին «Հայաստանի համար ՄԱԿի կայուն զարգացման գործընկերութեան 2021-2025 թուականներու շրջանակ» փաստաթուղթը:
Մհեր Գրիգորեան դիտել տուաւ, որ նշեալ փաստաթուղթին մէջ նշուած բոլոր ոլորտները եւ ուղղութիւնները Հայաստանի համար առանցքային դերակատարութիւն ունին: Փոխվարչապետի պաշտօնակատարը հաստատեց, որ այս փաստաթուղթին շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ առաւել եւս կենսագործել գործակցութիւնը:
Նշենք, որ գործընկերութեան շրջանակը ՄԱԿի ռազմավարական կարեւոր փաստաթուղթերէն է, որ կը սահմանէ Հայաստանի մէջ գործող ՄԱԿի բոլոր կառոյցներուն աշխատանքը յառաջիկայ հինգ տարիներուն ընթացքին։
Զարգացման ազգային առաջնահերթութիւններու հիման վրայ մշակուած համաձայնագիրը կ՛ամփոփէ ՄԱԿի` Հայաստանի մէջ գործող եւ ոչ-լիազօր 20 կառոյցներու հաւաքական առաջարկը՝ երկրին, որմով ՄԱԿը 230 միլիոն տոլարի ֆինանսական աջակցութիւն կը տրամադրէ` ի շահ հայ ժողովուրդին:
Շոմպի Շարփ դիտել տուաւ, որ գործընկերութեան շրջանակը նոր կարեւոր ուղենիշ է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան միջեւ արդէն իսկ խոր համագործակցութեան ուղղութեամբ: «Մենք համոզուած ենք, որ մեր գործընկերներուն հետ միացեալ ջանքերով կարեւոր ներդրում կ՚ունենանք համավարակի եւ հակամարտութեան կրկնակի ճգնաժամի ժամանակահատուածին մէջ` օգնելով երկրին ընթանալու դէպի աւելի լուսաւոր, խաղաղ եւ բարեկեցիկ ապագայ: Այս համաձայնագիրը կը սահմանէ Հայաստանի մէջ ՄԱԿի բոլոր գործակալութիւններուն յաւակնոտ եւ հաւաքական տեսլականը, որուն նպատակն է բարելաւել մարդոց բարեկեցութիւնը եւ կարելիութիւնները, նպաստել տնտեսական «Կանաչ» բարեփոխումներուն, ամրապնդել արդիւնաւէտ կառավարման համակարգը եւ խթանել հաւասարութիւնը», ըսաւ Շոմպի Շարփ։