Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
ամազգայինի Հալէպի Հայագիտական հիմնարկի վարչութեան հրաւէրով 10 մարտին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեան իր անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական հիմնարկ, շրջեցաւ դասարանները, զրուցեց ուսանողութեան հետ, ապա մտերմիկ հանդիպում ունեցաւ Շրջանային վարչութեան, հիմնարկի վարչութեան, դասախօսական կազմին եւ տնօրէնութեան հետ:
Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց տարուած անձնուէր աշխատանքը եւ անմնացորդ նուիրումը, որոնց շնորհիւ հիմնարկը 25 տարիէ ի վեր անխափան կը գործէ` հակառակ Սուրիոյ պատերազմին եւ տնտեսական ծանր պայմաններուն: