Գէորգ Պետիկեան
Կիրակի առաւօտ մը, պարոն Մարտիրոս սովորականէն շատ կանուխ ոտքի ելաւ: Արթննալը, հագուիլն ու պատրաստուիլը եւ ապա դէպի փողոցի դուռ հասնիլը գրեթէ մէկ եղաւ:
– Քա մարդ, ո՞ւր կ՚երթաս… այդպէս, այս ցուրտին.- յանկարծ կնոջ ձայնը խանգարեց սենեակին լռութիւնը: Մարդը յանկարծակիի գալով, հակառակ կնոջը պնդումներուն, նախ «ականջ չկախեց» ու երբ կը պատրաստուէր դուրս գալ տունէ, պատասխանեց բարձրաձայն ե՛ւ արագ, ե՛ւ ջղային:
– Ե կ ե ղ ե ց ի:
– Խէր է, մարդ, -անմիջապէս փոխադարձեց կինը:
– Այո՛, խէր է, սիրտս ուզեց, այս ալ արգիլուա՞ծ է, ըսաւ ու փողոցի դուռը բացաւ:
Զգալի էր, որ պարոն Մարտիրոսի ձայնին մէջ անժամանակ ըլլալու շեշտ մը կար:
– Քա՛ մարդ, դո՞ւն պիտի բանաս եկեղեցւոյ դուռը, համբերէ՛, ե՛ս ալ կու գամ: Հիմա հարսդ կամ փեսադ կու գան…, մեզ ալ իրենց հետ եկեղեցի կը տանին։
– Ո՛չ, կ՚ուշանամ, ուրիշ անգամ,…ահա՛ գացի,-ըսաւ կտրուկ եւ գործնական:
Խորքին մէջ, պարոն Մարտիրոս իրեն ուղղուած հարցումներուն պատասխանելու սովորութիւն չունէր: Ընդհանրապէս իր շուրջ բարձրացած աղմուկը շուտով մոռացման ծովուն մէջ կր նետէր, միայն ուսերը վեր առնելով: Աճապարանք մատնող քայլերով նետուեցաւ փողոց: Ըստ սովորութեան անցաւ մայթը, կտրեց յաջորդ փողոցը,՛ եւ ահա ինքզինք բերաւ հանրային «պաս»ի կայանը: Այսքան: Իրեն համար այս վայրը բոլորովին անծանօթ տեղ մը չէր: Ինք, շաբաթը մէկ կամ նոյնիսկ երկու անգամ քաղաքամէջի հայ մեծ վաճառուտուն-շուկան երթալու համար, հոսկէ «կ՛առնէր» պասը ու ոչ միայն իրենց՝ այլ իր զաւակներու ընտանիքներուն ալ ամբողջ շաբթուան գնումները ընելէ ետք, նոյն ձեւով ալ, ծանր տոպրակներով բեռնաւորուած՝ տուն կը վերադառնար:
Հակառակ իր յառաջացած տարիքին, տարիներէ ի վեր այս շուկայի ճամբան գոց ըրած էր: Անոր համար այլեւս անծանօթ չէին այդ պասերու գրեթէ բոլոր վարորդները: Ամէն անգամ որ ինք վեր, փոխադրակառք բարձրանար, նախ իր անգլերէնովը վարորդին յարգանքով մը կր բարեւէր: Յետոյ տոմսակը ցոյց կու տար: Ապա եթէ իրեն «բարեկամ» կամ «ծանօթ» վարորդներէն մէկը ըլլար, անոր հետ կատակ մը ընելէ ու գրպանէն պզտիկ շաքար մը հանելով հրամցնելէ ետք, պարապ աթոռ մը, տեղ մը գտնելով կը նստէր, միշտ աչքերը պատահունէն դուրս յառած, անխօս եւ անշշուկ:
Պարոն Մարտիրոս մեծ հայր էր: Կը սիրէր տալ, գուրգուրալ, գնահատել, վարձատրել: Շաքարը բոլորին համար էր, մեծին ու փոքրին, ծանօթին ու անծանօթին: Այս բոլորով հանդերձ սակայն, ինք երբեք Կիրակի օրով չէր փորձած պաս նստիլ: Ու երբ կայանին աչքի զարնող ամայութիւնը տեսաւ, շատ զարմացաւ: Վստահաբար պասերու կիրակնօրեայ ժամանակցոյցէն անտեղեակ էր: Կայանին աղտոտ, մրոտած եւ սեւցած ապակիին վրայէն փորձեց օրուան ժամանակացոյցը կարդալ եւ անմիջապէս փոսը ինկած մեծ աչքերուն տակէն իր ձեռքի ժամացոյցին նայեցաւ:
– Է~հ, տակաւին շատ ժամանակ կար, կը հասնէր, ըսաւ մտովի:
Այդ օր, կայանին մէջ, պարոն Մարտիրոս նախընտրեց ոտքի մնալ եւ չուզեց յաճախորդներուն յատուկ նեղ քարէ նստարանին նստիլ կամ անոր մօտենալ: Իսկապէս մտազբաղ կ՚երեւէր: Ձեռքերը ետեւ տանելով, աչքերը միշտ դէպի պասին գալիք ճամբան՝ համբերութեամբ սպասեց: Զարմանալի էր, չէ՞, որ տակաւին իրմէ զատ մարդ-յաճախորդ չկար: Իսկապաէս զարմանալի: Տասը վայրկեան ետք փոխադրակառքը հասաւ, կայանին նման պաս-պարապ: Վարորդն ալ իրեն անծանօթ մէկը կ՚երեւէր: Ուստի, անխօս եւ անաղմուկ փոխադրակառք բարձրացաւ, բարեւեց եւ առաջին շարքի աթոռներէն մէկը գրաւելով նստեցաւ: Պարոն Մարտիրոս երբեք այս դրութեան մէջ չէր եղած: Իրապէս բան մը զինք կը չարչարէր: Մտքին մէջ բազմաթիւ հոսանքներ կարծես տեսակ մը անծանօթ դիմադրութեան մը իրար կը բախէին: Հաստատապէս խառնաշփոթ իրավիճակ: Անհանգստացնող մտահոգութիւն: Կարծես գլխուն մէջ հրաբուխ ըլլար: Յօնքերը յաճախ վեր վար կը ցատ-քէին: Զգալի էր, թէ ինք նստած տեղը, մինակը անձայն կը խօսէր: Ճանապարհի բոլոր կայանները գրեթէ ամայի էին: Յաճախորդ չկար եւ եթէ կար՝ միայն մէկ կամ երկու հոգի էին: Ո՞ր խենթը այս ժամուն քաղաքամէջ կամ շուկայ պիտի երթար: Կիրակի էր չէ՞: Կիրակի օր նոյնիսկ Աստուած հանգիստ կ՚ընէր: Բայց որո՞ւ հոգը: Ինք եկեղեցի կ՚երթար: Երկու շաբաթէ ի վեր միտքը դրած էր: Այս մէկը անցեալ Կիրակի օր ալ ծրագրած էր, բայց օրուան տեղացող սաստիկ անձրեւին պատճառով, եկեղեցի երթալը յետաձգած էր: Եկեղեցի կ՚երթար հոգեհանգիստ «կարդալ» տալու իր վաղեմի սիրելի ուսուցիչի յիշատակին, որ իրեն համար պարզ մարդ մը չէր եղած: Նախակրթարանի գրասեղաններու հայերէն լեզուի դասատուն՝ պարոն Կարապետը, մեծ «մարդ» մըն էր, յաճախ իր շրջապատի խօսակիցներուն՝ իր «միտքը կոփող մեծ վարպետ» մակդիրով զայն կը յիշատակէր: Ինք, ամէն տարի նոյն այս օրերուն, պարտաճանաչ աշակերտի մը նման, առանց շրջապատը խանգարելու եկեղեցի կու գար, ու իբրեւ սրբազան եւ մեծ պարտականութիւն պարոն Կարապետի հոգւոյն հոգեհանգիստ կարդալ կու տար, լուռ ու անաղմուկ: Հիմա, սակայն, այս աղմկոտ մեծ ինքնաշարժին դանդաղ ընթացքը, տարբեր շունչ տուած էր իրեն: Հազիւ իր տեղը նստած, նախ աչքերը դուրսէն ներս կեդրոնացուց: Քանի մը վայրկեան ետք տարիներու հեռաւորութենէն կարօտով ու լուսաւոր զգացումով մը բաներ մը յիշեց: Իսկապէս, որ աչքերը սկսած էին փայլիլ: Գլխուն «հրաբուխը» մարած էր: Այլեւս ռունգերէն մուխ չէր ելլեր: Եզակի եւ վճռական ինքնագոհութիւն մը, ժպիտ մը գծած էր պարոն Մարտիրոսի դէմքին վրայ եւ անոր շնորհած՝ սովորականէն տարբեր տեսք ու երանգ: Տակաւին երէկ գիշեր երազին մէջ հանդիպած էր իր հին ուսուցիչին: Որքա~ն ուրախացած էր զայն երազին մէջ տեսած ըլլալուն:
Դիպուա՞ծ էր, թէ՞ հոգեկան կապ: Չկրցաւ ճշդել:
Թէեւ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին, ճակատագրի դերը մեծ եղած էր, սակայն այս օտարութիւնը, այս հսկայ երկիրը, զինք իր ճանկերուն մէջ բռնած էր կարծես, եւ ամէն վայրկեան պատրաստ՝ իր հոգեխառն յուշելը լափելու զանոնք առյաւէտ կուլ տալու:
Ահա՝ անհաւասար պաքար մը: Ինք կը հաւատար, որ իր տարիքի մարդիկ յիշողութեամբ միայն կ՚ապրէին: Յուշեր ունենալն ալ ինքնին կը նշանակէր անցեալ ունենալ: Այսպէս թելադրած էր իրեն ի՛ր ուսուցիչը: Անցեալը անբաժան մասնիկ մըն էր մարդու կեանքէն, այսպէս ալ կ՚արդարանար։ Այս յստակ նշան մըն էր, որ պարոն Մարտիրոս կոչուած մարդը ապրուած կեանք մը ունեցած էր ու այդ ապրուածը, որոշ չափով կը պարտէր հայերէնի իր վաստակաշատ ուսուցիչին՝ պարոն Կարապետին: Աղուոր անկեղծութեան մը ծնունդն էին այս բոլորը: Թէեւ պարոնին ազգանունը մոռցած էր, սակայն հոգ չէր, կարեւորը զայն յիշելն էր:
Վստահ էր, թէ հիմա, գրեթէ ամայի այդ ինքնաշարժին մէջ, մտովի տեղափոխուած էր ուրիշ շրջան, ուրիշ դար, որ միայն իրեն կը պատկանէր: Ինք իր ուսուցիչին հետ էր՝ հին օրերու նման, կոտրտած պատուհաններով դասարանին եւ կամ փոշոտ ու քարքարուտ բակին մէջ: Սկիզբը կը կարծէր, որ այս ապրումներուն փոխանցումը իր շրջապատին համար վարակիչ եւ կամ օրինակելի կրնար ըլլալ: Անոր համար շուտով մը հաւատացած էր երջանկութեան: Սակայն ի տես շրջապատի անտարբերութեան եւ անոնց իւրաքանչիւրին ամէնօրեայ վազվզուքին, մէկ խօսքով՝ սա երկրին արագավազ ու հեւքոտ կեանքին, իր անձնական համոզումը անշահախնդիր կերպով սառեցուցած էր, առանց վշտացնելու եւ վշտանալու: Ապա վերջը, իբրեւ փորձառու մարդ եւ մտածող միտք, ստիպուած կեանքը փնտռած էր իր տան պատերէն անդին: Մեծ հայր ըլլալով մեծ գուրգուրանքով մը նախ փնտռած էր իր թոռներուն ամէնօրեայ ներկայութիւնը իր շուրջ: Անոնց աչքերուն մէջ ինքզինք ուզած էր տեսնել: Անոնց անմեղ մանկութեան մէջ ի՛րը փորձած էր յիշել: Յիշողութիւն մը, որ թէ՛ ձիրք էր եւ թէ՛ շնորհք: Աւելին՝ իրեն համար ժամանակը նոյնն էր: Երէկ եւ այսօր ու նոյնիսկ վաղը, նոյն արեւը ծագած էր կամ պիտի ծագէր ու նոյնպէս ալ մայր պիտի մտնէր: Ու իբրեւ իր մտքի արեւը, իր թոռներէն ետք, հայերէն լեզուի իր տարեց ուսուցիչը միայն մնացած էր: Ան էր, որ ժամանակի անեզրութեան քաջածանօթ ըլլալով կը շարունակէր իրեն հետ եւ իրեն համար ապրիլ:
Եկեղեցի կ՚երթար: Այս հսկայ երկրին մէջ, նոյնիսկ իր տունէն սկսեալ, հաւատքն ու հաւատացեալը իրարու մօտիկ բաներ չէին: Եթէ նոյնիսկ էին, պարզապէս մակերեսային երեւոյթ էին, ձեւական եւ ոչ տպաւորիչ: Իր կարծիքով այս բոլորին պատճառը՝ իրենք զիրենք եկեղեցիէն մեկուսացումն էր մարդոց: Մարդիկ, որոնք գրեթէ անմարդկային ալ դարձած էին իրենց Աստուծոյն առաջ, այս պատճառով ալ անոնք եկեղեցի չէին ուզեր երթալ: Անոնցմէ շատ քիչերը միայն ձեւով մը հաւատարիմ էին կրօնական աւանդութիւններուն: Շատ քիչեր: Ու ինք այս վերջին խումբին կը պատկանէր: Իրեն համար այսօր առաջնահերթն ու էականը այն էր, որ եկեղեցի երթար ու աղօթք մը «ըսել տալ» յիշատակին այն մարդուն, որ իր կեանքին վրայ լոյս սփռած էր: Իր ուսուցիչը, վարժապետը, հայերէնի դասատուն: Մէկը, որ իր հոգին դէպի գիրքերը առաջնորդած էր, միաժամանակ սերունդներ դէպի հարթ ճանապարհ, դէպի լոյս առաջնորդած, անխոնջ եւ անձայն:
Պարոն Մարտիրոս աղմկոտ ինքնաշարժին մէջ, մինակը կ՚ապրէր լոյսի ուրախութիւնը: Եւ հպարտ էր ատոր համար:
Կրկին յիշեց իր կանաչ օրերը: Ակնոցին ետեւ հլուն աչքերը սկսան լողալ: Մտածումները քանի մը անգամներ օրօրուեցան գլխուն մէջ: Այն մտածումները, որոնք սառած յուշերուն ձիւնհալը բերած էին: Յանկարծ վարորդին ձայնը՝ իր նախընտրած կայանի անուան յիշե-ցումով, զինք իր մտածումներէն անջատեց: Իջաւ վար եւ աճապանաքով ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ թաղը:
Մարտիրոս, իր հայ ուսուցիչի առաքելութեան հաւատքէն թելադրուած՝ իր ուսուցիչ պարոն Կարապետը այս տարի եւս պիտի յիշատակուէր հոգեհանգստեան պաշտօնով:
Լոյս մը եւս սփռուած էր պարոն Մարտիրոսի կենաց մատեանին վրայ: