Կիրակի, 15 մայիս 2022-ին միաբան հայրեր եւ դպրեվանեցիներ կատարեցին երեկոյեան ժամերգութիւն եւ անդաստան, որմէ անմիջապէս ետք միաբան հայրերով եւ դպրեվանեցիներով կազմուեցաւ հայրապետական թափօր, որ ուղղուեցաւ մայր տաճարի կողքին, ուր նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, սկիզբ առաւ սրբալոյս միւռոնի պատրաստութիւնը:
Տէրունական աղօթքէն ետք կաթողիկոսը աղօթք առաքեց առ Աստուած, որ միւռոնը դառնայ օրհնութիւն եւ խաղաղաբեր Հայ եկեղեցւոյ, հայրենիքին, սփիւռքին եւ ամբողջ աշխարհին համար: Աղօթքէն ետք վեհափառ հայրապետը սրբալոյս միւռոնի պատրաստութեան կաթսային կրակը վարեց: Ապա կաթողիկոսը իր հայրապետական խօսքը ուղղելով միաբան հայրերուն ու ներկաներուն` ըսաւ, որ այս սրբալոյս միւռոնով եկեղեցւոյ սպասաւորներ պիտի օծուին, մանուկներ մկրտուին եւ հիւանդներ բժշկուին. աղօթող ենք, որ անիկա դառնայ բալասան` հիւանդներուն եւ օրհնութիւն` հայ ազգին ու ժողովուրդին:
Յայտնենք, որ սրբալոյս միւռոնը կը պատրաստուի աւելի քան 40 բոյսերու ու ծաղիկներու հիւթերէ, որոնք միաբան հայրեր եւ դպրեվանեցիներ զանոնք տեղադրեցին կաթսային մէջ: Գլխաւորութեամբ մայր տաճարի լուսարարապետ Կոմիտաս արք. Օհանեանի եւ օգնութեամբ միաբան հայրերուն, ս. միւռոնը 48 ժամ անդադար եփեցաւ աղօթքներով ու սաղմոսասացութիւններով:
Ապա, ս. Միւռոնը եփուելէ ետք, Հայ եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, տեղադրուեցաւ մայր տաճարի ս. խորանին ձախակողմը: 40 օրեր շարունակ այդտեղ մնալէ ետք, ձեռամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, 1 յուլիս 2022-ին պիտի կատարուի միւռոնի օրհնութիւնը: Աւանդաբար օրհնութիւնը կը կատարուի եօթը տարին անգամ մը, որուն կը մասնակցին զանազան երկիրներէ եկած ուխտաւորներ: