Յարգելի հայրենասէր բարեկամ,
Արեւմտահայերէնը հասած է կործանման եզրին, սփիւռքահայութեան զանազան հատուածներուն մէջ հետզհետէ խորացող ձուլման եւ ազգային ինքնութեան կորստեան պատճառով։
Որպէս փրկութեան արմատական միջոց անհրաժեշտ է նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը գերակայ պետական շահ յայտարարէ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ՊԱՀՊԱՆՈՒՄԸ։
Սակայն մեծ ցաւով կը նկատենք թէ՝ մեր հայրենիքին մէջ արեւելահայերէնը նոյնպէս վտանգուած է: Լեզուն ենթարկուած է օտար բառերու խորթ եւ անհարկի ներմուծումներու, աղճատուած է օտար բառերու եւ եզրերու անշնորհք «հայացումներու» հետեւանքով։ Նորօրեայ «հայախօսներն» ու «հայագիրները» աղբամանի վերածած են մեր մայրենին՝ անհասկնալի դարձնելով արեւելահայերէնը։
Լեզուին հասցուած է ու կը հասցուի մահացու հարուած՝ պաշտօնատարներու, լրագրողներու, թղթակիցներու, հաղորդավարներու եւ հեռատեսիլի մեկնաբաններու կողմէ։ Խորթ բառերն ու արտայայտութիւնները կը ներկայացուին ու կ’ընկալուին իբրեւ «հայացած» բառեր։ Օտար բառերու այս սանձարձակ գործածութիւնը կը բացատրուի «ժամանակի նորութիւններու» եւ «աշխարհի հետ կապ պահելու» ոչ-գիտական բացատրութիւններով։
Հետեւաբար, սոյն ստորագրահաւաքով Հայաստանի Հանրապետութեան պատկան մարմիններէն կը պահանջենք՝
Ա.- Անյապաղ կերպով վերականգնել Եզրաբանութեան Յանձնաժողովը եւ անոր տալ բացառիկ լիազօրութիւններ, որպէսզի կանոնակարգէ նոր բառեր ստեղծելու հիմնարար սկզբունքներ
Բ.- Վերջին տասնամեակներուն մուտք գործած օտար եւ զազրահունչ բառերը փոխարինել իսկական հայարմատ բառերով ու եզրերով։
Գ.- Խիստ լեզուական գրաքննութեան ենթարկել եւ հսկողութիւն բանեցնել զանգուածային լրատուական միջոցներու եւ ղեկավար մարմիններու պաշտօնական ելոյթներուն եւ հաղորդագրութիւններուն վրայ, ի պահանջել հարկին խիստ պատիժի ենթարկել անսաստողները։
Դ.- Հեռատեսիլային յաճախակի հաղորդումներով եւ ժողովուրդին սիրելի մտաւորականներուն մասնակցութեամբ սատարել հայերէն նոր բառերու տարածման, եւ քաջալերել մեր հասարակութիւնը որ իբրեւ թէ գործնականութեան եւ դիւրութեան պատրուակով օտար բառեր չգործածեն մեր գեղեցիկ լեզուին մէջ։
Ե.- Յարգել գրական արեւելահայերէնի քերականական եւ շարահիւսական կանոնները, որպէսզի մեր քաղցրահունչ արեւելահայերէնը զերծ մնայ օտար ներխուժումներէ։
Զ.- Պետական շրջանակներու մէջ մերժել եւ արհամարհել այն բոլոր առցանց գրութիւնները, որոնք Հայաստանի քաղաքացիներու կողմէ կ’առաքուին լատինատառ կամ կիւրեղեան (ռուսերէն) տառերով։
Մենք կը հաւատանք որ Հայ ժողովուրդը դրականօրէն կը մօտենայ մեր կոչին եւ բծախնդրութեամբ կ’աջակցի այս նախաձեռնութեան։
Դոկտ. Մինաս Գոճայեան