Գէորգ Պետիկեան
Կրկնութեան գնով ըսեմ, թէ առանց սեփական գիրին ու լեզուին, ազգերը կը չքանան, կ’անհետանան, հայրենիքի մէջ ապրին անոնք կամ իրենց հայրենիքէն դուրս:
Ու բոլորս կը գիտակցինք, թէ հայ դպրոցի կողքին, հայ ուսուցիչն է, որ պահած է եկեղեցին, ազգը, պետութիւնը եւ հայրենիքը:
Ու մեր դպրոցական եւ ուսանողական տարիներու տեւողութեան, դարձեալ բոլորս ալ ունեցած ենք մեր ուսուցիչներն ու ուսուցչուհիները, որոնցմէ կրած մեր ազդեցութիւնները երախտապարտ կերպով կը յիշենք նոյնիսկ մեր յառաջացած տարիքին:
Անոնք էին, որ մեր միտքը բացին, մեր հոգիները ազնուացուցին, մարդկային ու ազգային արժէքներ դրոշմեցին անոնց մէջ: Անոնք էին, որ եկան վսեմին ու բարիին տենչալ սորվեցուցին:
Արդարեւ, ուսուցիչին գործը մարդկութեան չափ հին է: Սուրբ գործ մըն է, ան, որ մեր մէջ միս ու ոսկոր ստացած է 5-րդ դարէն սկսեալ: Ուսուցանելը, գիտութիւն ու արուեստ ըլլալով հանդերձ, կոչում մըն է նուիրում մը, որ պայմանաւորուած է անանձնական սէրով՝ հանդէպ ասպարէզին, աշակերտին ու ազգին: Ան նիւթական շահեր ապահովելու ասպարէզ մը չէ: Չէ եղած երբեք: Եւ ինք ի սկզբանէ ծանօթ է այս մէկուն:
Մեծարել հայ ուսուցիչը, գնահատել անոր կատարած գործը, ամէն առիթով խօսիլ անոր մասին, կը նշանակէ մեծարել ժողովուրդը, հայրենիքը, մայրենին, որքան ալ, երբեմն, ապերախտ դառնայ իր կատարած գործը:
Ապերախտ՝ բայց ոչ անտեսումի արժանի: Ազգանուէր գործ:
Եւ հայ ուսուցիչին մնայուն արժէքը հոս է, որ իմաստ կը ստանայ: Կը բիւրե-ղանայ ան՝ մեր մտքերուն մէջ ու տարիներու ցոյց տուած արդիւնքին հետ եւ այդ արժէքը, հայ ուսուցիչին արժէքը, տեղ կը գրաւէ նաեւ մեր սրտերուն մէջ՝ զայն դարձնելով մեր ապրած կեանքին ամէնէն յարգարժան անձնաւորութիւնը:
Ան է, որ հինէն ի վեր միշտ հաւատացած է, թէ գիր եւ լեզու հայրենիք կը նշանակեն: Ազգ ու ժողովուրդ կը բնորոշեն, կը յաւերժացնեն: Ան հաւատացած է նաեւ, թէ առանց գիրի, առանց լեզուի, մեզի համար փրկութիւն չկայ: Չկայ ազգագոյութիւն: Անժխտելի իրականութիւններ են ասոնք, որոնց բուռն պաշտպանողը ու զանոնք ազգին մէջ արմատաւորողը հինէն ի վեր հայ ուսուցիչը հանդիսացած է:
Ու հայ ուսուցիչուհի մըն է Օր. Թագուհի Աթոքեանը.- հաստատապէս:
Ան թէ՛ դասատու է եւ թէ՛ դաստիարակ:
Ու պատիւ իրեն, իր անհրաժեշտութիւնը կը մնայ եւ պիտի մնայ անժխտելի եւ իր դերակատարութիւնը՝ վճռական:
Կարելի չէ ժխտել, որ այսօրուան պայմաններուն մէջ հայ ուսուցիչին առաքելութիւնը աւելի դժուարացած ու բարդացած է: Այսօր մեր բոլորին պայմանները նոյն չեն ինչ որ էին մօտիկ կամ հեռու անցեալին:
Բայց … կրնաք փաստել, թէ անոր առաքելութիւնը մնացած է նոյնը: Որովհետեւ ազգովին կը հաւատանք, որ հայակերտման ազգային մեր ճիգերուն մէջ, մեզի համար իր առաքելութիւնը մեծ զոհողութիւն մըն է, նախքան մասնագիտութիւն ըլլալը եւ նուիրում մը՝ նախքան պաշտօն կամ աշխատանք կոչուիլը:
Հայ ուսուցիչի առաքելութիւնը, անոր՝ հայ աշակերտին հայերէն լեզուն սիրցնելու կոչումին մէջ է: Բացայայտ զմայլանք մը:
Թէեւ ներկայիս չափանիշները խախտած են եւ սկզբունքները արժէքազրկուած: Բայց էականն ու նշանակալիցը պէտք չէ մոռնալ:
Ու ահա այս բոլորէն ետք կրկնելու գնով ըսենք, որ Օր. Թագուհի Աթոքեան հայերէն լեզուի մեծ ուսուցչուհիներէն մէկն է, անկասկած եւ հաստատ, դրական բոլոր նշեալ մակդիրներով:
Փափուկ կարպետի նման բառեր չեն: Ինք ուսուցչուհի մըն է, երկար տարիներու վաստակով։ Այլ խօսքով՝ հայ կրթական համեստ ու ազնիւ մշակ մը։ Արեւներ անցած են իր մազերէն, նոյնիսկ ճերմակին մէջ ուշացած սեւ մազերով։
Ինք հոն, մեր այդ հին քաղաքէն ներս, այդ Սփիւռքի Մայր գաղութ հռչակուած Հալէպի մէջ օրին հաւատացած էր, որ թէ գիր եւ լեզու՝ հայրենիք կը նշանակեն: Ազգ ու ժողովուրդ կը բնորոշեն, կը յաւերժացնեն: Ան նաեւ հաւատացած էր, թէ առանց գիրի, առանց լեզուի, մեզի համար փրկութիւն չկայ: Չկայ ազգագոյութիւն:
Անժխտելի իրականութիւններ են ասոնք, որոնց բուռն պաշտպանողը ու զանոնք ազգին մէջ արմատաւորողը հինէն ի վեր հայ ուսուցիչը հանդիսացած է:
Անոր համար տասնամեակներու վրայ երկարող իր վաստակով մենք բոլորս ալ շնորհապարատ ենք: Ինք ամէն տեղ էր։ Իր աչքերէն կարելի է կարդալ իր անմեղ հոգին եւ մաքուր սիրտը։
Պատահական չէ, որ աշխարհի տարբեր ժողովուրդներ կը պատուեն եւ կը փառաբանեն իրենց սերունդներու դաստիարակները, կերտիչները, ուսուցիչները:
Եւ Օր. Աթոքեանը պատուելը մեր պարտականութիւններէն մէկը պէտք է դասել: Ինք միշտ մեծ դերակատարութիւն ունեցած է սերունդներու դաստիարակու-թեան, կրթութեան եւ իրենց միջավայրերուն ատակ անձնաւորութիւններ կերտելու դժուարին աշխատանքին մէջ:
Եւ ահա պայծառ եւ տիպար անուն մը՝ Թագուհի Աթոքեան, որ բարերար լծակ մըն է սփիւռքահայ մեր ազգային կեանքին մէջ: Աւելին, այնքան ներուժ ու տրոփում ունեցած է իր սիրտը։ Ինքզինք միշտ խորապէս հայ զգացած է եւ տակաւին կը զգայ։
Խօսիլ իր հետ, կը զգաս, կը գտնես պարզութիւնը կեանքին, լուսաւոր ներդաշնակութեամբ։ Իր ձայնին ու բառերուն միջեւ հաճելի բան մը կ՚ուրուագծուի՝ արեւու գոյնին նման պայծառ։ Բայց միշտ իր ներսին ունի խուճապը, հայկականու-թիւն կոչուած տագնապին։
Թէեւ ճակտին վրայ խորշոմներ ունի. բայց ոչ սրտին։
Ունի շատ գիտակից համոզումներ իր ազգին, գաղութին, մարդկութեան ու հայրենիքը հետաքրքրող եւ տագնապեցնող հարցերու մասին։ Միշտ հպարտ է իր ժողովուրդի ստեղծածով։ Իր կեանքն ու արժէքը կապած է իր գաղութին ու մանաւանդ հայրենիքի կեանքին։ Շատ յաճախ տագնապած է, մտահոգուած է, խանդավառուած է, բայց երբեք չէ յուսահատած։
Իր հետ խօսելով, միշտ գտած եմ պարզութիւնը իր կեանքին։
Իր ամբողջ կեանքը իր աշակերտներն ու իր սրբազան գործն է եղած։ Ուսուցանել։ Դաստիարակել։ Իր սիրտը եղած է մշտական նուիրում, իսկ ցար
մատուցած կեանքը՝ անսակարկ զոհաբերում, յանուն նոր սերունդի դաստիարակութեան։
Ահա արդար եւ իրաւ վկայութիւնը իր աշխատանքին։ Այս բոլորը անկասկած, մեր ինքնութեան հաւատարիմ մնալու կանչ մըն է։
Անկասկած, իբրեւ տարիներու վաստակ ունեցող կրթական մշակ Հալէպահայութիւնը, այս բոլորով հանդերձ իր մէջ մեծ հիացում մը ունի: Ունի յարգանք եւ երախտապարտ գնահատանք
Չեմ գիտեր ուրիշ ի՞նչ անուն կրնամ տալ՝ Օր. Թագուհի Աթոքեանին բայց միայն՝ մեծ ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻ տիսղոսը:
Ուստի, վարձքդ կատար Յարգելիս:
Գէորգ Պետիկեան
Լոս Անճելըս
9 Մարտ, 2019