Թագուհի Աթոքեան
Մարդկային կեանքը բարդ է ու խրդին: Ան կը բաղկանայ մարդկային երկու խաւերէ:
Առաջին խաւը, որ կը կազմէ որոշ մէկ հատուածը մարդկութեան, աշխարհ կու գայ ապրելու աննպատակ, յիշատակելի ոչինչ ձգելով իր ետին եւ ինչու չէ աշխարհը կը լեցնէ չարիքով, մարդկութեան հասցնելով մեծ վնաս: Անոնց համար կեանքը լոկ խաղավայր մըն է, ուր կու գան կարծես զուարճանալու եւ բաւարարուելու հոգեպէս:
Երկրորդ խաւը՝ իրենք են որ կ’իմաստաւորեն եւ կ’արժեւորեն իրենց կեանքը իրենց հասարակական գործունէութեամբ, բարերարութեամբ եւ տքնաջան աշխատանքով, որոնցմով հոգեկան գոհացում կը ստանայ մարդ արարածը: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր ուղին, որով կ’առաջնորդուի կեանքի մէջ:
Պրն. Գէորգ Աթոքեանը կը պատկանի մարդկային երկրորդ փաղանգին, որոնք արժեւորեցին իրենց կեանքը մարդկային ապրելակերպի զանազան միջոցներով, արուեստի եւ արհեստի, գրական եւ գիտական զանազան ոլորտներէն ներս:
Դժուար է եւ ցաւատանջ կորսնցնել կեանք մը առլի գիտելիքներով՝ հիմնուած խղճամտութեան, մարդկային բարօրութեան եւ մտային զարգացման վրայ:
12 երկար տարիներ անցան Պրն. Գէորգ Աթոքեանի մահուան եւ տակաւին կը դժուարանամ հաշտուելու դառնակսկիծ պատահարին հետ եւ ինծի կը թուի, թէ երէկ էր, որ պատահեցաւ այդ չարաղէտ դէպքը: Արդարեւ որքան ժամանակը հեռանայ մեզմէ, այնքան կը սաստկանայ կորուստին զգացումն ու ցաւը մեր սրտին ու հոգիին մէջ:
Այո՛ 12 երկար տարիներ բոլորեցին այն օրէն, երբ յաւէտ բաժնուեցաւ մեզմէ մարդկային եւ ընկերային բարեմասնութիւններով օժտուած տիպար ուսուցիչ եւ նուիրեալ անձնաւորութիւն Պրն. Գէորգ Աթոքեանը: Անոր վաղահաս եւ դառնաղէտ մահը խոր յուզում ու կսկիծ պատճառեց ոչ միայն անմիջական հարազատներուն եւ գաղափարակից ընկերներուն մօտ, այլեւ հալէպահայ կրթական եւ մշակութային ոլորտէն ներս գործող պատասխանատուներուն, յատկապէս գաղութիս երեք ճեմարաններու ուսանողութեան, որոնք իրենց անգլերէն լեզուն ու գրականութիւնը իւրացնելու համար զինք կը փնտռէին անպայման:
35 տարիներ անընդմէջ ան Կիլիկեան Ճեմարանէն ներս, անգլերէն լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդեց, ուր միաժամանակ անգլերէն լեզուով գիտական եւ գրական դասագիրքեր պատրաստելով օգտակար հանդիսացաւ շրջանաւարտ ուսանողութեան: Անոր ուսանողները փայլուն արդիւնքներով կը յաջողէին, պետական պաքալորիայի քննութիւններուն:
Ողբացեալ Պրն. Գէորգ Աթոքեան գրած է նաեւ հայրենասիրական բնոյթ կրող թատերգութիւններ, որոնք հայկական եւ արաբական ազատագրական պայքարները
կը նկարագրէին: Այս թատերգութիւնները որպէս նիւթ կ’ընդգրկէին պաղեստինեան դատն ու պայքարը եւ անոնց ջարդը, մասնակի նմանցնելով հայկական ցեղասպանութեան:
Ճեմարանի «Կայծեր- Sparks» խորագիրով ուսանողական պարբերաթերթը եռալեզու հայերէն-արաբերէն-անգլերէն խմորատիպ՝ խմբագրած է երկար տարիներ: Եւ վերջապէս, հմուտ դաստիարակի համբաւը, զինք դարձուցած էր ուսանողութեան կողմէ փնտռուած եւ լիարժէք յարգանքի արժանի ուսուցիչ մը:
Անգլերէն լեզուի դասաւանդութեան կողքին ան մեծ կարեւորութեամբ կը հետեւէր նաեւ ուսանողին հայերէն լեզուին՝ զանազան միջոցներով: Ան կը կազմակերպէր ձեռնարկներ, ուր կը բեմադրէր թատերախաղեր հայերէն լեզուով, ինչպէս՝ Յակոբ Պարոնեանին «Ալաֆրանկան» եւ անծանօթ հեղինակի մը պատկանող «Աղջիկտեսը»՝ եւ այլն:
Առիթներով կը կազմակերպէր մրցումներ երեք լեզուներով՝ հայերէն անգերէն եւ արաբերէն ու կը պարգեւատրէր առաջնութիւն շահողը: Ան գիտէր ինչպէս պիտի վարուի ուսանողին հետ եւ երեւան հանէ անոր թաքուն տաղանդը, ձիրքը եւ զարգացնէ զայն գեղարուեստական փորձերով: Այսօր քաղաքիս մէջ ե՛ւ պատերազմի պատճառով օտար երկիրներու մէջ հաստատուած երգիչներ կ’աշխատին, որպէս արուեստագէտներ, որոնք տեղ հասած են շնորհիւ իր հետապնդումին եւ քաջալերանքին իրենց ուսանողական տարիներուն:
Պրն. Գէորգ Աթոքեանը ունեցած է նաեւ ազգային-հասարակական եւ մշակութային
երկարամեայ բեղուն գործունէութիւն: Օրինակելի եւ բոլորանուէր իր աշխատանքներով, գաղութիս հայ եւ արաբ շրջանակներու մէջ բացառիկ յարգանք կը վայելէր, որպէս շրջահայեաց եւ հաւասարակշռուած անձնաւորութիւն:
Իր անշահախնդիր եւ վեհանձն ծառայութիւններու որպէս արդիւնք ան ներգրաւուած էր Ուրֆայի Վերածնունդ Մշակութային եւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան շարքերը, ուր ստանձնած պաշտօնները նախանձախնդրութեամբ եւ ձեռնհասօրէն վարած է:
Իբրեւ ընկերվարական գաղափարախօսութեան ջերմերանդ հաւատացող, ուր որ ալ գտնուած է ան, միշտ բարձր պահած է պատկանած կազմակերպութեան վարկն ու դրօշը:
Արդարեւ վաղահաս դաժան մահը անժամանակ խլեց մեզմէ Պրն. Գէորգ Աթոքեանը յաւիտենականութեան գիրկը տանելով զինք, մինչդեռ անոր կրթական եւ միութենական փորձառութենէն կարելի էր օգտուիլ տակաւին:
Մենք 12 տարիներ առաջ հողին յանձնեցինք անոր մարմինը, սակայն անոր բազմաբնոյթ ծառայութիւնները եւ պայծառամիտ ընկերային գաղափարները, անմար պիտի մնան մեր սրտերուն մէջ
Յարգանք՝ բիւր յարգանք իր հողաթումբին:
Հանգիստ անոր յոգնատանջ ոսկորներուն: