Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի կարծիքով, արդար դատական համակարգի կայացումը, տնտեսութեան բարելաւումը, մենաշնորհներու վերացումը գործնական քայլեր են, որոնք կրնան խթանել հայրենադարձութիւնը:
«Այսինքն` պետութիւնը, հասարակութիւնը պէտք է պատրաստ ըլլան հայրենադարձութեան: Բացառութեամբ ուժային իրավիճակներու, եթէ Հայաստանը կարենայ ապահովել լուրջ թիւերով հայրենադարձութիւն, ատիկա ինքնին կը խօսի պետականութեան կայացման, ուժեղացման, նաեւ կառավարման յաջողութեան մասին:
Իսկ այս ամէնուն համար նախեւառաջ մենք պիտի դիւրինացնենք հարենադարձուելու գործընթացը, վերցնենք արհեստական խոչընդոտները, բարելաւենք օրէնսդրական դաշտը: Ինչ խօսք, հայրենադարձութիւն արդէն գոյութիւն ունի, սկսած է, անիկա հսկայական ծաւալներու չի հասնիր, բայց մարդիկ կու գան, եւ իմ օրինակը կրնայ ոգեշնչել: Հայրենադարձութեան պատրաստուելու համար պէտք է հիմնաւորապէս ուսումնասիրենք միջազգային փորձը:
Սփիւռքը կ՛ուզէ մասնակցիլ Հայաստանի կեանքին, մենք պիտի գտնենք ճիշդ, արդիւնաւէտ ճանապարհները, եւ, բնականաբար, այս ընթացքին Հայաստանի մէջ արդար, մարդակեդրոն, Հայաստանակեդրոն, քաղաքացիակեդրոն հասարակարգի ստեղծումը կարեւորագոյն նախապայման է»,- ըսած է ան «Հայաստանի Հանրապետութիւն» օրաթերթին տուած հարցազրոյցի ժամանակ: