Լեւոն Շառոյեան (Հալէպ)
Կար ժամանակ, երբ սփիւռքի տարածքին լոյս կ՛ընծայուէին աւելի քան 15 հայատառ օրաթերթեր:
Այդ օրաթերթերը ունէին իրենց հաւատարիմ աշխատակիցներն ու նո՛յնքան հաւատարիմ ընթերցողները, որոնք պատկառելի թիւ մը կը ներկայացնէին: Զորօրինակ, Բ. Աշխարհամարտի նախօրէին Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթին տպաքանակը 5000-ի շուրջ եղած է:
Քանի սահեցան տասնամեակները, հայախօսութեան նահանջին ու հայերէն ընթերցումի չքացումին զուգահեռ՝ թուլցան ու տկարանալ սկսան նաեւ մեր օրաթերթերը: Նախ՝ բաժանորդներու թիւը հետզհետէ պակսեցաւ: Յետոյ՝ հին շրջաններու որակաւոր աշխատակիցները մի առ մի հեռացան այս աշխարհէն…: Հմուտ ու հայկաբան խմբագիրներ ալ չմնացին, հետեւաբար տուժեց թերթին բովանդակութիւնը: Լեզուն կորսնցուց իր փայլքը, սխալագրութիւնները լայն չափերով ողողեցին թերթերուն էջերը…: Միւս կողմէ՝ տնտեսական նեղութիւնները եւս սկսան սպառնալ հայ թերթերու գոյութեան: Այս բոլորին որպէս հետեւանք, բնականաբար, մեր օրաթերթերէն շատեր կա՛մ շաբաթաթերթի վերածուեցան ակամայ, կա՛մ ալ վերջնականապէս փակեցին իրենց խմբագրատուներուն դռները…:
Ուշագրաւ օրինակ մը տուած ըլլալու համար ըսենք, որ 2002-2012-ի տասնամեակի ընթացքին Փարիզի ստուարաթիւ հայութեան սառն հայեացքին առջեւ իրերայաջորդ կերպով դադրեցան տեղական երեք հայերէն թերթեր՝ 17-ամեայ «Կամք» օրաթերթը, 84-ամեայ «Յառաջ» օրաթերթը եւ 52-ամեայ «Աշխարհ» շաբաթաթերթը:
Այսօր, ամբողջ սփիւռքի տարածքին լոյս կը տեսնեն լոկ 9 հայատառ օրաթերթեր: Ասոնցմէ երեքը՝ Պէյրութ, երկուքը՝ Պոլիս, մէկը՝ Գահիրէ, մէկը՝ Թեհրան, մէկը՝ Աթէնք եւ մէկն ալ՝ Լոս Անճելըս: Այս ցանկին վրայ կրնանք աւելցնել Փարիզի «Նոր Յառաջ»-ը, որ երկօրեայ է, լոյս կ՛ընծայուի շաբաթը երեք անգամ:
Այս օրաթերթերը, գրեթէ բոլորն ալ, ունին իրենց կայքէջերը ու ձրիաբար կը սպասարկեն հայ ընթերցողին՝ առանց դոյզն ակնկալութեան: Եւ սակայն… հայորդիներու (մա՛նաւանդ երիտասարդ խաւի) ջախջախիչ տոկոսը չի հետաքրքրուիր այս կայքէջերով, պահանջք չի զգար հայ բարբառով լուր կամ յօդուած կարդալու:
Կար ժամանակ, երբ նշանաբանի վերածուած էր «Հայ թերթը ընկերն է հայ տան» արտայայտութիւնը: Մեր ետի՛ն մնացին այդ երջանիկ օրերը: Այսօր, հայ մարդը, հայ համալսարանականը կամ հայ ուսանողը հայերէն թերթ կարդալէ կը խուսափի, որովհետեւ ՀԵԶԱՍԱՀ ԿԱՐԴԱԼ ՉԻ ԿՐՆԱՐ, հայերէն ընթերցումի լուրջ դժուարութիւններ ունի: Այո՛, թերեւս հայկական վարժարանէ մը շրջանաւարտ է ան, սակայն ընթերցումի մշակոյթը չէ ցանուած իր մէջ, կամ գուցէ հրապուրիչ ու շահեկան չի գտներ հայաշխարհի լուրերը, կամ… ժամանակ չունի եւ այլն, եւ այլն:
Փա՜ռք Տիրոջ, որ տակաւին ինը օրաթերթ ունինք մեր ծոցին մէջ:
Դուք ասոնցմէ մէկն ու մէկը կը կարդա՞ք ամէն օր: