ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ըստ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Սփիւռքի հարցերով զբաղող պաշտօնեան պէտք չէ նախարար ըլլայ, որպէսզի այլ պարտականութիւններ չունենայ երկրին մէջ: Այդ հարցերով զբաղող պաշտօնեան պէտք է յաճախ եւ երկար ժամանակով գտնուի արտասահման եւ շփուի հայ համայնքներուն հետ:
Կառավարութեան ծրագիրի կատարման ընթացքին եւ արդիւնքներու մասին զեկոյցի ներկայացման ընթացքին Փաշինեան բացատրեց, թէ, ըստ իրեն, Սփիւռքի նախարարի գործառոյթը ինչով արդիւնաւէտ չէ Սփիւռքի հետ նոր յարաբերութիւն հաստատելու առումով: Կառավարութեան անդամ ըլլալով՝ նախարարը կ՛ունենայ բազմաթիւ պարտականութիւններ՝ կառավարութեան նիստերուն ներկայանալու եւ այլն: «Այսինքն՝ ինքը Հայաստանում ամէնօրեայ գործի, նախարարի կարգավիճակից բխող շատ պարտականութիւններ ունի: Եւ իմ առաջին միտքն այն է, որ Սփիւռքով զբաղուող երկրի թիւ մէկ պաշտօնեան պէտք է այդ կարգի պարտականութիւններից ազատուած լինի, որ աւելի շատ ժամանակ տրամադրի Սփիւռքին: Օրինակ՝ նախարարը չի կարող գնալ եւ ենթադրենք 15 օր Հայաստանից դուրս մի տեղ մնալ եւ մի համայնքի հետ այդքան աշխատել, քանի որ նա նախարար է, ունի պարտականութիւններ, տեղում թղթեր պէտք է ստորագրի, նիստի օրակարգում գտնուող հարցերի հետ կապուած կարծիք պէտք է արտայայտի», ըսաւ Փաշինեան:
Սփիւռքի հարցերու գլխաւոր յանձնակատարը կրնայ երթալ եւ 20 օր մնալ, օրինակ՝ Փարիզ եւ հայ համայնքի հետ հանդիպումներ ունենալ, ըսաւ Փաշինեան: